Որոնել

Լեւոն ԺԴ. Պապին հովուական այցելութիւնը Աչեռա քաղաք Լեւոն ԺԴ. Պապին հովուական այցելութիւնը Աչեռա քաղաք  (@Vatican Media)

Լեւոն ԺԴ. «Կրակներու Երկրին» մէջ. Կոչ՝ հասարակաց բարիքի պաշտպանութեան եւ լուսանցքայնացման դէմ պայքարի

Լեւոն ԺԴ. Իտալիոյ Աչէռա քաղաք հովուական այցելութեան ընթացքին հանդիպեցաւ «Կրակներու երկիր» շրջանի հաւատացեալներուն եւ իշխանութիւններուն՝ խստօրէն դատապարտելով բնապահպանական աղէտներն ու անտարբերութիւնը։ Սրբազան Հայրը կոչ ուղղեց ստանձնելու հաւաքական պատասխանատուութիւն, պայքարելու լուսանցքայնացման դէմ եւ կերտելու նոր բնապահպանական մշակոյթ մը՝ յանուն գալիք սերունդներու ապագային։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Շաբաթ, 23 Մայիսին, Իտալիոյ Աչէռա քաղաք հովուական այցելութեան ծիրէն ներս, Լեւոն ԺԴ. Պապը քաղաքի Մայր Տաճարին մէջ կղերական դասին հետ ունեցած հանդիպումէն ետք, փոխադրուեցաւ Քալիփարի հրապարակ։ Հոն Ան հանդիպում ունեցաւ «Կրակներու երկիր» անուամբ շրջանի քաղաքապետներուն, տեղական իշխանութիւններուն եւ հազարաւոր հաւատացեալներուն հետ։

Այս առթիւ արտասանած ճառին մէջ, Քահանայապետը կոչ ուղղեց հաւաքական արթննումի՝ ընդդէմ բնապահպանական աղէտներուն եւ անօրինութեան։ «Որքան որ գեղեցկութիւնը փխրուն է, այնքան աւելի խնամք ու պատասխանատուութիւն կը պահանջէ», ըսաւ Ան՝ բացատրելով, որ իր ներկայութեան հիմնական նպատակն է քաջալերել արժանապատուութեան այն զարթօնքը, որ կը հակազդէ մահուան սպառնալիքին։

Միասին քալել, յաղթահարել ինքնակեդրոնացումը

«Քիչ առաջ, Մայր Տաճարին մէջ, հանդիպեցայ ապականումի զոհերու քանի մը հարազատներուն հետ, որոնց պատճառով վերջին տասնամեակներուն այս տարածքը տխրահռչակ դարձաւ որպէս «Կրակներու երկիր»։ Արտայայտութիւն մը, որ արդարութիւն չ՚ըներ հոն գոյութիւն ունեցող եւ դիմադրող բարիքին, բայց որ անշուշտ դիւրացուց համատարած գիտակցութիւնը՝ ապօրինութեան ծանրութեան եւ այն անտարբերութեան, որ տեղի տուաւ ոճիրներուն», ըսաւ Սրբազան Հայրը՝ աւելցնելով․ «Միասին քալել, յաղթահարել ինքնակեդրոնացումը, համարձակիլ մարգարէութեան՝ հակառակ դիմադրութիւններուն եւ սպառնալիքներուն․ ասիկա է զոր Տէրը կը խնդրէ մեզմէ եւ Իր Հոգին կը ներշնչէ։»»

Պատգամին մէջ Սրբազան Հայրը քաջալերեց ներկաները՝ ստանձնելու իրենց սեփական պատասխանատուութիւնները, ընտրելու արդարութիւնը, ծառայելու կեանքին, նշելով որ. «Ընդհանուր բարիքը կը նախորդէ քիչերու գործերուն, կողմնակի շահերուն, ըլլան անոնք փոքր թէ մեծ։ Այս հողը բարձր գին վճարած է, թաղած է իր բազմաթիւ զաւակները, ականատես եղած է մանուկներու եւ անմեղներու տառապանքին»։

Յիշելով ապա «Laudato si’»-ն, Նորին Սրբութիւնը նշեց. «Ժամանակն է հայեցողական հայեացքի մը, որուն «Laudato si’» շրջաբերականը հրաւիրեց բոլոր մարդ արարածները՝ իւրաքանչիւրը իր պատասխանատուութեան ծիրէն ներս։ «Բնապահպանական մշակոյթը,– կը գրէր Ֆրանչիսկոս Պապը,– չի կրնար սահմանափակուիլ շարք մը հապճեպ ու մասնակի պատասխաններով այն խնդիրներուն, որոնք ի յայտ կու գան բնապահպանական վատթարացման, բնական պաշարներու սպառման եւ աղտոտումի վերաբերեալ։ Անիկա պէտք է ըլլայ տարբեր հայեացք մը, մտածողութիւն մը, քաղաքականութիւն մը, կրթական ծրագիր մը, կենսակերպ մը եւ հոգեւորականութիւն մը, որոնք ձեւ ու մարմին կու տան դիմադրութեան՝ դիւանակալական յարացոյցի յառաջխաղացման դիմաց» (Laudato si’, 111)»։

Նորին Սրբութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց տեղական եկեղեցւոյ եւ աշխարհականներուն, որոնք ընդառաջած են իր «Laudato si’» շրջաբերականի պատգամին՝ ըլլալու համար «դէպի դուրս ուղղուած, առաքելական եւ սինոդական Եկեղեցի»։

Դաստիարակութիւն եւ Լուսանցքայնացման դէմ Պայքար

Լեւոն ԺԴ. Պապը պատգամին մէջ նշեց, «Մեր զաւակներուն աւելի լաւ աշխարհ մը ձգելու կողքին, մեր գլխաւոր առաքելութիւնը պէտք է ըլլայ աշխարհին աւելի լաւ զաւակներ ձգելը», ընդգծելով դաստիարակութեան ու կրթութեան հրամայականը բոլոր տարիքի եւ դասակարգի մարդոց համար ու  յատուկ երախտագիտութիւն յայտնեց բնապահպանական կազմակերպութիւններու «ռահվիրաներուն», որոնք առաջինը ըլլալով համարձակեցան բարձրաձայնել հողերու թունաւորման իրականութիւնը։ Ան յորդորեց կառուցել ներառական հասարակութիւն մը եւ պայքարիլ լուսանցքայնացման դէմ. «Պէտք է հարուածել շղթան ամբողջութեամբ, եւ ոչ թէ միայն անոր վերջին օղակը»։»

Քահանայապետը ապա նկատել տուաւ որ  «Կրակներու երկիր» անուանումը կ՚ակնարկէ քաղաքներու արուարձաններուն մէջ բռնկած հրդեհներուն, որոնք երբեմն կը վառուին մերժուած ու անտեսուած փոքրամասնութիւններու՝ այնպիսի եղբայրներու եւ քոյրերու կողմէ, որոնց մասին քիչեր տեղեկութիւն կամ յարգանք ունին։ Լուսանցքայնացումը միշտ անապահովութիւն կը յառաջացնէ. դէպի վեր տանող ուղին լուսանցքայնացման դէմ պայքարիլն է եւ ոչ թէ՝ լուսանցքայնացածներուն, ամբողջ շղթան խզելն է եւ ոչ թէ՝ միայն վերջին օղակին հարուածելը» ըսաւ Սրբազան Հայրը աւելցնելով. «Դուք ատիկա լաւ գիտէք։ Իտալիոյ պաշտպան Սուրբ Ֆրանչիսկոսի յոբելենական այս տարուան ընթացքին, Ասիզիի «Աղքատիկը» մեզի կը յիշեցնէ, որ խաղաղութիւնը հիմնուած է դիմացինին հանդէպ խնամքի ու եղբայրութեան վրայ. մենք տեղաւորուած ենք համատեղ տան մը մէջ՝ միասին ապրիլ սորվելու համար։ Այս տան խնդիրները մեր խնդիրներն են. անոր գեղեցկութիւնը մեր գեղեցկութիւնն է։ Մենք պարտաւոր ենք հսկել՝ գիշերուան պահապաններու պէս։ Կրնանք ըլլալ անոնցմէ, որոնք պիտի դիմաւորեն նոր արշալոյսը»։

Սրբազան Քահանայապետը իր պատգամը աւարտեց երախտագիտութեան խորունկ խօսքերով՝ շեշտելով այս այցելութեան առանձնայատուկ կարեւորութիւնը իր հովուապետական առաքելութեան համար.

«Սիրելի Քոյրեր եւ եղբայրներ, շատ շնորհակալ եմ ձեզի. այս այցելութիւնը Պապին համար չափազանց թանկագին է։ Ձեզմէ իւրաքանչիւրը, ձեր ընտանիքները, ինչպէս նաեւ ձեր համայնքներուն ներկան ու ապագան կը տանիմ իմ աղօթքներուս մէջ՝ զանոնք վստահելով մեր Մօր՝ Մարիամին՝ Արշալոյսի Աստղին»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/05/2026, 11:16