Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետին հովուական այցելութիւնը Աչերրա՝ «Կրակներու երկիր»
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Շաբաթ, 23 Մայիս 2026-ն Քամփանիոյ համայնքին համար հովուական և խորհրդանշական մեծ արժէք ունեցող օր մը պիտի հանդիսանայ ի տես որ այդ օր Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը պիտի այցելէ Աչերրա քաղաքը՝ հանդիպելու այսպէս կոչուած «Կրակներու երկիր»-ի (Terra dei fuochi) բնակչութեան հետ, խիտ յայտագիրով մը, որ կը ներառէ աղօթքի, ունկնկդրութեան և պաշտօնական տեսակցութիւններու պահեր։
Այցելութիւնը պիտի սկսի առաւօտեան ժամը 8:00-ին՝ Վատիկանի ուղղաթիռի կայանէն թռիչքով։ Ժամը 8:45-ին նախատեսուած է էջքը Աչերրայի «Arcoleo» մարզադաշտին մէջ, ուր Պապը պիտի դիմաւորուի տարածաշրջանի քաղաքական ու կրօնական գլխաւոր իշխանութիւններուն, ինչպէս նաև թեմական Քարիթասի «Մարիափիա Մեսսինա» ցերեկային կեդրոնի մանուկներուն և պատանիներուն կողմէ։
Դիմաւորում և հանդիպում Մայր Եկեղեցւոյ մէջ
Ինքնաշարժով Մայր Եկեղեցի փոխադրուելէն ետք, Սրբազան Հայրը Մայր Եկեղեցւոյ հրապարակին վրայ պիտի դիմաւորուի Աչերրա քաղաքի նուագախումբին կողմէ։ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ ներկայ պիտի ըլլան Քամփանիոյ եպիսկոպոսները, քահանաները, կրօնաւորներն ու կրօնաւորուհիները, մնայուն սարկաւագները և բազմաթիւ ընտանիքներ, որոնք զաւակներ կորսնցուցած են բնապահպանական ապականման պատճառով։
Նախատեսուած են Արհիապատիւ Անթոնիօ Տի Տոննա Եպիսկոպոսին ողջոյնի խօսքը և Սրբազան Հօր պատգամը, որուն պիտի յաջորդէ առանձնապէս յուզիչ պահ մը՝ անձնական հանդիպումը այն ընտանիքներուն հետ, որոնք տուժած են բնապահպանական տագնապի առողջապահական հետևանքներէն։
Հանդիպում քաղաքապետներուն եւ բնակչութեան հետ
Ժամը 10:00-ին Քահանայապետը Պապական կառքով պիտի փոխադրուի Քալիփարի հրապարակ՝ շրջելով ու ողջունելով այնտեղ համախմբուած հաւատացեալները։ Անմիջապէս ետք, ժամը 10:30-ին, տեղի պիտի ունենայ հանդիպում «Կրակներու երկիր»-ի 90 քաղաքներու քաղաքապետներուն և ներկայացուցիչներուն հետ։
Ելոյթ պիտի ունենայ Աչերրայի քաղաքապետ՝ Տոքթ. Թիթօ տ’Էրրիքօ (Tito d’Errico), որուն պիտի յաջորդէ Սրբազան Հօր ճառը։ Պաշտօնական այս պահը պիտի փակուի Աչերրայի Եպիսկոպոսին շնորհակալական խօսքով և հողին ու տուժած համայնքներուն համար աղօթքով, որմէ ետք պիտի տրուի քահանայապետական օրհնութիւնը։
Այցելութեան աւարտը
Սոյն հանդիպումէն ետքը Սրբազան Հայրը պիտի վերադառնայ «Արքոլէօ» մարզադաշտ՝ որտեղէն հրաժեշտ առնելով տեղական իշխանութիւններէն ուղղաթիռով պիտի մեկնի, և վերադարձ պիտի կատարէ Վատիկան։
Այս այցելութիւնը կը նախատեսուի իբրև Եկեղեցւոյ զօրակցութեան զօրաւոր նշան մը՝ բնապահպանական տագնապէն վիրաւորուած համայնքներուն, միացնելով հոգևոր, քաղաքացիական և ընկերային հայեցակէտերը մեր երկրի բնապահպանական մարտահրաւէրներուն խորհրդանիշը հանդիսացող տարածքի մը մէջ։ Այցելութիւնը տեղի կ՛ունենայ «Գովեալ Ըլլաս» Շաբաթուան ընթացքին` շաբաթ որ նուիրուած է բնապահպանութեան ու ներշնչուած Ֆրանչիսկոս Պապին նոյնանուն շրջաբերականէն։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
