Մեծն Հայրապետ Սուրբ Ներսէս Շնորհալին ներառուած է Հռոմէական Եկեղեցւոյ Յայսմաւուրքին մէջ։
Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան
Լեւոն ԺԴ. Պապը 18 Մայիս 2026-ին Առաքելական Պալատէն ներս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս` Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառի եւ անոր ընկերացող պատուիրակութեան անդամներուն ընդունելութեան ընթացքին ուղղած իր ողջոյնի խօսքին մէջ յիշեց Սուրբ Ներսէս Շնորհալին` Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը, զայն որակելով «Համամիութեան (էքիւմենիզմի) ռահվիրայ» ու հաստատելով` թէ Ան «վերջերս ներառուեցաւ Հռոմէական Եկեղեցւոյ Նահատակարանին մէջ» եւ թէ այս մէկը «կը հանդիսանայ նոր օրինակ մը «սուրբերու տիեզերականութեան», որ արդէն իսկ կը միացնէ մեր Եկեղեցիները»։
Այս խօսքերով Լեւոն Պապը յայտարարեց նորութիւն մը այն է թէ Սուրբ Ներսէս Շնորհալին ներառուած է Հռոմէական Եկեղեցւոյ Յայսմաւուրքին մէջ ու թէ Ան այսուհետ կը յիշատակուի նաեւ Լատին Կաթողիկէ Տիեզերական Եկեղեցւոյ կողմէ։
Սուրբ Ներսէս Դ. Կլայեցի (Շնորհալի) (1102-1173) Հայ Եկեղեցւոյ ամենապայծառ դէմքերէն մին է, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս, տաղանդաւոր բանաստեղծ, երաժիշտ, աստուածաբան եւ տիեզերական եկեղեցական գործիչ: Ան իր հեզ, շնորհալի նկարագիրին եւ գիտական ու հոգեւոր մեծ վաստակին համար ստացած է «Շնորհալի» պատուանունը:
Սուրբ Ներսէս Շնորհալին եղած է Տիեզերականութեան եւ Համամիութեան ժրաջան Գործիչը։ Անոր մահուան 850-ամեակին առիթով Վատիկանի Նամակատունը թողարկեց յատուկ դրոշմաթուղթ ու գեղաթերթիկ որ շրջանառութեան մէջ դրուեցան 21 սեպտեմբեր 2023ին, զուգադիպութեամբ Հայաստանի հանրապետութեան անկախութեան տօնին։
«Վատիկանը Հայ Եկեղեցւոյ հետ միասին կը յիշատակէ, հայ Եկեղեցւոյ ու համայն քրիստոնէութեան երեւելի դէմքերէն մին, Սուրբ Ներսէս Շնորհալիի (1102-1173) մահուան 850րդ յիշատակը» գրուած էր 2023-ի սեպտեմբերին, վերոնշեալ դրոշմաթուղթն ու գեղաթերթիկը ներկայացնող գրութեան մէջ ուր ապա մանրամասնութիւններ տրուած էին Հայոց Մեծ Հայրապետի կեանքի մասին։
Ահա գրութեան բովանդակութիւնը
«Պատկանելով նշանաւոր իշխաններու և հայ ականաւոր եկեղեցականներու ընտանիքին, Ներսէս Շնորհալի եղած է վանական, եպիսկոպոս, և վերջապէս Կաթողիկոս՝ որ Հայ Եկեղեցւոյ նուիրապետութեան գերագոյն արժանապատուութիւնն է։ Ժամանակակիցները անոր տուած են «Շնորհալի» կամ «շնորհքով լի» մականունը՝ անոր սրբութեան ու խոնարհ բարեգործութեան պարգևներու համար, որոնք բեղմնաւորեցին անոր կեանքն ու գործերը, և նաեւ անոր արտասովոր մարդկային, կրօնական և միստիկ անհատականութեան համար։
Շնորհալին եղաւ աստուածաբան և ինքնատիպ հոգևոր հեղինակ, իր Եկեղեցւոյ վարդապետութեան իրազեկագիտութեամբ եւ Քրիստոսի չարչարանքներուն լիակատար նուիրումով:
«Հաւատով խոստովանիմ» անոր քսանչորս տողերով կազմուած մեծ և սրտառուչ աղօթքը, ուր միահիւսուած են աստուածաշնչական, ծիսական և աստուածաբանական նշումները, դարեր շարունակ եղած է հայ ժողովրդի աղօթքի ուղեցոյցը։
Ան եղաւ Լատինական, Յունական և Ասորի եկեղեցիներու հետ կարևոր շփումներու խթանողը ու գլխաւոր հերոսը, անոր գրութիւններուն մէջ ուրուագծուած է իսկական համամիութենական աստուածաբանութիւն մը, բան մը` որ զայն կը դարձնէ ժամանակակից համամիութենական շարժումին բացարձակ նախադրողը։
Սուրբ Ներսէս Շնորհալիի կարևորութիւնն ու եզակի մեծութիւնը, որուն աստուածաբանական հեղինակութիւնը կը համեմատուի Սուրբ Պերնարտոս Տի Քիարավալլէին, կը բխին, առաջին հերթին, անոր հոգևոր իւրօրինակութենէն, որ կ՛ արտայայտուէր ամենաբացարձակ պարզութեամբ, բայց միևնոյն ժամանակ` համբաւի ճնշիչ զօրութեամբ՝ ինչպէս սուրբի ներքին կեանքին այնպէս ալ անոր հասարակական վարքագիծի միջոցաւ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
