Որոնել

2026.05.22 Martiri

Երանելի պիտի հռչակուի Մարոնի համայնքի Հուայէք Պատրիարքը եւ սպանիոյ քաղաքացիական պատերազմի 80 մարտիրոսներ

Սրբազան Քահանայապետը արտօնած է Սուրբերու դատի գրասենեակի վեց հրամանագիրներու հրատարակումը որոնց միջոցաւ Սանթանտերի մարտիրոսներն ու լիբանանցի Հոյայէք Պատրիարքը պիտի երանացուին։ Երանաշնորհ կը դառնան ապա Սալեզեան առաքեալ Կոստանթինօ Վենտրամէն, Քամերունի բոպիկ Քարմելեաններու միաբանութեան անդամ եղբայր Ժան Թիերի, սպանացի կրօնաւորուհի Մարիա Անա Ալպերտի Էչեզարեթան եւ Քափուչիններու ուխտի աշխարհական եղբայր Նազարենօ տա Փուլան։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Հաւատարիմ իրենց ժողովուրդին՝ հալածանքներու եւ փորձութիւններու մէջ։ Ասիկա պատմութիւնն է Սպանիոյ Սանթանտեր քաղաքի 80 մարտիրոսներուն եւ Լիբանանի Մարոնի համայնքի Էլիաս Հուայէք Պատրիարքին, որոնք յառաջիկային պիտի երանացուին։ Լեւոն ԺԴ. Պապը, այսօր՝ Մայիս 22-ին, Սուրբերու դատի Վերատեսչութեան Վերատեսուչ՝ Կարդինալ Մարչելլօ Սեմերարոյի հետ ունեցած տեսակցութեան ընթացքին, արտօնեց հրատարակել նոր հրամանագիրներ, որոնք կը վերաբերին հրաշքներու, մարտիրոսներու եւ Աստուծոյ տարբեր Ծառաներու հերոսական առաքինութիւններու ճանաչման, որոնք կու գան աշխարհի տարբեր կողմերէն։

Ամենակարեւոր որոշումներուն շարքին է Աստուծոյ Ծառայ՝ Անտիոքի Մարոնի Պատրիարք եւ Սուրբ Ընտանիքի Մարոնի Քոյրերու Միաբանութեան հիմնադիր Էլիաս Հուայէք Պատրիարքի բարեխօսութեան վերագրուող հրաշքին ճանաչումը։ Այս քայլը ճանապարհ կը հարթէ անոր երանացման համար։

Էլիաս Հուայէք Մարոնի համայնքի Անտիոքի Պատրիարքը, ծնած էր 4 դեկտեմբեր 1843-ին Հելթա (Լիբանան) եւ մահացած՝ 24 դեկտեմբեր 1931-ին Պքերքէյի մէջ (Լիբանան)։ Ան ծանօթ է «Մեծն Լիբանանի հայրը» տիտղոսով եւ նշանակալից դեր ունեցած է Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրածներու Լիբանան հիւրընկալման մէջ:

Բացի այդ, ճանաչուած է մարտիրոսութիւնը Ֆրանսիսքօ Կոնզալես տէ Քորտովայի եւ անոր 79 ընկերակիցներուն՝ որոնց կարգին կան քահանաներ, կրօնաւորներ, դպրեվանքի սաներ եւ աշխարհականներ, որոնք սպաննուած են 1936-1937 տարիներուն Սպանիոյ Սանթանտեր թեմին մէջ տեղի ունեցած կրօնական հալածանքներուն ընթացքին։

Պապը վաւերացուցած է նաեւ Աստուծոյ չորս Ծառաներու հերոսական առաքինութիւնները. Քոսթանթինօ Վենտրամէ՝ Սալեզեան միաբան, առաքեալ Հնդկաստանի մէջ. Նազարենօ պի Փուլա՝ Քափուչին միաբան. Մարիա Անա Ալպերտի Էչեզարեթա՝ սպանացի մայրապետ. Ժան-Թիէրի Էպոկօ՝ քամերունցի երիտասարդ Քարմելեան միաբան, ծանօթ որպէս Մանկան Յիսուսի եւ Չարչարանաց Ժան-Թիէրի։

Այս հրամանագիրներով, Եկեղեցին կը ճանչնայ հաւատքի, նուիրումի եւ քրիստոնէական վկայութեան օրինակներ, որոնք ապրուած են պատմական եւ աշխարհագրական տարբեր պայմաններու մէջ, բայց միացած են Աւետարանին հանդէպ ունեցած խորունկ հաւատարմութեամբ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/05/2026, 12:16