Որոնել

2026.04.07 LOGO Viaggio apostolico del Santo Padre Leone XIV in Spagna

Հրապարակուեցան Սրբազան Պապին Սպանիայի այցելութեան նշանաբանը եւ կարգախօսը

Վատիկանի Մամուլի Գրասենեակը հրապարակեց Լեւոն ԺԴ. Պապի Սպանիայի այցելութեան պաշտօնական նշանաբանը եւ Յովհաննէսի Աւետարանէն առնուած կարգախօսը՝ «Բարձրացուցէ՛ք ձեր աչքերը», որոնք անոր պիտի ընկերանան Մատրիտ, Պարսելոնա եւ Քանարեան կղզեխումբ կատարած ճամբորդութեան ընթացքին։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Երեքշաբթի 7 Ապրիլին, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հրապարակեց Լեւոն ԺԴ. Պապին Սպանիայի առաքելական ճամբորդութեան նշանաբանը եւ կարգախօսը։ Այս վերջինս քաղուած է Յովհաննէսի Աւետարանի չորրորդ գլուխէն (համար 35) «Alzad la mirada - Բարձրացուցէ՛ք ձեր աչքերը»։

Ընտրուած կարգախօսը՝ կոչ մըն է՝ բարձրացնելու հայեացքը առօրեայ մտահոգութիւններէն անդին՝ Աստուծոյ ներկայութիւնը վերագտնելու եւ ուրիշներուն բացուելու համար։ Ան յոյսի եւ խորհրդածութեան հրաւէր մըն է, որ կը քաջալերէ չփակուիլ ինքն իր մէջ, այլ վերագտնել միութիւնը, գեղեցկութիւնը եւ սէրը՝ որպէս համատեղ կեանքի շօշափելի նշաններ։ Այս «աչքերը բարձրացնելու» շարժումին մէջ կը դրսեւորուի նաեւ այն վերաբերմունքը, որով Սպանիոյ Եկեղեցին կը դիմաւորէ Սրբազան Քահանայապետին այցելութիւնը՝ բաց սրտով եւ միասին քալելու պատրաստակամութեամբ։

Մինչ այցելութեան նշանաբանը կառուցուած է որպէս շարժման մէջ գտնուող բաց շրջանակ մը, կազմուած իրարու միացած եւ դէպի վեր ուղղուած մարդկային կերպարներէ։ Այս կազմը կ՛ արտայայտէ համայնք, հանդիպում եւ փոխադարձ աջակցութիւն։․Անիկա միայն միասին ըլլալ չէ, այլ միասին քալել՝ դէպի ընդհանուր նպատակ մը։ Կեդրոնը դրուած Սուրբ Կոյս Մարիամը կը ներկայացնէ շարժումին սիրտը՝ մայրական ներկայութիւն մը, որ կ՛ ընդունի եւ հայեացքները կը դարձնէ դէպի Աստուած, որպէս միութեան եւ յոյսի նշան ամբողջ ժողովուրդին համար։

Սպանիա այցելութեան ընթացքին Լեւոն ԺԴ. նախ պիտի այցելէ Մատրիտ, ապա պիտի ուղղուի Պարսելոնա՝ Պենետիկտոս ԺԶ-էն 16 տարիներ ետք, ուր բացումը պիտի կատարէ եւ պիտի օրհնէ Սակրատա Ֆամիլիայի նոր եւ ամենաբարձր աշտարակը, այն հսկայ տաճարին աշտարակը, որ նախագծուած եւ մասամբ կառուցուած է Անթոնիօ Կաուտիի կողմէ։

Այս այցելութիւնը կը զուգադիպի նաեւ մեծ ճարտարապետին մահուան 100-ամեակին (Յունիս 10, 1926), որ անցեալ տարի հռչակուեցաւ «Աստուծոյ ծառայ»։ Պարսելոնայի մէջ, Յունիս 9-էն 12-ը, պիտի կայանայ նաեւ Միջերկրականի եպիսկոպոսներու հանդիպումը։ Ապա Սրբազան Պապը պիտի մեկնի Քանարեան կղզեխումբ՝ կանգ առներով Թեներիֆէի եւ Կրան Քանարիայի մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/04/2026, 12:44