Լեւոն ԺԴ. Պապին Նամակը Թաուատրոս Բ Պատրիարքին` Ղպտի - Կաթողիկէ Բարեկամութեան օրուան առիթով
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը պաշտօնական նամակ մը ուղղած է Աղեքսանդրիոյ Պապ եւ Սուրբ Մարկոսի Աթոռի Պատրիարք, Նորին Սրբութիւն Թաուատրոս Բ-ին, Ղպտիներու եւ Կաթողիկէներու միջեւ Բարեկամութեան օրուան առիթով, որ եղբայրական գեղեցիկ աւանդութիւն մըն է՝ եւ սկիզբ առած է Ֆրանչիսկոս Պապի գահակալութեան շրջանին:
Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց
Լեւոն ԺԴ. նամակը կը սկսի յարութեան աւետիսով «Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց» եւ արաբերէն՝ «Ալ-Մեսսիհ քամ», ընդգծելով որ քրիստոնէական բարեկամութիւնը սովորական զգացում մը չէ, այլ արմատաւորուած է Ինքնին Քրիստոսի սիրոյն մէջ, որ Իր կեանքը տուաւ մարդկութեան համար:
Քրիստոնէական Բարեկամութիւնը
«Մեզի՝ քրիստոնեաներուս համար, բարեկամութիւնը աղօտ զգացում մը չէ. ան մեր կեանքին ու հաւատքին բուն սիրտն է: Քանզի մեր Տէրը Ինք մեզ Իր բարեկամները կը կոչէ (հմմտ. Յովհ. 15:15) եւ մեզի կը սորվեցնէ, թէ «աւելի մեծ սէր ոչ ոք ունի, քան ան՝ որ իր կեանքը կը զոհէ իր բարեկամներուն համար» (Յովհ. 15:13)» կը գրէ Սրբազան Պապը նամակին մէջ դիտել տալով թէ ճիշտ «մեր հանդէպ Քրիստոսի տածած բարեկամութենէն ներշնչուելով է, որ պիտի կարենանք զօրացնել մեր միջեւ եւ մեր Եկեղեցիներուն միջեւ եղած բարեկամութիւնը»։
Աստուածաբանական երկխօսութեան յառաջխաղացքը
Ասկէ մեկնելով Լեւոն Պապը երախտագիտութեամբ կը յիշէ աւելի քան յիսուն տարի առաջ Սուրբ Պօղոս Զ-ի եւ երջանկայիշատակ Շնուտա Գ Պապի կողմէ սկսած պատմական երկխօսութիւնը։ Այսօր այդ աշխատանքները կը շարունակուին Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եւ Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու միջեւ Աստուածաբանական Երկխօսութեան Միջազգային Համատեղ Յանձնաժողովի ծիրէն ներս, որուն համակարգող մարմինը ներկայիս կը գումարուի Հռոմի մէջ:
Քահանայապետը յոյս կը յայտնէ, որ Յանձնաժողովը շուտով վերսկսի իր լիակատար գործունէութիւնը՝ ի պատասխան Քրիստոսի աղօթքին. «Որպէսզի ամէնքը մէկ ըլլան» (Յովհ. 17:21):
Նամակին մէջ յատուկ շնորհակալութիւն կը յայտնուի ապա Ղպտի Եկեղեցւոյ՝ 2025 թուականի Հոկտեմբերին Վատի Էլ Նատրունի Սուրբ Պիշոյ վանքին մէջ կայացած «Հաւատք եւ Կարգ» յանձնաժողովի Համաշխարհային Վեցերորդ Համաժողովին ցուցաբերած ջերմ հիւրընկալութեան համար:
«Վստահ եմ, կը գրէ Սրբազան Պապը, որ Առաջին Տիեզերական Ժողովի 1700-ամեակին առիթով կատարուած խորհրդածութիւնները պիտի վերակենդանացնեն Եկեղեցւոյ տեսանելի միութեան հասնելու մեր փափաքը. միութիւն մը, որ արմատաւորուած է այն մէկ մկրտութեան մէջ, զոր կը դաւանինք Նիկիական Հանգանակին մէջ, եւ որուն հասնելու համար անկեղծօրէն կ՚աղօթեմ»։
Վկայութիւն եւ խաղաղութիւն՝ տագնապալի աշխարհի մէջ
Անդրադառնալով ապա համաշխարհային արդի տագնապներուն, յատկապէս Միջին Արեւելքի արիւնալի հակամարտութիւններուն, Լեւոն ԺԴ Պապը կը նշէ «այնպիսի ժամանակաշրջանի մը մէջ, երբ մեր աշխարհը կը տառապի այնքան շատ հակամարտութիւններէ... քրիստոնեաները պէտք է, աւելի քան երբեք, ձգտին լիակատար միութեան, որպէսզի միասնաբար վկայութիւն տան Խաղաղութեան Իշխանին մասին:»
Այս առաքելութեան մէջ Եկեղեցիներու հզօր վահանն ու օրինակը կը հանդիսանան այն անթիւ մարտիրոսները, որոնք իրենց արիւնը թափեցին յանուն Քրիստոսի:
Նամակի աւարտին, յառաջիկայ Հոգեգալստեան (Պենտեկոստէի) տօնին ընդառաջ, Լեւոն ԺԴ. կը հայցէ Սուրբ Հոգիին առաջնորդութիւնը։
«Կ՚աղօթեմ, որ Սուրբ Հոգին՝ աղբիւրն ու կրողը բոլոր պարգեւներուն, առաջնորդէ Ղպտիներն ու Կաթողիկէները ճշմարտութեան եւ սիրոյ մեր հասարակաց ուխտագնացութեան մէջ դէպի լիակատար հաղորդութիւն» կը գրէ Քահանայապետը եւ նամակը կը փակէ Թաուատրոս Բ Պապին հետ անձնապէս հանդիպելու յոյսով եւ եղբայրական խաղաղութեան ողջոյնով:
Լեւոն ԺԴ. Պապ Թաուատրոս Բ. Հեռախօսազրոյց
«Այս առաւօտ, Սրբազան Քահանայապետ Լեւոն ԺԴ. Պապը հեռաձայնային զրոյց մը ունեցաւ Նորին Սրբութիւն Թաուատրոս Բ-ի՝ Աղեքսանդրիոյ Պապին եւ Սուրբ Մարկոսի Աթոռի Պատրիարքին հետ»։
Լուրը կը հաղորդէ Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակը նշելով նաեւ թէ. «Խօսակցութիւնը ընթացաւ ջերմ ու եղբայրական մթնոլորտի մը մէջ՝ Ղպտիներու եւ Կաթողիկէներու միջեւ Բարեկամութեան օրուան նշումին նոր թափ տալու փափաքով, ջանալով յաղթահարել հաւատքի ու սիրոյ երկխօսութեան դիմաց ցանկացած հաւանական արգելք»։
«Յայտնուեցաւ գիտակցութիւնը այն համատեղ պատասխանատուութեան, որ Աւետարանի քարոզչութիւնն է եւ խաղաղութեան ու հաշտութեան խթանումը, յատկապէս մեծապէս տառապած Միջին Արեւելքի մէջ» նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
