Ամէն արհեստագիտական նորարարութիւն պէտք է ծառայէ մարդուն. Լեւոն ԺԴ.
Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան
Կիրակի` 17 Մայիս 2026-ի կէսօրին առաքելական պալատի իր գրասենեակէն արտասանած Մարեմեան աղօթքի աւարտին Լեւոն ԺԴ. Պապը ողջունելով աղօթքին առիթով ս. Պետրոս հրապարակ համախմբուած հազարաւոր հաւատացեալները նախ յիշեց թէ «այսօր, տարբեր երկիրներու մէջ, կը նշուի Ընկերային Հաղորդակցութեանց Համաշխարհային Օրը» նշելով թէ ինք «այս տարի զայն ուզեց նուիրել «Պահպանել մարդկային ձայներն ու դէմքերը» թեմային։
«Արհեստական բանականութեան այս դարաշրջանին մէջ, կը քաջալերեմ բոլորը՝ յանձնառու ըլլալու խթանելու հաղորդակցութեան այնպիսի ձեւեր, որոնք միշտ յարգալից ըլլան մարդկային ճշմարտութեան հանդէպ, որուն պէտք է ուղղուի ամէն արհեստագիտական նորարարութիւն» ըսաւ Քահանայապետը ապա յիշեց «Գովեալ Ըլլասի» շաբաթը։
«Այսօրուընէ մինչեւ յառաջիկայ կիրակի տեղի կ՚ունենայ Laudato si’ (Գովեալ ըլլաս) շաբաթը, որ նուիրուած է արարչագործութեան խնամքին եւ ներշնչուած է Ֆրանչիսկոս Պապի Շրջաբերական նամակէն» ըսաւ Ան աւելցնելով «Ասսիզիի Սուրբ Ֆրանչիսկոսի այս յոբելենական տարուան ընթացքին, կը յիշենք անոր խաղաղութեան պատգամը՝ Աստուծոյ, եղբայրներուն եւ բոլոր արարածներուն հետ»։
«Դժբախտաբար, վերջին տարիներուն, պատերազմներու պատճառով, այս մարզէն ներս յառաջդիմութիւնները մեծապէս դանդաղած են» դիտել տուաւ Լեւոն ԺԴ ու քաջալերեց Laudato si’ շարժումի անդամները եւ բոլոր անոնք, որոնք կը գործեն ի նպաստ համապարփակ բնապահպանութեան (էկոլոգիայի), նորոգելու իրենց յանձնառութիւնը» ապա հաստատեց «Խաղաղութեան խնամքը կեանքի խնամք է»։
Քահանայապետը առ այդ ողջունեց` Հռոմի սիրելի հաւատացեալներ եւ տարբեր երկիրներէ եկած ուխտաւորները ու բոլորի մաղթեց բարի կիրակի մը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
