Լեւոն ԺԴ. Պապը ընդունեց Իտալիոյ դրամատնային ոլորտի պատասխանատուները. «Թիւերու ետին մարդիկ եւ ընտանիքներ կան»
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Շաբաթ, 16 մայիս 2026-ին, Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանի մէջ ընդունեց իտալական զանազան դրամատուներու եւ վարկային հաստատութիւններու ներկայացուցիչներն ու պաշտօնէութիւնը։
Հանդիպման ընթացքին արտասանած պատգամին մէջ Սրբազան Հայրը անդրադարձաւ դրամատնային համակարգի ընկերային առաքելութեան եւ տնտեսութեան մէջ մարդկային գործօնի պահպանման հրամայականին:
Նորին Սրբութիւնը բարձր գնահատեց իտալական դրամատուներու պատմական դերակատարութիւնը հասարակաց բարիքի կերտման եւ հարստութեան արդար բաշխման գործընթացին մէջ: Ան ընդգծեց, որ ֆինանսական շուկան կրնայ եւ պէտք է առաջնորդուի բարոյական չափանիշներով, ուր շահոյթն ու համերաշխութիւնը իրարու հակոտնեայ չեն:
Քահանայապետը յատուկ շեշտադրում կատարեց ներկայիս տիրապետող բարձր արհեստագիտութեան եւ թուայնացման դարաշրջանի մարտահրահրաւէրներուն վրայ: Ան յորդորեց ներկաները թոյլ չտալ, որ յաճախորդները զրկուին մարդկային ջերմութենէն եւ մատնուին սառն ալկորիթմներու տնօրինման:«Դրամատուն կը մտնեն ո՛չ թէ պարզապէս դրամագլուխներ, այլ՝ անհատներ: Թիւերու ետին կան տղամարդիկ, կիներ եւ ընտանիքներ, որոնք օգնութեան կարիք ունին: Ֆինանսական գործիքներու ետին մարդիկ պէտք է զգան լսելու պատրաստ եւ բարեացակամ անձերու ներկայութիւնը»,- նշեց Քահանայապետը:
Խօսքի աւարտին, Լեւոն ԺԴ. Պապը քաջալերեց դրամատնային ոլորտի մշակները՝ հաւատարիմ մնալու իրենց հիմնադրութեան ակունքներուն, չմոռնալու բարեգործութիւնը եւ զայն դարձնելու իրենց ծրագրային ընտրանքներու ուղեցոյցը: Ան աղօթքի վստահեցումով հայրապետական իր օրհնութիւնը փոխանցեց բոլոր ներկաներուն:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
