Լեւոն Պապը գլխաւորեց Կարդինալ Չերրիկի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Ուրբաթ` 15 Մայիս 2026 -ի կէսօրէն ետքը, Լեւոն ԺԴ. Պապը Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ նախագահեց Մայիս 12-ին 79 տարեկանին կեանքէն հեռացած Կարդինալ Փոլ Էմիլ Չերրիկի յուղարկաւորութեան արարողութեան որուն ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ Ան յարգանքի տուրք մատուցեց զուիցերիացի կարտինալի երկարամեայ դիւանագիտական եւ հովուական առաքելութեան՝ զայն բնորոշելով որպէս մարդ մը, որ գիտցաւ Եկեղեցիին ծառայել «համբերութեամբ եւ անձնուրացութեամբ»։
Ծիրանաւորը 2017-էն 2024 թուականներուն գլխաւորեց Իտալիոյ եւ Սան Մարինոյի պապական նուիրակութիւնը՝ ըլլալով առաջին ոչ իտալացին, որ ստանձնեց այս պաշտօնը: Իսկ 2023-ին, Ֆրանչիսկոս Պապի կամքով, ան արժանացաւ կարդինալական տիտղոսին, այսօրուայ Լեւոն Պապ` Ռոպերթ Ֆրանսիս Փրեվոսթի եւ այլ կղերականներու հետ միասին:
Համբերութիւն եւ անձնուրացութիւն
«Դիւանագէտի եւ, առաջին հերթին, Եկեղեցւոյ հովիւի յանձնառութիւնը,- ըսաւ Պապը - տեսան մեր այս եղբայրը երկար տարիներ, համբերութեամբ եւ անձնուրացութեամբ աշխատիլ, որպէսզի համերաշխութեան մէջ համախմբէ այն ժողովուրդները, որոնք հնազանդութեամբ վստահուած էին իր խնամքին, դիմագրաւելով նաեւ այն խոչընդոտներն ու մարտահրաւէրները, զորս պապական ներկայացուցիչը կոչուած է յանձն առնելու՝ ի բարօրութիւն բոլորին»:
Հարուստ եկեղեցական եւ միջազգային փորձառութիւն
Լեւոն Պապը այնուհետեւ յիշեց Չերրիկի առաքելութիւնը հետեւեալ երկիրներուն մէջ. Պուրունտի, Թրինիտատ եւ Թոպաքօ ու Քարայիպեան քանի մը երկիրներ, Հարաւային Քորէա եւ Մոնկոլիա, Շուէտ, Դանիա, Ֆինլանտա, Իսլանտա, Նորվեկիա, Արժանթին՝ մինչեւ Իտալիա եւ Սան Մարինօ հասնիլը:
«Հարուստ եկեղեցական եւ միջազգային փորձառութիւն մը, որ կը վկայէ անոր պատրաստակամութիւնն ու յարմարելու կարողութիւնը, իր հովուական սիրոյն մէջ, իրարմէ շատ տարբեր միջավայրերու հետ. վայրեր եւ ժողովուրդներ, որոնց մօտ ան ուղարկուած էր Սրբազան Հօր անունով՝ տեղական եկեղեցիներու եւ Առաքելական Աթոռի միջեւ հաղորդակցութեան կապեր հաստատելու, ինչպէս նաեւ բարեկամութեան կապերը ամրապնդելու համար» ըսաւ Սրբազան Պապը:
Բարիք բաշխողը
«Այժմ կարդինալ Էմիլը կը հանդիպի իր Տիրոջ» եւ «մենք կ'ընկերակցինք անոր այս խորհրդաւոր անցումին մէջ»,- յայտարարեց հուսկ Քահանայապետը՝ յոյս յայտնելով որ այս պահը կարող է ըլլալ «խորհրդածութեան եւ խթանի առիթ՝ արժեւորելու համար այն բարիքը, որուն ան, Աստուծոյ շնորհքով, եղաւ բաշխողը՝ հաւատքով եւ նուիրումով»:
Լեւոն ԺԴ. ապա հրաւիրեց հաւատացեալները՝ տէր կանգնելու կարդինալի հոգեւոր ժառանգութեան՝ յիշեցնելով, որ աշխարհը կարիքը ունի «յոյսի պատգամաբերներու», որոնք ընդունակ են մարդոց վստահութիւնը վերականգնելու։
Ի վերջոյ, ան մատնանշեց յարութեան` քրիստոնէական յոյսին, որ ամփոփուած է Չերրիկի ընտրած նշանաբանին մէջ. «Քրիստոս է իմ յոյսս» (Spes mea Christus)։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
