Որոնել

Աստուած բաժնող եւ սպանող մեղքի կարծրութեան կը պատասխանէ սիրոյ զօրութեամբ, որ կը միացնէ եւ կեանք կը պարգեւէ. Լեւոն ԺԴ.

Քոյրեր եւ եղբայրներ, նաեւ մեր օրերուն չեն պակսիր բացուելիք գերեզմաններ, եւ շատ անգամ զանոնք փակող քարերը այնքան ծանր եւ խիստ հսկուած են, որ անշարժելի կը թուին։ Ոմանք կը ճնշեն մարդը իր սրտին մէջ, ինչպէս անվստահութիւնը, վախը, եսասիրութիւնը, վիրաւորանքը. ուրիշներ, որոնք անոնց ներքին հետեւանքներն են, կը խզեն մեր միջեւ կապերը, ինչպէս պատերազմը, անարդարութիւնը, ժողովուրդներու եւ ազգերու միջեւ փակուածութիւնը։ Չթողունք, որ անոնք մեզ կաթուածահար ընեն։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ` 4 Ապրիլի երեկոյեան ժամը ինին, Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը Սուրբ Պետրոս պազիլիքային մէջ գլխաւորեց Աւագ Շաբաթ Օրուայ Տէրն մեր Յիսուսի Քրիստոսի Յարութեան տօնի հսկումի արարողութիւնը որուն ընթացքի տեղի ունեցան Լուսաւորութեան, Խօսքի, Սուրբ Մկրտութեան մատակարարումի եւ Սուրբ Հաղորդութեան խորհուրդի կարգերը։

Այս առիթով իր արտասանած քարոզին մէջ Նորին Սրբութիւնը խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց Յարութեան իմաստին վրայ որ քրիստոնէական հաւատքին սիրտն է։

Լոյսի Հսկում

«Այս հսկումը լոյսի հսկում է» յարեց Սրբազան Պապը ակնարկելով Զատկական մոմին որ խորհրդանիշն է Յարուցեալ Քրիստոսի լոյսին, որմէ հաւատացեալները վարեցին իրենց մոմերը եւ որ «Եկեղեցին կը միացնէ աշխարհի լապտերներուն» ըսաւ Սրբազան Պապը բացատրելով նաեւ թէ այս արարողութեամբ յիշատակը կը կատարուի «մահուան վրայ կեանքի Տիրոջ յաղթանակին»։

Քահանայապետը առ այդ ակնարկեց արարողութեան ընթացքին կատարուած սուրբ գրային ընթերցումներուն որոնցմէ ի յայտ կու կայ որ Աստուած երբեք մարդկութիւնը չի լքեր, ոչ ալ մեղքի եւ ձախողութեան պարագային, այլ կը շարունակէ նուիրեց ներում, ողորմութիւնը եւ նոր հնարաւորութիւններ։

Աստուած մեղքի կոշտութեան կը պատասխանէ սիրոյ զօրութեամբ

Այսպիսով ստեղծագործութենէն մինչեւ Իսրայէլի ժողովուրդի ազատագրումը եւ մարգարէներուն խօսքերը, կը գծուի հաշտութեան շարունակական ճանապարհ մը որ իր գագաթնակէտը կը գտնէ Քրիստոսի Զատիկին մէջ` անոր մահուան ու յարութեան ընդմէջէն որով մարդկութիւնը կանչուած է նոր կեանքի մը, որ ազատուած մեղքի բեռէն բաց է Աստուծոյ հետ հաղորդութեան։

«Պատմութեան բոլոր պահերուն մէջ տեսանք, թէ ինչպէս Աստուած, այն մեղքի կոշտութեան դէմ, որ կը բաժնէ եւ կը սպաննէ, կը պատասխանէ սիրոյ զօրութեամբ, որ կը միացնէ եւ նոր կեանք կու տայ» ըսաւ Սրբազան Պապը եւ մատնանշեց Յարութեան դրուագին հայող աւետարանական հատուածին որ ի յայտ կը դնէ կիներուն քաջութիւնը որոնք հակառակ վախին, կը դառնան մահուան վրայ կեանքի յաղթանակին առաջին վկաները։

Յիսուսին գերեզմանը այցելող կիներուն քաջութիւնը

«Անոնք կ’ուզէին երթալ Յիսուսի գերեզմանը։ Կը սպասէին զայն գտնել փակուած՝ մուտքին վրայ մեծ քար մը դրուած եւ զինուորներ, որոնք պահակութիւն կ՛ ընէին։ Ասիկա է մեղքը՝ ծանր ու մեծ արգելք մը, որ կը փակէ մեզ եւ կը բաժնէ Աստուծմէ՝ փորձելով մեր մէջ մեռցնել անոր յոյսին Խօսքերը» ըսաւ ապա Քահանայապետը դիտել տալով թէ ինչպէս անոնք «երկրաշարժին ու տապալած քարին վրայ նստած հրեշտակին մէջ տեսան` Աստուծոյ սիրոյ զօրութիւնը որ աւելի զօրաւոր է քան որեւէ չարի ուժի ու կարող է փառատել ատելութիւնը եւ տապալել հզօրներու կարծրութիւնը»։

Այս կիներուն մէջ կը ցոլայ հաւաքի եւ սիրոյ ուժը որ աւելի մեծ է քան որեւէ պատնէշ, յարեց ի միջի այլոց Լեւոն ԺԴ. հրաւիրելով բոլոր հաւատացեալները դառնալու վկաները բարի լուրին. Քրիստոս յարեաւ եւ Անոր հետ կարելի է կառուցել նոր աշխարհ մը, որ հիմնուած է խաղաղութեան, միութեան եւ եղբայրութեան վրայ։

Նորին Սրբութիւնը հուսկ յատուկ հրաւէր ուղղեց նաեւ նոր մկրտեալներուն որոնք արարողութեան ընթացքին պիտի մօտենան Սուրբ Մկրտութեան Խորհուրդին սկսելով  Քրիստոսի մէջ նորոգուած նոր կեանք մը, զանոնք եւս հրաւիրելով հռչակելու Քրիստոսը։

Այսօրուան բացուելիք գերեզմանները

«Քոյրեր եւ եղբայրներ, նաեւ մեր օրերուն չեն պակսիր բացուելիք գերեզմաններ, եւ շատ անգամ զանոնք փակող քարերը այնքան ծանր եւ խիստ հսկուած են, որ անշարժելի կը թուին։ Ոմանք կը ճնշեն մարդը իր սրտին մէջ, ինչպէս անվստահութիւնը, վախը, եսասիրութիւնը, վիրաւորանքը. ուրիշներ, որոնք անոնց ներքին հետեւանքներն են, կը խզեն մեր միջեւ կապերը, ինչպէս պատերազմը, անարդարութիւնը, ժողովուրդներու եւ ազգերու միջեւ փակուածութիւնը։ Չթողունք, որ անոնք մեզ կաթուածահար ընեն։ Դարերու ընթացքին շատ մարդիկ եւ կիներ, Աստուծոյ օգնութեամբ, այդ քարերը գլորեցին հեռու՝ երբեմն մեծ ջանքով, երբեմն ալ կեանքի գնով, բայց այնպիսի բարի պտուղներով, որոնցմէ մինչեւ այսօր կ՛օգտուինք։ Անոնք անհասանելի անձեր չեն, այլ մեզի նման մարդիկ են, որոնք, յարուցեալին շնորհքով զօրացած, սիրոյ եւ ճշմարտութեան մէջ, քաջութիւն ունեցան խօսելու, ինչպէս կ՛ըսէ Պետրոս առաքեալը, «Աստուծոյ խօսքերով» (Ա Պետրոս 4,11) եւ գործելու «Աստուծմէ ստացած զօրութեամբ, որպէսզի ամէն բանի մէջ Աստուած փառաւորուի» (նոյն տեղ)» ըսաւ հուսկ Նորին Սրբութիւնը քարոզի աւարտին հրաւիրելով թոյլ տալ ներշնչուիլ անոնց օրինակէն, որպէսզի ամենուրէք եւ միշտ աշխարհի մէջ աճին եւ ծաղկին Զատկուայ համերաշխութեան ու խաղաղութեան պարգեւները։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/04/2026, 22:58