Որոնել

Լեւոն ԺԴ. Պապը Լեւոն ԺԴ. Պապը   (@Vatican Media)

Լեւոն ԺԴ. «Այսօր խաղաղութիւնը կը փնտռուի զէնքերու միջոցով, հրատապ է ամրապնդել երկխօսութիւնն ու բազմակողմանիութիւնը»

Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանի մէջ ընդունեց Սուրբ Աթոռի մօտ նորանշանակ դեսպանները՝ յատուկ պատգամներ ուղղելով անոնց։ Իր խօսքերուն մէջ, Նորին Սրբութիւնը շեշտեց եկեղեցական կառավարման հոգեւոր ու ծառայողական էութիւնը, ինչպէս նաեւ յորդորեց միջազգային դիւանագիտութիւնը հրաժարելու զէնքի ուժէն եւ վերադառնալ երկխօսութեան ու լուսանցքի վրայ գտնուողներու պաշտպանութեան։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Հինգշաբթի, 21 մայիս 2026-ին առաւօտեան, Սուրբ Աթոռի մօտ իրենց հաւատարմագրերը ներկայացուցին շարք մը երկիրներու նորանշանակ Հռոմ չբնակող դեսպաններ։ Սրբազան Քահանայապետ Լեւոն ԺԴ. Վատիկանի մէջ ընդունեց Սիերա Լեոնի, Պանկլատէշի, Եմէնի, Ռուանտայի, Նամիպիոյ, Մաւրիկիոսի, Չատի եւ Շրի Լանքայի արտակարգ եւ լիազօր դեսպանները՝ անոնց առաքելութեան պաշտօնական մեկնարկին առթիւ։

Իր ողջոյնի խօսքին մէջ, Նորին Սրբութիւնը փոխանցեց իր աղօթքներն ու յարգանքի մաղթանքները համապատասխան երկիրներու պետութեան ղեկաւարներուն եւ քաղաքացիներուն, ապա հանդէս եկաւ միջազգային իրավիճակին վերաբերող կարեւոր պատգամով մը։

Դիւանագիտութեան Հոգեգալստեան Տեսլականը

Ակնարկելով Մերձաւոր Արեւելքի եւ համաշխարհային տարածքին տիրող կացութեան ու Հոգեգալստեան տօնի մօտեցման, Քահանայապետը մաղթեց, որ Սուրբ Հոգիի ներշնչած միութեան տեսլականը՝ որ վախը կը փոխակերպէ քաջութեան, իսկ բաժանումը՝ միութեան, առաջնորդէ նաեւ դիւանագիտական աշխարհը։

«Անհրաժեշտ է, որ ազգերու միջեւ կառուցողական յարաբերութիւնները ծաղկին՝ ճշմարիտ բացուածքի, փոխադարձ յարգանքի եւ պատասխանատուութեան համատեղ զգացումի միջոցով», ընդգծեց Սրբազան Հայրը։

Վերադարձ՝ զէնքերու փոխարէն երկխօսութեան

Լեւոն ԺԴ. վերահաստատեց ընթացիկ տարուան յունուար ամսուն Դիւանագիտական Կազմին ուղղած իր կոչը՝ ահազանգելով, որ ներկայիս խաղաղութիւնը յաճախ կը փնտռուի զէնքերու միջոցով՝ սեփական գերիշխանութիւնը պարտադրելու համար։ Ան յայտնեց, որ հրատապ պահանջ է վերադառնալ այնպիսի դիւանագիտութեան մը, որ կը խթանէ երկխօսութիւնը եւ համախոհութիւն կը փնտռէ բոլոր՝ երկկողմանի, տարածաշրջանային եւ բազմակողմանի մակարդակներու վրայ։

Պապը շեշտեց, որ յարաբերութիւններու մէջ վստահութեան վերականգնումը կը պահանջէ բառերու յստակութիւն՝ առանց նենգափոխումներու կամ թշնամանքի, ինչպէս նաեւ սեփական շահերը ի նպաստ ընդհանուր բարիքին զոհելու պատրաստակամութիւն։

Լուսանցքի վրայ մնացածներու պաշտպանութիւնը

Իր խօսքին մէջ Սրբազան Քահանայապետը յատուկ անդրադարձ կատարեց 2025-ի Հոկտեմբերին հրատարակուած «Dilexi Te» Առաքելական յորդորագիրին՝ նշելով.

«Ոչ մէկ ազգ, ընկերութիւն կամ միջազգային կարգ կրնայ արդար եւ մարդկային կոչուիլ, եթէ իր յաջողութիւնը կը չափէ սոսկ ուժով կամ բարգաւաճումով՝ անտեսելով անոնց, որոնք կեանքը կ՚անցընեն լուսանցքի վրայ»։

Ան կոչ ուղղեց դիւանագէտներուն եւ միջազգային կազմակերպութիւններուն՝ վերակենդանացնելու համերաշխութեան ոգին, որպէսզի աշխարհաքաղաքական լարուածութեամբ մասնատուած ներկայ աշխարհին մէջ ստեղծուին հանդիպման եւ միջնորդութեան նոր տարածքներ։

Ճառի աւարտին, Նորին Սրբութիւնը հաւաստիացուց, որ Վատիկանի Պետական Քարտուղարութիւնն ու Հռոմի Քուրիայ Վերատեսչութիւնները պատրաստ են ամենայն ջերմութեամբ աջակցելու դեսպաններուն՝ իրենց բարձր առաքելութեան մէջ, եւ Աստուծոյ առատ օրհնութիւնները հայցեց անոնց, անոնց ընտանիքներուն եւ ներկայացուցած ազգերուն վրայ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/05/2026, 10:27