Որոնել

Il Papa arrivato in Aula Paolo VI, al via il Concistoro straordinario

Կարդինալական արտակարգ Ժողով . Յունիս 27-ին եզրափակիչ օրը՝ ընդհանուր բարիքի, Սինոդի եւ Պապին հետ երկխօսութեան միջեւ

Օրը կ՛աւարտի ժամը 19:45-ին, Պօղոս Զ. սրահին մէջ Սրբազան Հօր եւ կարդինալներու միասնական ընթրիքով։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան 

Ունկնդրէ լուրը

Շաբաթ, Յունիս 27-ին, Կարդինալներու Արտակարգ Ժղովը (Concistoro Straordinario) պիտի աւարտի աղօթքի, խորհրդածութեան եւ քննարկումներու խտացեալ օրով մը՝ նուիրուած ընդհանուր բարիքի եւ Եկեղեցւոյ սինոդական ճանապարհի գլխաւոր թեմաներուն։

Օրը սկիզբ կ՛առնէ առաւօտեան ժամը 7:30-ին, Սուրբ Պետրոս Տաճարին մէջ մատուցուող Սուրբ Պատարագով, զոր կը նախագահէ Կարդինալական Դասի աւաեգերեց՝ Կարդինալ Ճովաննի Պատիստա Ռէն։

Ժամը 9:30-ին, Պօղոս Զ. սրահին մէջ, կը սկսի աշխատանքներու երրորդ նիստը՝ «Կառուցել բարիքի մէջ. մեր ժամանակի շինհրապարակները» խորագիրով։

Նախնական աղօթքէն եւ աշխատանքներու վերսկսումէն ետք, Կարդինալ Սթեֆան Պրիզլին կը ներկայացնէ վերոնշեալ թեման՝ մեկնելով «Magnifica humanitas» շրջաբերականի Ներածականէն եւ Եզրակացութենէն։

Այնուհետեւ կը յաջորդեն խմբային աշխատանքները, որոնց ընթացքին կարդինալները կը քննարկեն երեք հիմնական հարցումներ. յստակեցնել այն պատռուածքները, որոնք այսօր կը դժուարացնեն ընդհանուր բարիքի կառուցումը եկեղեցական եւ ընկերային տարբեր համատեքստերու մէջ. լսել այն ակնկալութիւններն ու հարցումները, որոնք կու գան այն անհատներէն ու ժողովուրդներէն, որոնց ընկերակցելու կոչուած է Եկեղեցին. խորհրդածել, թէ տեղական եկեղեցիներու եւ տիեզերական Եկեղեցւոյ որ գործիքները, ուղեցոյցներն ու նախաձեռնութիւնները կրնան աւելի արդիւնաւէտօրէն սատարել ընդհանուր բարիքի ի նպաստ եղած յանձնառութեան։

Ժամը 11:30-ին նախատեսուած է լիագումար նիստը։ Բոլոր խմբակները իրենց ներդրումը կը փոխանցեն էլեկտրոնային նամակով, իսկ Վիճակաւորներու խումբերը եւ միւս խումբերէն ոմանք իրենց տեղեկագիրները կը ներկայացնեն Սրահին մէջ։ Նիստը կը փակուի թեմայի շուրջ ազատ ելոյթներով եւ ժամը 12:45-ին՝ Հրեշտակ Տեառն աղօթքով։

Կէսօրէ ետք, ժամը 16:00-էն սկսեալ, Սինոդի Նոր Սրահին մէջ տեղի կ՛ ունենայ չորրորդ եւ վերջին նիստը՝ նուիրուած «Սինոդի գործադրութեան ընթացքը» թեմային։ Կարդինալ Մարիօ Կրեք կը ներկայացնէ «Դէպի 2027-2028 թուականներու սինոդական հաւաք. Փուլեր, չափանիշներ եւ գործիքներ պատրաստութեան համար» փաստաթուղթը, որուն կը յաջորդէ պարզաբանման եւ խորացման պահ մը։

Դադարէ մը ետք, ժամը 17:30-ին, յայտագիրը կը թեւակոխէ իր եզրափակիչ հանգրուանը՝ կարդինալներու եւ Սրբազան Հօր միջեւ երկխօսութեամբ։

Մասնակիցները ազատօրէն պիտի արտայայտուին իւրաքանչիւրը առաւելագոյնը երեք վայրկեան տեւողութեամբ։ Այնուհետեւ, Պապը պիտի ունենայ իր փակման ելոյթը, որ ուղիղ եթերով պիտի հեռարձակուի «Vatican Media»-ի կողմէ, որմէ ետք պիտի երգուի «Te Deum»-ը (Գոհաբանական աղօթքը), որ նոյնպէս ուղիղ պիտի հեռարձակուի։

Օրը կ՛աւարտի ժամը 19:45-ին, Պօղոս Զ. սրահին մէջ Սրբազան Հօր եւ կարդինալներու միասնական ընթրիքով։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

27/06/2026, 07:07