Պատերազմը չի լուծեր խնդիրները այլ կը բազմապատկէ տառապանքն ու ատելութիւնը. Լեւոն ԺԴ.
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Չորեքշաբթի` 27 մայիսի հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին, Լեւոն ԺԴ. Պապը այս առիթով ներկայացուցած խորհրդածութենէն ետք տարբեր լեզուներով ողջունեց ունկնդրութեան առիթով Սուրբ Պետրոս ժամանած բազմահազար ուխտաւորները եւ նախ քան Իտալացի ուխտաւորներուն իր խօսքը ուղղելը Ան հանդէս եկաւ զօրեղ կոչով մը` ի դէմ պատերազմի եւ անոր յառաջացուցած կործանումներուն.
«Մտահոգութեամբ կը հետեւիմ Ուքրանիոյ պատերազմին, որ այս օրերուն խիստ սաստկացում կ՚ապրի» ըսաւ Լեւոն ԺԴ.։
«Կը փափաքիմ իմ մօտիկութիւնս արտայայտել բոլոր անոնց, որոնք կը տառապին վերջին յարձակումներուն պատճառով, որոնք գործադրուեցան նաեւ քաղաքայիններու դէմ։ Պատերազմը չի լուծեր խնդիրները, այլ կը խորացնէ զանոնք։ Ապահովութիւն չի կառուցեր, այլ կը բազմապատկէ տառապանքն ու ատելութիւնը։ Հոն՝ ուր կ՚իյնան հրթիռներն ու անօդաչու թռչող սարքերը, կ՚իյնան նաեւ յոյսերը, կը կործանին տուներն ու աղօթավայրերը, եւ կը խորտակուին անմեղ կեանքեր» ըսաւ հուսկ Նորին Սրբութիւնը որ ապա պատերազմէն վիրաւորուած բոլոր ժողովուրդները յանձնեց «Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածածնի՝ Խաղաղութեան Թագուհիի պաշտպանութեան»:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
