Լեւոն ԺԳ-ի նման կը նայիմ ժամանակի մարտահրաւէրներուն։ Զինաթափել Արհեստական Բանականութիւնը (ԱԲ). Լեւոն ԺԴ.
Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան
25 Մայիս 2026-ին, Վատիկանի Սինոդի դահլիճին մէջ, Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը, ներկայ գտնուեցաւ «Magnifica Humanitas» վերտառութեամբ իր առաջին շրջաբերական նամակի ներկայացումին որուն ընթացքին ներկայացուեցան տարբեր զեկոյցներ ըլլայ Եկեղեցական ըլլայ Գիտական աշխարհի ներկայացուցիչներու կողմէ որոնց աւատին ինք եւս խօսք առնելով հզօր կոչ մը ուղղեց միջազգային համայնքին, որպէսզի արհեստական բանականութիւնը առաջնորդուի բարոյագիտական չափանիշներով, հանրային պատասխանատուութեամբ եւ մարդկային արժանապատուութեան հանդէպ ուշադրութեամբ:
Քահանայապետը ներկայ արհեստագիտական յեղափոխութիւնը սահմանեց իբրեւ պատմական վերափոխում մը, որ համեմատելի է Լեւոն ԺԳ. Պապին կողմէ «Rerum Novarum» շրջաբերականով դիմագրաւուած արդիւնաբերական յեղափոխութեան հետ:
Դարակազմիկ վերափոխում մը
Նորին Սրբութիւնը իր խօսքին մէջ ընդգծեց, թէ մարդկութիւնը կ'ապրի «նմանատիպ տարողութեամբ, տակաւին աւելի մեծ հետեւանքներով» փոփոխութիւն մը՝ համեմատած անցեալի մեծ յեղափոխութիւններուն հետ:
Արհեստական բանականութիւնը, նկատել տուաւ ան, այժմ կ'ազդէ առօրեայ կեանքի բազմաթիւ ոլորտներուն վրայ՝ աշխատանքէն մինչեւ առողջապահութիւն, անվտանգութենէն մինչեւ քաղաքական ու զինուորական որոշումներ:
Լեւոն ԺԴ. յիշեցուց, որ վերջին ամիսներուն լսած է գիտնականներ, ճարտարագէտներ, դաստիարակներ, քաղաքական պատասխանատուներ եւ ընտանիքներ, որոնք մտահոգ են նոր սերունդներու ապագայով:
«Ինծի հասած են նաեւ այլ, խիստ մտահոգիչ լուրեր՝ հետզհետէ աւելի ինքնավար դարձող զինատեսակներու մասին, որոնք գրեթէ դուրս են մարդկային ամէն տեսակ հսկողութենէ։ Կը ստանամ չափազանց մտահոգիչ տեղեկութիւններ այնպիսի հաշուականոններու (ալկորիթմներու) մասին, որոնք կրնան արգիլել առողջապահական խնամքի, աշխատանքի եւ անվտանգութեան հասանելիութիւնը՝ կանխակալութիւններով եւ անարդարութիւններով արատաւորուած տուեալներու հիման վրայ» յարեց Նորին Սրբութիւնը որ նոր արհեստագիտութիւններուն հետ կապուած յոյսերու կողքին, խոր մտահոգութիւն յայտնեց այն վտանգներուն համար, որոնք կը բխին հետզհետէ աւելի ինքնավար դարձող մեքենայացուած համակարգերէն։
«Արհեստական բանականութիւնը պէտք է զինաթափուի»
Սրբազան Պապի խօսքին կեդրոնական պատգամն էր. «Արհեստական բանականութիւնը պէտք է զինաթափուի»:
«Արհեստական Բանականութիւնը այսօր կը պահանջէ ըլլալ “զինաթափուած”՝ ազատագրուած այնպիսի տրամաբանութիւններէ, որոնք զայն կը վերածեն տիրապետութեան, բացառման կամ մահուան գործիքի» ըսաւ ի միջի այլոց Լեւոն ԺԴ., ընդգծելով թէ այնպէս ինչպէս որ Եկեղեցին պաշտպանեց միջուկային զինաթափումը՝ արգիլելու համար, որ արհեստագիտական ուժը սպառնայ մարդկութեան, այնպէս ալ արհեստական բանականութիւնը պէտք է հեռու պահուի տիրապետութեան, բացառման եւ մահուան տրամաբանութենէն:
Արհեստագիտութիւնը, կրկնեց ան, չի կրնար անջատուիլ բարոյական խղճմտանքէն եւ քաղաքական պատասխանատուութենէն:
Քահանայապետը յիշեցուց մարդ արարածի քննադատական կարողութիւնը արթուն պահելու անհրաժեշտութիւնը՝ մէջբերելով Թեսաղոնիկեցիներուն ուղղուած Առաջին Նամակը. «Ուրեմն չքնանանք ուրիշներուն պէս, հապա արթուն ու զգաստ մնանք»:
Բաւարար չէ զինաթափել. պէտք է կառուցել
Ճառին այլ մէկ կարեւոր մասը նուիրուած էր ընկերային վերակառուցման թեմային: Լեւոն ԺԴ. յիշեց Փերուի մէջ իր ունեցած առաքելական փորձառութիւնը 2017-ի կործանարար հեղեղումներու ժամանակ՝ բացատրելով, որ վերակառուցել կը նշանակէ ոչ միայն նիւթական կառոյցները նորոգել, այլ մանաւանդ յարաբերութիւնները վերահաստատել, վստահութիւնը վերականգնել եւ յոյս ներշնչել:
Յղում կատարելով Նէեմիայի աստուածաշնչական կերպարին՝ Սրբազան Պապը հաստատեց, որ արհեստական բանականութիւնը կրնայ դառնալ հաղորդութեան եւ ընդհանուր բարիքին ուղղուած «պատմութեան կառուցման վայր մը», պայմանաւ որ արհեստագիտական յառաջդիմութիւնը մնայ ի սպաս մարդկային կեանքին:
Մարդը չի կրնար վերածուիլ տուեալներու
Լեւոն ԺԴ. ապա յղում կատարեց Պօղոս Զ. Պապի «մարդու համապարփակ զարգացման» գաղափարին նշելով որ` ոչ ոք պէտք է լքուի թուային վերափոխման լուսանցքին վրայ, ու թէ ոչ ոք պէտք է վերածուի պարզ արտադրողականութեան, ճանաչողական կատարողականութեան կամ տուեալներու հասարակ հաւաքածոյի մը:
«Միայն այսպիսի համապարփակ տեսլականով մը Արհեստական Բանականութիւնը կրնայ ուղղուիլ դէպի ընդհանուր բարիքը։ Միայն միասնաբար՝ անոնք, որոնք կը ծրագրեն համակարգերը եւ անոնք, որոնք կրնան կրել անոնց հետեւանքները, ամենահարուստ եւ ամենաաղքատ երկիրները, հաստատութիւններն ու առանձին անհատները, իշխանութեան կեդրոններն ու ծայրամասերը, պիտի կարենանք կառուցել ապագայ մը՝ ոչ թէ քանի մը արտօնեալներու, այլ համայն մարդկային ընտանիքին համար»։
«Սիրոյ քաղաքակրթութիւն մը» թուային դարաշրջանին մէջ
Խօսքի աւարտին Սրբազան Քահանայապետը հրաւիրելով Եկեղեցին եւ ողջ մարդկային ընտանիքը համագործակցելու աւելի եղբայրական եւ մարդկային հասարակութեան մը կերտման գործին մէջ, յատուկէն յղում կատարելով Սուրբ Պօղոս Զ-ի եւ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի սրտին խօսող «սիրոյ քաղաքակրթութիւն» արտայայտութեան։
Ասիկա “սիրոյ քաղաքակրթութիւնն” է, որ հզօրապէս հռչակուեցաւ Սուրբ Պօղոս Զ-ի եւ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի կողմէ։ Ասիկա է պատճառը, թէ ինչու Եկեղեցին կը փափաքի “խոնարհութեամբ եւ անկեղծութեամբ” մասնակցիլ Արհեստական Բանականութեան շուրջ երկխօսութեան, նշեց Սրբազան Պապը ու հրաւէր ուղղեց «Եկեղեցւոյ եւ մարդկային ընտանիքի բոլոր անդամներուն. սորվելու լսել զիրար, քաջութեամբ դիմագրաւել ներկայի մարտահրաւէրները եւ համագործակցիլ աւելի մարդկային ու եղբայրական ընկերութեան մը կառուցման համար»։
Ան ապա խրախուսեց ներկաները յանձնառու ըլլալու դառնալ “յոյսի արհեստաւորներ”, շարունակելով կառուցել մեր ժամանակի շինարարական հրապարակը։
«Ձեզմէ իւրաքանչիւրը կը յանձնեմ մեր Մօր՝ Մարիամին։ Անոր Մեծացուսցէն կը գովերգէ Աստուծոյ մեծութիւնը, որ կը բարձրացնէ խոնարհները։ Թող ան մեզի սորվեցնէ ճանչնալ իւրաքանչիւր մարդու եւ կնոջ ճշմարիտ մեծութիւնը՝ սիրելու եւ ծառայելու մէջ։ Թող Տէրը արդիւնաւորէ այն մեծ ձեռնարկը, որ այսօր կը վստահինք իր շնորհքին՝ թոյլ տալով, որ սիրոյ քաղաքակրթութիւնը հասուննայ պատմութեան մէջ» եղան Լեւոն ԺԴ. եզրափակիչ խօսքերը ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
