Քաջութիւնը ունենալ՝ էականը իրագործելու Աւետարանին համար․ Լեւոն ԺԴ. կոչը՝ իտալացի եպիսկոպոսներուն
Մարիամ Երեմեան - Վատիկան
Այսօր՝ 28 Մայիսին, Իտալիոյ Եպիսկոպոսական Համահաւաք Դասի 82րդ Ընդհանուր Ժողովին եզրափակման օրը, Լեւոն ԺԴ․ Սրբազան Քահանայապետը Սիւնհոդոսի Դահլիճէն ներս Ժողովականներուն ուղղեց իր պատգամը։
Ջերմօրէն ողջունելով մասնակիցներուն, Պապը անոնց միջոցաւ իր գորովն արտայայտեց Իտալիոյ բոլոր եկեղեցիներուն, ինչպէս նաեւ «քահանաներուն, սարկաւագներուն, նուիրեալներուն, ընտանիքներուն, կրօնուսոյցներուն, մանկավարժներուն, երիտասարդներուն, տարեցներուն, աղքատներուն, հիւանդներուն ու բոլոր անոնց հանդէպ, որոնք իրենց հաւատքը կ’ապրին ամէնօրեայ կեանքի պարզութեամբ» եւ «Աստուծոյ ծարաւը ունին իրենց սրտերուն մէջ»։
Աւետարանը մեզ կը սթափեցնէ
Արդի դարաշրջանի դժուարութիւններու հետեւանքով «համայնքներուն մէջ երբեմն կը զգացուի հաւատքը փոխանցելու լարուածութիւնը ու նոր սերունդներուն ներգրաւելու դժուարութիւնը» նկատել տուաւ Նորին Սրբութիւնը՝ շարունակելով, որ իր վերջին հովուական ուղեւորութիւններու ատեն անձամբ նկատած է յոգնութեան, մասնատուածութեամբ եւ առանձնութեան շատ նշաններ։
Աւետարանը, սակայն, մեզ կը սթափեցնէ, շարունակեց Պապը՝ յորդորելով ըլլալու Տիրոջ բերքի մշակները՝ նմանելով Յիսուսին, որ «երբ կը նայի բազմութիւններուն, զանոնք լուծելիք խնդիր մը չի տեսներ, այլ կը տեսնէ հունձք մը, կը տեսնէ Աստուծոյ արտը». «Հունձքը առատ է, բայց մշակները՝ քիչ. արդ, աղաչեցէ՛ք հունձքի Տիրոջ, որպէսզի մշակներ ուղարկէ իր հունձքին»» (Ղուկաս 10,2)։
«Եկէ՛ք միայն չդժգոհինք կարծրացած հողէն, ոչ ալ պարզապէս կանգ առնենք վիճակագրական տուեալներուն վրայ, այլ՝ Յարուցեալին աչքերով տեսնենք այն հունձքը, որ Աստուած Ինք կը պատրաստէ մեզի համար, կոչ ըրաւ ուստի Լեւոն Պապը։
Աւետարանը՝ առաջնահերթութիւն
Աւետարանը ոչ միայն սթափեցնող է, այլեւ, ըստ Սրբազան Քահանայապետի՝ առաջնահերթութիւն է, քանզի «Աւետարանէն է որ կը ծնի հաւատքը՝ որպէս կենդանի հանդիպում Քրիստոսի հետ, որ մեռաւ ու յարութիւն առաւ եւ ներկայ է Իր Եկեղեցւոյ մէջ»։
Որպէս հովիւներ, շարունակեց Ան մենք պէտք է մենք մեզի միշտ հետեւեալ հարցումներն ուղղենք՝ «Աստուծոյ ո՞ր դիմագիծը կը ցոլացնենք քարոզչութեան, քրիստոնէական դաստիարակութեան, ծիսակատարութիւններու եւ մեր համայնքներու կեանքին մէջ։ Ի՞նչպէս կը դիւրացնենք Քրիստոսի հետ հանդիպումը, եւ ի՞նչ կը նշանակէ այսօր, մեզի ու մեր Եկեղեցիներուն համար, ուրիշները ներմուծել քրիստոնէական կեանքին մէջ»։
Հարցումներ, որոնք, ըստ Նորին Սրբութեան, պէտք չէ երբեք ինքնըստինքեան հասկնալի նկատել։
Հաւատքը կը փոխանցուի ու կ’աճի այնտեղ, որտեղ կան կենսունակ եւ հիւրընկալ համայնքներ
Մկրտութեամբ սկսուող Քրիստոնէական Ընծայումը այն «արգանդն» է, որուն մէջ համայնքը հաւատք կը ծնի, յարեց Լեւոն Պապը եւ մէջբերում կատարեց Եպիսկոպոսաց Սինոդի ԺԶ. Գումարման աւարտական փաստաթուղթին․ «Անկարելի է լիովին հասկնալ Մկրտութիւնը, եթէ ոչ Քրիստոնէական Ընծայման ծիրէն ներս, այսինքն՝ այն ուղեգիծին միջոցաւ, որով Տէրը, Եկեղեցւոյ պաշտօնէութեան եւ Հոգիին պարգեւին ընդմէջէն, մեզ կը ներմուծէ զատկական հաւատքին մէջ եւ մեզ կը միացնէ Սուրբ Երրորդութեան ու եկեղեցական հաղորդութեան» (թիւ 24):
Ասկէ մեկնելով Սրբազան Հայրը ընդգծեց, որ հաւատքը կը փոխանցուի եւ կ’աճի այնտեղ, որտեղ կան կենսունակ եւ հիւրընկալ համայնքներ, որոնք կարող են աղօթել եւ լսել, որտեղ երիտասարդները դէմքեր, ձայներ եւ պատմութիւններ են, որոնց հետ կարելի է երկխօսիլ. ուր ընտանիքները առանձին չեն ձգուիր, եւ վէրքերը չեն թաքցուիր, այլ խոնարհաբար կը բերուին Տիրոջ առջեւ. որտեղ հաւատքը կը դառնայ իրական յանձնառութիւն հասարակութեան, քաղաքականութեան եւ մշակոյթի մէջ»։
Սինոդալ եւ լսելու ունակ Եկեղեցի
Բոլոր եպիսկոպոսները կոչուած են լսելու Աստուծոյ խօսքը ու ժողովուրդին, հետեւաբար եւ ժամանակներու նշանները, նոյնիսկ այն, ինչը մարտահրաւէր է նետում մեր հովուական աւանդութիւններն։ Լսելը պէտք է իրական ըլլայ, համայնքը չ՚ամփոփուիր ինքն իր մէջ, այլ կը դառնայ զանազանման եւ առաքելութեան վայր՝ գիտնալով նորոգել ինքզինք։
Ասիկա Սիւնհոդոսական ուղիին իմաստն է; Սինոդալ եկեղեցին այն եկեղեցին է, որտեղ ամէն մէկ անձ, իր կոչման համաձայն, կարող է առաջարկել Սուրբ Հոգիէն ստացած պարգեւը ընդհանուր կառուցման համար։
Գործիքներուն գոյութիւնը սակայն բաւարար չէ, եթէ չհետեւին, որպէսզի իսկապէս գործեն։ Այս գործընթացէն ներս Իտալիոյ Եպիսկոպոսական Համահաւաք Դասի տարբեր կառոյցները կոչուած են շարունակել եկեղեցիներուն մատուցուող իրենց ծառայութիւնը՝ այսօրեայ առաքելութեան պահանջներուն եւ պատմական փոփոխուած պայմաններուն լոյսին տակ։ Պէտք է ոչ թէ ամէն բան վարչական արդիւնաւէտութեան վերածել, այլ հարց տալ, թէ ո՛ր դիմագիծը այսօր կրնայ օգնել Հովիւներուն եւ տեղական Եկեղեցիներուն՝ Աւետարանը աւելի լաւ քարոզելու եւ միասին քալելու համար։
Խոնարհութիւնը՝ որպէս Տիեզերական Եկեղեցւոյ ճշմարիտ զօրութիւնը
Տէրը մեզմէ կը խնդրէ Եկեղեցւոյ պտղաբերութիւնը չի չափել թուերու, տեսանելիութեան կամ ազդեցութեան չափանիշներով․ «Երբ կը նայինք Աստուծոյ աչքերով, կ՚անդրադառնանք, թէ Ան ընտրած է պզտիկութեան ճամբան՝ մեր մէջ իջնելու համար։ […] Պզտիկութեան այս տրամաբանութիւնն է Եկեղեցւոյ ճշմարիտ զօրութիւնը։ Արդարեւ, անիկա չի կայանար իր միջոցներուն ու կառոյցներուն մէջ, ոչ ալ իր առաքելութեան պտուղները կը բղխին թուային համաձայնութենէն, տնտեսական հզօրութենէն կամ ընկերային ազդեցութենէն։ Եկեղեցին, ընդհակառակը, կ՚ապրի Գառնուկին լոյսով եւ, Անոր շուրջ համախմբուած, Սուրբ Հոգիին զօրութեամբ առաջ կը մղուի աշխարհի ճամբաներուն վրայ» (Ճառ՝ Աղօթքի հանդիպման ընթացքին, Իսթանպուլ, 28 նոյեմբեր 2025)։
Պէտք է քաջութիւնը ունենալ էականը իրագործելու Աւետարանին համար, եղաւ հուսկ Լեւոն ԺԴ․ Պապի վերջին յորդորը, որ ապա՝ Տիրամօր բարեխօսութիւնը հայցեց բոլոր ներկաներուն վրայ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
