Որոնել

2026.06.27 Concistoro Straordinario - IV Sessione

Լեւոն ԺԴ. Կարդինալական ժողովի աւարտին. «Աստուած խաղաղութիւն կ'ուզէ, բռնութիւնը վերջին խօսքը պիտի չունենայ»

Սրբազան Պապը աւարտեց Վատիկանի մէջ կարդինալներու ժողովի աշխատանքները։ Ան յայտնեց թէ մխիթարուած է լսուած փորձառութիւններով. «Հայեացք մը, որ աչքերը չի փակեր աշխարհի վէրքերուն առջեւ»։ Ան ապա վերստին արծարծեց ժողովասրահին մէջ հնչած թեմաները՝ ոչ-բռնութիւն, աղքատութիւն, բազմակողմանիութիւն, երիտասարդներ, ընտանիք, հասարակաց բարիք, եւ պատերազմը, որ լոկ «պետութիւններու միջեւ հակամարտութիւն» մը չէ, այլ «կը ծնի տիրապետութեան մշակոյթէ մը», որ կ՚օգտագործէ տնտեսութիւնը, արհեստագիտութիւնն ու կրօնքը։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Շաբաթ` 27 Յունիս 2026-ի երեկոյեան իր աւարտին հասաւ Կարդինալական արտակարգ ժողովը, որ գումարուած էր Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապին կողմէ Յունիս 26-ին եւ 27-ին, մասնակցութեամբ աշխարհի չորս կողմերէն ժամանած 178 կարդինալներու։ Իր եզրափակիչ խօսքին մէջ, Քահանայապետը խաղաղութեան հզօր կոչ մը ուղղեց՝ վերահաստատելով, որ «Աստուած խաղաղութիւն կ'ուզէ ամէն ազգի եւ ամէն ժողովուրդի համար», եւ միջազգային ընտանիքին կոչ ըրաւ չյանձնուելու բռնութեան դիմաց։

Ելոյթին սկիզբը Քահանայապետը հրաւիրեց բոլոր ներկաները աղօթելու Վենեզուելայի համար, որ ծունկի եկած է երկրաշարժին պատճառով։ Այս պահու դրութեամբ աղէտը խլած է աւելի քան 920 զոհ եւ պատճառած՝ շուրջ 50 հազար անյայտ կորսուած։

«Կ՚ապահովեցնենք մեր աղօթքները զոհերուն, անոնց ընտանիքներուն եւ բոլոր անոնց համար, որոնք կը տառապին այս ողբերգութեան հետեւանքներէն։ Տիրոջ կը յանձնենք նաեւ բոլոր անոնք, որոնք ներգրաւուած են փրկարարական աշխատանքներուն մէջ, եւ կը խնդրենք, որ միջազգային հանրութեան զօրակցութիւնը չպակսի այդ սիրելի Ազգին հանդէպ» եղաւ արտասանուած աղօթքը։

Լեւոն ԺԴ. նաեւ յայտարարեց, որ նոր Կարդինալական ժողով մը պիտի գումարուի 2027-ին, շարունակականութիւն տալու համար այս օրերուն սկսած երկխօսութեան եւ խորհրդածութեան ուղիին։

Իր խօսքին մէջ Ան ապա անդրադարձաւ չորս աշխատանքային նիստերու ընթացքին արծարծուած գլխաւոր թեմաներուն՝ ոչ-բռնութեան խրախուսում, երկխօսութեան եւ բազմակողմանիութեան ամրապնդում, ընտանիքին սատարում, ուշադրութիւն երիտասարդներուն, ընդհանուր բարիքին եւ Եկեղեցւոյ ընկերային վարդապետութեան կեդրոնականութիւն։

Յատուկ կարեւորութիւն տրուեցաւ պատերազմի շուրջ խորհրդածութեան, զոր Քահանայապետը բնորոշեց ոչ միայն որպէս պետութիւններու միջեւ բախում, այլ որպէս արդիւնք «ուժի մշակոյթի» մը, որ կ'ազդէ քաղաքականութեան, տնտեսութեան, արհեստագիտութեան եւ նոյնիսկ կրօնքին վրայ։

Այս իրականութեան դիմաց, Լեւոն ԺԴ. որպէս քալելիք ուղի մատնանշեց համագործակցութեան եւ երկխօսութեան մշակոյթի մը կերտումը։

Պապը նաեւ ընդգծեց ոչ-բռնութեան արժէքը՝ բացատրելով, որ անիկա չի նշանակեր հրաժարիլ ճշմարտութենէն կամ անտեսել չարիքը, այլ դիմագրաւել տագնապները՝ առանց սնուցանելու ատելութիւնն ու վրէժխնդրութիւնը։ Այս ծիրէն ներս, ան յայտնեց իր մտադրութիւնը աստուածաբանական եւ հովուական տեսանկիւնէն խորացնելու օրինական պաշտպանութեան թեման՝ հաշուի առնելով արդի հակամարտութիւններու փոփոխութիւնները։

Լայն տեղ յատկացուեցաւ նաեւ նոր սերունդներու տառապանքներուն։ Լեւոն ԺԴ. հրաւիրեց ուշադրութիւն դարձնել երիտասարդական տագնապներուն, յոյսի կորուստին եւ անձնասպանութիւններու ցաւալի երեւոյթին՝ կոչ ընելով Եկեղեցւոյ խոնարհութեամբ մտիկ ընել երիտասարդներուն եւ անոնց ընտանիքներուն։

Նշուած առաջնահերթութիւններուն շարքին են նաեւ ընտանիքին սատարումը, որ որակուեցաւ որպէս յարաբերութիւններու եւ համերաշխութեան դպրոց, ամէն անհատի անձեռնմխելի արժանապատուութեան խրախուսումը եւ աղքատներու ներգրաւումը՝ որպէս յոյսի դերակատարներ։

Եզրակացութեան մէջ, Քահանայապետը վերահաստատեց սինոդականութեան (նախագահական-ժողովական դրութեան) կարեւորութիւնը, որ պէտք չէ հասկցուի որպէս պարզ կազմակերպչական մեթոտ, այլ որպէս հոգեւոր ոճ մը՝ հիմնուած մտիկ ընելու, զատորոշումի եւ հաղորդութեան վրայ։

Կարդինալական ժողովը, պարզաբանեց Ան, պէտք չէ նկատուի խորհրդարան կամ համագումար, այլ հաղորդութեան փորձառութիւն մը՝ ի սպաս Եկեղեցւոյ առաքելութեան եւ ընդհանուր բարիքի կերտման։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

27/06/2026, 20:40