Որոնել

Pope Leo XIV prays for the sick at the Lourdes grotto in the Vatican Gardens

Սուրբ Վարդարանի աղօթքը՝ յանուն Խաղաղութեան

Աշխարհի մէջ խաղաղութեան հաստատման համար Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետին յարատեւ պնդումը կը շարունակէ արտայայտուիլ նաեւ աղօթքի մշտական կոչերով։ Այս աղօթական արարողութիւնը ունի յատուկ խորհուրդ՝ աշխարհի խաղաղութեան համար Աստուածամօր բարեխօսութիւնը հայցել եւ ժողովուրդները միացնել հաւաքական աղօթքի ոգիով։ Այս առիթով աշխարհի բազմաթիւ սրբավայրեր հրաւիրուած են միանալու Սրբազան Հօր աղօթքին՝ իրենց ուխտաւորներով եւ հաւատացեալներով։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Աշխարհի մէջ խաղաղութեան հաստատման համար Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետին յարատեւ կոչերը կը շարունակուին արտայայտուիլ աղօթքի եւ հոգեւոր համախմբման միջոցաւ։ Սրբազան Հայրը, ներկայ աշխարհի պատերազմներով, բռնութեամբ եւ անորոշութեամբ լեցուն իրավիճակին դիմաց, կրկին անգամ հաւատացեալ ժողովուրդը կը հրաւիրէ միանալու խաղաղութեան համար բարձրացուող միասնական աղօթքին։

Արդարեւ անցեալ Ապրիլ 11-ին Սուրբ Պետրոսի Տաճարին մէջ կատարուած Հսկումէն ետքը, Մարեմեան ամսուան աւարտին՝ Շաբաթ, Մայիս 30-ին, երեկոյեան ժամը 19։00-ին, Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Հայրը պիտի նախագահէ Սուրբ Վարդարանի հանդիսաւոր աղօթքը, որ տեղի պիտի ունենայ Վատիկանի Պարտէզներուն մէջ գտնուող Լուրտի Աստուածամօր քարայրին առջեւ։

Այս աղօթական արարողութիւնը ունի յատուկ խորհուրդ՝ աշխարհի խաղաղութեան համար Աստուածամօր բարեխօսութիւնը հայցել եւ ժողովուրդները միացնել հաւաքական աղօթքի ոգիով։ Այս առիթով աշխարհի բազմաթիւ սրբավայրեր հրաւիրուած են միանալու Սրբազան Հօր աղօթքին՝ իրենց ուխտաւորներով եւ հաւատացեալներով։

Արդէն իսկ մեծ թիւով միջազգային սրբավայրեր իրենց մասնակցութիւնը հաստատած են, որոնց շարքին են՝ Աստուածամօր Սրբավայրը Զարվանիցիոյ մէջ (Ուքրանիա), Խաղաղութեան եւ Բարի Ճանապարհի Միջազգային Սրբավայրը Անթիփոլոյի մէջ (Ֆիլիփիններ), Վարդարանի Սրբուհի Կոյսի Սրբավայրը Ֆաթիմայի մէջ (Փորթուկալ), Խաղաղութեան Թագուհի Աստուածամօր Սրբավայրը Մետժուկորիէի մէջ (Պոսնիա եւ Հերցեկովինա), Լուրտի Աստուածամօր Սրբավայրը Ֆրանսայի մէջ, Սուրբ Շարպէլի Սրբավայրը Պիպլոսի մէջ (Լիբանան), ինչպէս նաեւ Լորեթոյի Քահանայապետական Սրբավայրը Իտալիոյ մէջ։

Այս համաշխարհային աղօթական նախաձեռնութիւնը անգամ մը եւս կը վկայէ, թէ խաղաղ եւ եղբայրական աշխարհ մը կառուցելը կարելի է ոչ միայն քաղաքական համաձայնութիւններով, այլ նաեւ մարդկային սրտերու դարձով, հաւատքով եւ աղօթքով։





Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/05/2026, 13:21