«Magnifica Humanitas»՝ Լեւոն ԺԴ-ի առաջին շրջաբերականը. Հրատարակութիւնը՝ Մայիս 25-ին
Վատիկան Նիուզ – Հայկական Բաժանմունք
(Magnifica Humanitas - Վսեմ Մարդկութիւն». Այս է Լեւոն ԺԴ-ի առաջին շրջաբերական նամակին տիտղոսը՝ «արհեստական բանականութեան դարաշրջանին մէջ մարդկային անձի պահպանութեան մասին»։ Փաստաթուղթը պիտի հրատարակուի յառաջիկայ Մայիս 25-ին եւ կը կրէ Քահանայապետին ստորագրութիւնը՝ Մայիս 15 թուականով, Լեւոն ԺԳ.ի Պապի «Ռերում Նովարում» շրջաբերականի հռչակման 135-րդ տարեդարձին օրը։
«Վսեմ Մարդկութիւն»-ի ներկայացումը տեղի պիտի ունենայ հրատարակութեան նոյն օրը՝ Մայիս 25-ին, ժամը 11:30-ին, Սինոդի Սրահին մէջ, ինքնին՝ Լեւոն ԺԴ-ի ներկայութեամբ։
Բանախօսները պիտի ըլլան՝ Հաւատոյ Դաւանանքի Վերատեսչութեան Վերատեսուչ՝ կարդինալ Վիքթոր Մանուէլ Ֆերնանտեսը, եւ Մարդկային Համապարփակ Զարգացման Ծառայութեան Վերատեսչութեան Վերատեսուչ՝ կարդինալ Մայքըլ Չերնին (Յ.Մ.)։ Ապա՝ փրոֆեսոր Աննա Ռոուլենտսը՝ աստուածաբան եւ դասախօս Միացեալ Թագաւորութեան Տարհամի (Durham) համալսարանին մէջ․ Քրիսթոֆըր Օլահը՝ «Էնթրոփիք» (Anthropic - ԱՄՆ) ընկերութեան համահիմնադիր եւ Արհեստական բանականութեան ընկալելիութեան հետազօտութեան պատասխանատու․ փրոֆեսոր Լէոքատի Լուշոմպոն (i.t.)՝ քաղաքական աստուածաբանութեան եւ կաթողիկէ ընկերային մտածողութեան դասախօս Քալիֆորնիայի Յիսուսեան Աստուածաբանութեան Դպրոցին / Սանթա Քլարա համալսարանին մէջ։
Եզրափակիչ խօսքը վստահուած է Պետական Քարտուղար՝ կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինին։ Այնուհետեւ տեղի պիտի ունենայ Լեւոն Պապին խօսքը եւ օրհնութիւնը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
