Որոնել

Il Papa riceve il primo ministro di Irlanda Martin

Լեւոն ԺԴ. Պապը ունկնդրութիւն շնորհեց Իրլանտայի Վարչապետին

Պետական Քարտուղարութեան մէջ տեղի ունեցած ջերմ տեսակցութիւններուն ընթացքին, գոհունակութիւն յայտնուեցաւ Սուրբ Աթոռի եւ Իրլանտայի միջեւ գոյութիւն ունեցող բարի յարաբերութիւններուն համար: Ապա, անդրադարձ կատարուեցաւ երկրի ընկերային-տնտեսական իրավիճակին, ինչպէս նաեւ տեղական Եկեղեցւոյ եւ Պետութեան միջեւ յարաբերութիւններուն, յատուկ ուշադրութիւն դարձնելով կրթական մարզին:

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Այս առաւօտ, 22 Մայիս 2026-ին Սրբազան Քահանայապետ Լեւոն ԺԴ. ունկնդրութիւն շնորհեց Իրլանտայի «Թոշըխ»ին (Վարչապետ)՝ Տիար Միշըլ Մարթընին, որ այնուհետեւ հանդիպում ունեցաւ Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի ն հետ, ընկերակցութեամբ Գերապ. Փոլ Ռիչըրտ Կալլակէրին` Պետութիւններու եւ Միջազգային Կազմակերպութիւններու հետ Յարաբերութիւններու Քարտուղարին». Լուրը կը հաղորդէ Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակը:

Պետական Քարտուղարութեան մէջ տեղի ունեցած ջերմ տեսակցութիւններուն ընթացքին, գոհունակութիւն յայտնուեցաւ Սուրբ Աթոռի եւ Իրլանտայի միջեւ գոյութիւն ունեցող բարի յարաբերութիւններուն համար: Ապա, անդրադարձ կատարուեցաւ երկրի ընկերային-տնտեսական իրավիճակին, ինչպէս նաեւ տեղական Եկեղեցւոյ եւ Պետութեան միջեւ յարաբերութիւններուն, յատուկ ուշադրութիւն դարձնելով կրթական մարզին:

Զրոյցի շարունակութեան ընթացքին, քննարկուեցան տարածաշրջանային եւ միջազգային քաղաքականութեան վերաբերող քանի մը հարցեր՝ ակնարկելով Եւրոպային եւ Միջին Արեւելքին, անոնց խաղաղութեան հեռանկարներուն եւ բազմակողմանիութեան ոլորտին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/05/2026, 14:05