Որոնել

2026.05.18 Sua Santita' Aram I, Catholicos della Chiesa Apostolica Armena-Sede di Cilicia

Լեւոն ԺԴ. Արամ Ա. պաշտօնական հանդիպում եւ միասնական աղօթք Վատիկանի մէջ

Յայտնենք` որ Լեւոն ԺԴ. Պապին հետ ունեցած հանդիպումէն առաջ Արամ Ա Վեհափառը եւ իրեն ընկերացող պատուիրակութեան անդամները առիթը ունեցաւ հանդիպելու նաեւ Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար` Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինին հետ։ Անոնց կ՜ընկերանար նաեւ Քրիստոնեաներու Միութեան Խթանման Վերատեսչութեան Քարտուղար Գերապայծառ Ֆապիօ Փաչէ։ Մինչ Քահանայապետի հետ տեղի ունեցած հանդիպման եւ միասնական աղօթքին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ վերոնշեալ Վերատսեչութեան Վերատեսուչ Կարդինալ Քիւրդ Քոխը
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Այսօր` երկուշաբթի 18 Մայիս 2026-ի առաւօտեան, ժամը 9:30-ին, Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը Առաքելական Պալատէն ներս ընդունեց` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը եւ անոր ընկերացող պաշտօնական պատուիրակութեան անդամները։

Հանդիպումը ընթացաւ եկեղեցական ջերմ ու եղբայրական մթնոլորտի մը մէջ։ Քահանայապետին եւ Կաթողիկոսին միջեւ առանձնազրոյցէն ետք, տեղի ունեցաւ հայկական պատուիրակութեան ներկայացումը։ Այնուհետեւ, երկու հոգեւոր Պետերը արտասանեցին իրենց պատգամները՝ ընդգծելով միջեկեղեցական երկխօսութեան, քրիստոնէական համատեղ վկայութեան եւ խաղաղութեան ի խնդիր ներդրուող ջանքերու կարեւորութիւնը:

Ունկնդրութեան ընթացքին տեղի ունեցաւ նաեւ աւանդական նուէրներու փոխանակումը՝ իբրեւ բարեկամութեան եւ փոխադարձ յարգանքի նշան Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ միջեւ։

Հանդիպումը աւարտեցաւ Ուրբանոս Ը. մատրան մէջ (Cappella Urbano VIII), ուր Սրբազան Քահանայապետն ու Վեհափառ Հայրապետը մասնակցեցան համատեղ աղօթքի՝ հայցելով միութիւն, հաշտութիւն եւ յոյս բոլոր ժողովուրդներուն համար։

Յայտնենք` որ Լեւոն ԺԴ. Պապին հետ ունեցած հանդիպումէն առաջ Արամ Ա Վեհափառը եւ իրեն ընկերացող պատուիրակութեան անդամները առիթը ունեցան հանդիպելու նաեւ Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար` Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինին հետ։ Անոնց կ՜ընկերանար նաեւ Քրիստոնեաներու Միութեան Խթանման Վերատեսչութեան Քարտուղար Գերապայծառ Ֆլավիօ Փաչէ։ Մինչ Քահանայապետի հետ տեղի ունեցած հանդիպման եւ միասնական աղօթքին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ վերոնշեալ Վերատսեչութեան Վերատեսուչը Կարդինալ Քիւրդ Քոխը` որուն հետ Վեհափառ Հայրապետը յատուկ հանդիպում կ՛ունենայ այսօր կէսօրէն ետքը` այցելելով Քրիստոնեաներու Միութեան Խթանման Վերատեսչութիւնը։

Բացի ասկէ կէսօրէն ետքը նախատեսուած է նաեւ Վեհափառ Հայրապետին այցն ու հանդիպումը Միջկրօնական Երկխօսութեան Վերատսեչութեան Վերատեսուչ Կարդինալ Ժորժ Եաքոպ  Քովաքատի հետ 

 

Սրբազան Քահանայապետ Լեւոն ԺԴ-ի Ճառը

 

Ձերդ Սրբութիւն, սիրելի՛ Եղբայր,

«Շնո՛րհ ձեզի եւ խաղաղութիւն մեր Հօր Աստուծմէ եւ Տէր Յիսուս Քրիստոսէն» (Եփես. 1, 2)։ Այս ողջոյնով կ՚ողջունեմ Ձերդ Սրբութիւնը եւ Ձեր պատուիրակութեան յարգելի անդամները՝ Հռոմի Եկեղեցի տուած Ձեր այցելութեան սկիզբը

Կարելի՞ է արդեօք մեր Եկեղեցիներուն միջեւ աւելի մեծ հոգեւոր կապ մը տեսնել, քան Տարսոնի Պօղոս Առաքեալը, որ ծնած էր Կիլիկիոյ մէջ՝ ձեր Աթոռի վայրին մէջ, եւ որ այստեղ՝ Հռոմի մէջ, արժանացաւ մարտիրոսութեան պսակին։ Սուրբ Պօղոսին՝ Եկեղեցիներու միջեւ հաղորդութեան առաքեալին իբրեւ գերազանց օրինակ, կը յանձնեմ ձեր ուխտագնացութիւնը դէպի Հռոմ։

Բայց ինչպէ՞ս կրնամ չյիշել նաեւ Եկեղեցւոյ այն մեծ սուրբերը, որոնք գործեցին ի խնդիր քրիստոնեաներու միութեան։ Միտքս կ՚երթայ դէպի Սուրբ Ներսէս Շնորհալի` Կաթողիկոսն Կիլիկիոյ, որ կրնայ նկատուիլ համամիութեան (էքիւմենիզմի) ռահվիրայ մը, եւ որուն վերջերս Հռոմէական Նահատակարանին մէջ ներառուիլը կը հանդիսանայ նոր օրինակ մը «սուրբերու տիեզերականութեան», որ արդէն իսկ կը միացնէ մեր Եկեղեցիները։

Գտնուելով տարբեր ժողովուրդներու եւ մշակոյթներու խաչմերուկին վրայ՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը երկար ժամանակ յատկանշուած է իր տիեզերական կոչումով, յատկապէս Հռոմի Եկեղեցւոյ հանդէպ։ Մեր Եկեղեցիներուն միջեւ այս յատուկ յարաբերութիւնը, որ յատկապէս բուռն էր Միջնադարուն, նոր զարգացումներ ապրեցաւ Ի. դարուն եւ յատկապէս Վատիկանեան Բ. Ժողովէն ետք։

Կը յիշեմ, որ Ձեր երանաշնորհ նախորդը՝ Խորէն Ա. Կաթողիկոսը, Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցւոյ առաջին գահակալն էր, որ Ժողովէն ետք այցելեց Հռոմ, տակաւին 1967-ի Մայիսին։ Ձերդ Սրբութիւնը կը յատկանշուի իր անդուլ տիեզերական նախանձախնդրութեամբ՝ թէ՛ տեղական մակարդակով, որպէս Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի հիմնադիրներէն մէկը, եւ թէ՛ միջազգային մակարդակով՝ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդէն ներս, ուր վարած էք կարեւոր մեծ պաշտօններ։

Խորապէս երախտապարտ եմ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ հետ յարաբերութիւնները խթանելու ձեր ջանքերուն եւ Հռոմի Եկեղեցւոյ հանդէպ ձեր ցուցաբերած մտերմութեան համար։ Որպէս Կաթողիկոս՝ դուք առաջին անգամ այցելեցիք Հռոմ 1997-ի Յունուարին՝ Քրիստոնեաներու Միութեան Աղօթքի Շաբթուան ընթացքին, եւ այդ օրէն ի վեր բազմաթիւ առիթներով պատուած էք մեզ ձեր ներկայութեամբ։

Յատկապէս շնորհակալ եմ ձեր անձնական յանձնառութեան համար՝ մեր Եկեղեցիներուն միջեւ աստուածաբանական երկխօսութեան յառաջմղման գործին մէջ, որ տեղի կ՚ունենայ 2003 թուականէն ի վեր՝ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եւ Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու միջեւ Աստուածաբանական Երկխօսութեան Միացեալ Միջազգային Յանձնախումբի ծիրէն ներս։ Այս երկխօսութիւնը, որ կ՚օգտուի հայկական պատուիրակութիւններու թանկագին սատարումէն, արդէն իսկ արտադրած է երեք կարեւոր փաստաթուղթեր՝ Եկեղեցւոյ բնոյթին ու առաքելութեան, վաղեմի Եկեղեցւոյ հաղորդութեան եւ խորհուրդներուն մասին։ Սրտանց կը յուսամ որ, հակառակ վերջին դժուարութիւններուն, այս երկխօսութիւնը շարունակուի նորոգուած թափով, քանի որ չի կրնար ըլլալ մեր Եկեղեցիներուն միջեւ հաղորդութեան վերականգնում՝ առանց հաւատքի միութեան։

Մեր մէջ ձեր ներկայութիւնը միտքս կը բերէ այն սիրելի երկիրը, ուրկէ կու գաք եւ զոր անցեալ Դեկտեմբերին ուրախութիւնը ունեցայ այցելել։ Լիբանանի այս հողը, որ այնքա՛ն հարազատ է սրտիս եւ որ երկար ժամանակ ամբողջ աշխարհին ցոյց տուաւ, թէ տարբեր մշակոյթներու եւ կրօններու պատկանող մարդիկ կրնան միասին ապրիլ որպէս մէկ միասնական ազգ, կը շարունակէ դիմագրաւել դժուարին փորձութիւններ։

Այնպիսի պահու մը, երբ ձեր երկրին միասնութիւնն ու ամբողջականութիւնը դարձեալ վտանգուած են, մեր Եկեղեցիները կոչուած են ամրապնդելու եղբայրական կապերը, որոնք կը միացնեն ոչ միայն քրիստոնեաները իրարու, այլեւ՝ ընդհանուր համատեղ հայրենիքի միւս համայնքներու իրենց եղբայրներուն եւ քոյրերուն հետ։

Ձերդ Սրբութիւն, կը հաւաստիացնեմ ձեզի իմ ամենօրեայ աղօթքներս եւ այն խոր մտահոգութիւնը, զոր կը տածեմ Լիբանանի ժողովուրդին եւ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներուն հանդէպ, որոնց պիտի նուիրէք դասախօսութիւն մը Հռոմ գտնուելու ձեր այս օրերուն։

Հոգեգալստեան Սրբազան Տօնին նախորդող այս օրերուն, մինչ կը պատրաստուինք վերապրելու նորածին Եկեղեցւոյ վրայ Սուրբ Հոգիի էջքի հրաշքին խորհուրդը, երախտապարտ եմ, որ այս հանդիպումէն ետք կարող պիտի ըլլամ Ձերդ Սրբութեան հետ միասին աղօթելու Սուրբ Հոգիին՝ Տէր եւ կենդանարար, որպէսզի մեզի շնորհէ միութեան պարգեւը, մեզի պարգեւէ տեւական խաղաղութիւն եւ նորոգէ երկրին երեսը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

Photogallery

Լեւոն ԺԴ. Արամ Ա. պաշտօնական հանդիպում եւ միասնական աղօթք Վատիկանի մէջ
18/05/2026, 13:20