Որոնել

Papa, nessun passato cos� rovinato da non poter essere perdonato

Ընկերային Հաղորդակցութեանց Համաշխարհային 60-րդ Օրը

Թէեւ թուային արհեստագիտութիւնն ու արհեստական բանականութիւնը մեծ հնարաւորութիւններ կը ստեղծեն, անոնք սակայն նաեւ վտանգներ կը պարունակեն։ Արհեստական բանականութիւնը կրնայ տկարացնել քննադատական ու ստեղծագործ մտածողութիւնը, տարածել ապատեղեկատուութիւն, ընդօրինակել մարդկային ձայներն ու դէմքերը եւ խեղաթիւրել իրականութեան ընկալումը։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Պահպանել մարդկային ձայներն ու դէմքերը. Այս է 2026 տարուայ Լեւո Պապին կողմէ ընտրուած Ընկերային հաղորդակցութեան միջոցներու Համաշխարհային 60-րդ Օրուան պատգամին բնաբանը, որ կը կը խօսի արհեստական բանականութեան ազդեցութեան մասին ժամանակակից հաղորդակցութեան մէջ։

Պապը արդրաեւ կը նշէ, որ թէեւ թուային արհեստագիտութիւնն ու արհեստական բանականութիւնը մեծ հնարաւորութիւններ կը ստեղծեն, անոնք սակայն նաեւ վտանգներ կը պարունակեն։ Արհեստական բանականութիւնը կրնայ տկարացնել քննադատական ու ստեղծագործ մտածողութիւնը, տարածել ապատեղեկատուութիւն, ընդօրինակել մարդկային ձայներն ու դէմքերը եւ խեղաթիւրել իրականութեան ընկալումը։

Լեւոն ԺԴ. այս ուղղոթեամբ կը շեշտէ, թէ մարտահրաւէրը միայն արհեստագիտական չէ, այլ՝ մարդաբանական։ Հարցը այն չէ, թէ մեքենաները ինչ կրնան ընել, այլ՝ թէ մարդիկ ինչպէս կրնան պահպանել իրենց մարդկայնութիւնը եւ պատասխանատու կերպով օգտագործել նոր արհեստագիտութիւնները։

Պատգամին մէջ կարեւոր տեղ կը գրաւեն պատասխանատուութիւնը, համագործակցութիւնը եւ կրթութիւնը։ Պապը կոչ կ՛ընէ զարգացնելու թուային, մեդիա եւ արհեստական բանականութեան գրագիտութիւնը, որպէսզի մարդիկ կարենան զանազանել իրականութիւնը կեղծիքէն, պաշտպանել իրենց գաղտնիութիւնը եւ խուսափիլ թուային վնասակար երեւոյթներէն։

Պատգամի աւարտին, Քահանայապետը կը յիշեցնէ, որ հաղորդակցութիւնը մարդու խորագոյն ճշմարտութիւնն է, եւ իւրաքանչիւր արհեստագիտական նորարարութիւն պէտք է ծառայէ մարդկային արժանապատուութեան եւ հասարակաց բարիքին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/05/2026, 08:23