Որոնել

Good Friday celebrations in Zamora

Յիսուսի չարչարանքներուն յիշատակումը

Լեւոն ԺԴ. Պապը ուրբաթ` 3 ապրիլի երեկոյեան ժամը հինգին, Սուրբ Պետրոս պազիլիքային մէջ կը գլխաւորէ յատուկ անկարողութիւն մը, նուիրուած Յիսուսի չարչարանքներու յիշատակումին ապա երեկոյեան` Քոլլոսէումի տարածքին կը գլխաւորէ աւանդական Ճանապարհ Խաչին
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Աւագ ուրբաթ օր կը յիշատակուին Յիսուսին չարչարանքները, այսինքն Յիսուսին ձերբակալութիւնը, ձաղկումը, դատապարտումը, դէպի գողգոթայ տանող ճանապարհին վրայ կրած չարչարանքն ու խաչին վրայ մահը։

Այս առիթով Լեւոն ԺԴ. Պապը ուրբաթ` 3 ապրիլի երեկոյեան ժամը հինգին, Սուրբ Պետրոս պազիլիքային մէջ կը գլխաւորէ յատուկ արարողութիւն մը, որ բաժնուած է երեք մասերու։ Առաջինը` Խօսքի ծէսն է, որուն ընթացքին կ՛ ընթերցուին Յիսուսի չարչարանքները պատմող աւետարանական հատուածները, հուսկ Քահանայապետական Տան Քարոզիչը կը ներկայացնէ օրուան խորհրդածութիւնը, որ ընդհանրապէս կեդրոնացած է չարչարանքներու խորհուրդի իմաստին վրայ, որուն կը յաջորդեն աղօթքներ, տարբեր դիտաւորութիւններով` Եկեղեցւոյ, Քահանայապետին, համայն հաւատացեալներուն, երախաներուն, քրիստոնեաներու միութեան, հրեաներուն, Քրիստոսին չհաւատացողներուն, անհաւատներուն, կառավարիչներուն, պատերազմէն տառապողներուն, անձկութեան մէջ գտնուողներուն։

Խօսքի ծիսակատարութենէն ետքը կը կատարուի Խաչի պաշտամունքը, որուն ընթացքին աղօթքներ կը բարձրանան առ Խաչեցեալը հուսկ կը կատարուի Սուրբ Հաղորդութեան բաշխումի ծէսը։

Սոյն արարողութենէն ետքը այս երեկոյ նախատեսուած է նաեւ Քոլլոսէումի տարածքին վրայ աւանդական Խաչի Ճանապարհը, որուն ընթացքին Սրբազան Քահանայապետը անձամբ պիտի կրէ խաչը` Յիսուսի չարչարանքները յիշատակող ճանապարհի 14 կայաններուն ընթացքին։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/04/2026, 09:36