Որոնել

Pope Leo XIV holds general audience at the Vatican

Եկեղեցին «անձև զանգուած» մը չէ, այլ պտղաբեր յարաբերութիւն աշխարհականներու և քահանաներու միջև. Լեւոն ԺԴ.

Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ կայացած հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան ընթացքին Լևոն ԺԴ-ը շարունակելով «Lumen gentium»-ի վերաբերեալ խորհրդածութիւններու շարքը՝ կենտրոնացաւ աշխարհականներու առաքելութեան պատասխանատուութեան վրայ՝ վկայելու համար խաղաղութիւնն ու արդարութիւնը աշխատավայրերու և քաղաքացիական հասարակութեան մեջ։ «Սա հրաւէր է ըլլալու «դէպի դուրս Եկեղեցի մը» որու մասին խօսած է Ֆրանչիսկոս» Պապը
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Չորեքշաբթի` մէկ Ապրիլ 2026-ին Լեւոն ԺԴ. Պապը Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ գլխաւորեց չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւնը, որուն առիթով շարունակեց խորհրդածել Վատիկանեան Տիեզերական Բ. Ժողովի «Lumen gentium» սահմանադրութեան վրայ, յատկապէս մեկնաբանելով չորրորդ գլուխը, որ կը խօսի աշխարհականներու մասին։

Կայ միայն Աստուծոյ մէկ ժողովուրդ, որ ընտրուած է իր կողմէ

«Բոլորս կը յիշենք` որ Ֆրանչիսկոս Պապը կը սիրէր ըսել `որ «Աշխարհականները պարզապէս կը կազմեն Աստուծոյ ժողովouրդին մեծամասնութիւնը։ Եւ անոնց ծառայութեան ի սպաս կայ փոքրամասնութիւն մը. «ձեռնադրուած հոգևորականները» (Առաք. Յորդ. Evangelii gaudium, 102)» ըսաւ Սրբազան Պապը եւ աւելցուց. «Փաստաթուղթին այս մասը դրական կերպով կը բացատրէ աշխարհականութեան բնոյթն ու առաքելութիւնը»։ Ան ապա նշեց` որ Ժողովը կը յիշեցնէ, որ «կայ միայն Աստուծոյ մէկ ժողովուրդ, որ ընտրուած է իր կողմէ. “մէկ Տէր, մէկ հաւատք, մէկ մկրտութիւն” (Եփ 4,5)․միասնական է անդամներուն արժանապատուութիւնը՝ Քրիստոսի մէջ իրենց վերածնունդով, միասնական է որդեգրութեան շնորհքը, միասնական է կատարելութեան կոչումը․ կայ միայն մէկ փրկութիւն, մէկ յոյս եւ անբաժանելի սէր» (LG, 32)։

Քրիստոնեայ հաւատացեալները, մասնակցին Քրիստոսի գործառոյթներուն

«Բնականօրէն որքան աւելի մեծ է պարգեւը, այնքան աւելի մեծ է յանձնառումը» ըսաւ Սրբազան Պապը նկատել տալով` թէ «ասոր համար Ժողովը, արժանապատուութեան հետ միասին, կ՛ընդգծէ նաեւ աշխարհականներու առաքելութիւնը Եկեղեցւոյ ու աշխարհին մէջ.... աշխարհական անունով նկատի կ՛առնուին քրիստոնեայ հաւատացեալները, որոնք «մկրտութեամբ միացած Քրիստոսին», իրենց ձևով կը մասնակցին «Քրիստոսի քահանայական, մարգարէական և թագաւորական գործառոյթներուն» և կ՛ իրականացնեն «ամբողջ քրիստոնեայ ժողովուրդի առաքելութիւնը» (LG, թիւ 31), ըսաւ ապա Ան յիշելով Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ. «Christifideles laici» յորդորագիրի խօսքերը, որուն մէջ ան նշած էր, որ Վատիկանեան Բ. Տիեզերական Ժողովը խորապէս արժեւորեց աշխարհական հաւատացեալները` անոնց արժանապատւութիւնը, կոչումը, առաքելութիւնը եւ Եկեղեցւոյ մէջ պատասխանատուութիւնը։

Բոլոր աշխարհականները կոչուած են գործնական կերպով մասնակցելու Եկեղեցւոյ առաքելութեան

Բոլոր աշխարհականները կոչուած են գործնական կերպով մասնակցելու Եկեղեցւոյ առաքելութեան, աշխատելով Քրիստոսի «այգիին» մէջ, եւ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ. զօրեղ կերպով ամրապնդեց այդ առաքելական յանձնառութիւնը. որ խթանուած էր Տիեզերական Ժողովի կողմէ, նշեց ի միջի այլոց Սրբազան Քահանայապետը, դիտել տալով` թէ յառաջիկային յատուկէն պիտի անդրադառնայ այս նիւթին։

Բոլորս ալ կոչուած ենք ըլլալու աշակերտ միսիոնարներ, Աւետարանի առաքեալներ

«Աշխարհականներու առաքելութեան լայն դաշտը չի սահմանափակուիր միայն Եկեղեցւոյ շրջանակով, այլ կը տարածուի դէպի աշխարհ։ Եկեղեցին ներկայ է ամէնուր, ուր իր զաւակները կը դաւանին եւ կը վկայեն Աւետարանը՝ աշխատավայրերու մէջ, քաղաքացիական հասարակութեան մէջ եւ բոլոր մարդկային յարաբերութիւններուն մէջ.... Աշխարհը պէտք ունի «լեցուելու Քրիստոսի հոգիով եւ աւելի արդիւնաւէտ կերպով հասնելու իր նպատակին՝ արդարութեան, սիրոյ եւ խաղաղութեան մէջ» (LG, 36)։ Եւ այս կարելի է միայն աշխարհականներու ներդրումով, ծառայութեամբ եւ վկայութեամբ», ըսաւ հուսկ Լեւոն ԺԴ. վերյիշելով Ֆրանչիսկոս Պապին «դէպի դուրս Եկեղեցի» խօսքը եւ հաստատելով` որ բոլորս ալ կոչուած ենք ըլլալու աշակերտ միսիոնարներ, Աւետարանի առաքեալներ, Աստուծոյ Արքայութեան վկաները, Յիսուս Քրիստոսի ուրախութիւնը կրողները։

Ըլլանք Յարութեան վկաները

Եղբայրներ եւ քոյրեր Սուրբ Զատիկը` զոր կը պատրաստուինք տօնախմբել մեր թող մէջ նորոգէ շնորհքը, Մարիամ Մագդաղենացիի, Պետրոսի եւ Յովհաննէսի նման ըլլալու Յարութեան վկաները։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/04/2026, 10:18

Վերջին ունկնդրութիւնները

Կարդալ բոլորը >