Որոնել

Լեւոն ԺԴ. Պապը Լեւոն ԺԴ. Պապը   (@Vatican Media)

Լեւոն ԺԴ.․ «Սէրը կը պահանջէ հրաժարում, ինքնազոհութիւն եւ դիմացինին ընդունում»

Լեւոն ԺԴ. Պապը Մարեմեան Հրեշտակ Տեառն աղօթքին ընթացքին շեշտեց, որ Քրիստոսի հետեւորդ ըլլալը կը պահանջէ ամբողջական սիրոյ յարաբերութիւն Տիրոջ հետ, իսկ այդ սէրը կը պտղաբերէ հրաժարումի, ինքնազոհութեան եւ դիմացինը ընդունելու միջոցով։ Ան հաւատացեալները յանձնեց Սուրբ Կոյս Մարիամի բարեխօսութեան՝ աղօթելով, որպէսզի անոնք դառնան Քրիստոսի սիրոյ խոնարհ եւ ուրախ վկաներ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Կիրակի, 28 յունիսին, Սուրբ Պետրոս հրապարակի վրայ համախբուած հազարաւոր ուխտաւորներու ներկայութեամբ, Լեւոն ԺԴ. Պապը, Վատիկանի Առաքելական պալատին իր գրաենեակին պատհուհանէն արտասանեց կիրակնօրեայ Մարեմեան Հրեշտակ Տեառն աղօթքը ու կատարեց օրուան խորհրդածութիւնը։ Մեկնաբանելով օրուան Աւետարանը (Մատթէոս 10, 37-42), Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց, որ Քրիստոսի հետեւորդ ըլլալը արտաքին արարքներու հարց չէ, այլ ամբողջական սիրոյ յարաբերութիւն մը Տիրոջ հետ։

«Այսօրուան Աւետարանին մէջ եւս (Մատթէոս 10, 37-42) կը լսենք Յիսուսի յորդորները, որոնք մեզ կը հրաւիրեն ապրելու Իր հետեւորդութիւնը եւ դառնալու Իր Արքայութեան վկաները։ Խօսքը արտաքին արարքներու մասին չէ, այլ ամբողջովին նուիրուելու Իր հետ սիրոյ յարաբերութեան։ Իսկ որպէսզի սէրը պտուղ տայ, ան առնուազն երեք բան կը պահանջէ՝ հրաժարում, ինքնազոհութիւն եւ ընդունելութիւն», ըսաւ Ան

Հրաժարումը՝ սիրոյ հասունացման ճանապարհ

Խօսելով հրաժարումի մասին՝ Քահանայապետը բացատրեց, որ Յիսուսի խօսքերը, ըստ որոնց մարդը պէտք է Քրիստոսը ամէն բանէ աւելի սիրէ, չեն նուազեցներ ընտանեկան սէրը, այլ զայն կը հասցնեն իր լիակատարութեան։ Ամուսնական կեանքին մէջ, ինչպէս նաեւ զաւակներու դաստիարակութեան ընթացքին, իսկական սէրը երբեմն կը նշանակէ ազատ արձակել, որպէսզի միւսը կարենայ աճիլ եւ իր կոչումը իրագործել։ Այս միտքը լուսաբանելով՝ Լեւոն ԺԴ. յիշեցուց Սուրբ Օգոստինոսի խօսքը, որ հողագործը միայն սերմը հողին յանձնելով կրնայ յետագային բերք ստանալ։

Ինքնազոհութիւնը՝ կեանք պարգեւող սէր

Անդրադառնալով ինքնազոհութեան՝ Քահանայապետը դիտել տուաւ, որ ժամանակակից մշակոյթը կորստեան գաղափարը յաճախ կը նկատէ որպէս տկարութիւն։ Սակայն Աւետարանը կը սորվեցնէ, թէ կեանքը կը պտղաբերէ միայն այն ժամանակ, երբ մարդը կը նուիրէ ինքզինք ուրիշներուն՝ ժամանակ տրամադրելով, ուշադրութիւն ցուցաբերելով եւ սեփական յարմարութիւններէն հրաժարելով։ Քրիստոսի Խաչը այս ճշմարտութեան գերագոյն օրինակն է. Յիսուս իր անձը տուաւ, որպէսզի մարդկութիւնը ստանայ կեանքի լիութիւնը։

Ընդունելութիւնը՝ Քրիստոսի ներկայութիւնը դիմացինին մէջ

Խորհրդածութեան վերջին բաժինին մէջ Սրբազան Հայրը կանգ առաւ ընդունելութեան վրայ։ Ան շեշտեց, որ սէրը կը դրսեւորուի առօրեայ պարզ, բայց խորիմաստ արարքներով, ինչպէս ծարաւ մարդուն մէկ բաժակ ջուր տալը։ Յիսուս իր աշակերտները առաքեց առանց պաշարներու, որպէսզի անոնք կարենան ուրիշներու հիւրընկալութիւնը ընդունիլ եւ այդպէս վկայել, թէ ով կը հիւրընկալէ Քրիստոսի անունով եկողը, կը հիւրընկալէ նաեւ Քրիստոսը եւ երկնաւոր Հայրը։

Աղօթք Սուրբ Կոյս Մարիամին

Խորհրդածութեան աւարտին Լեւոն ԺԴ. հրաւիրեց հաւատացեալները դիմելու Սուրբ Կոյս Մարիամի բարեխօսութեան, որ իր Որդին սիրեց նոյնիսկ զայն աշխարհի փրկութեան համար ընծայելու պատրաստակամութեամբ։ Ան աղօթեց, որպէսզի Աստուածամայրը օգնէ բոլորին դառնալու Քրիստոսի սիրոյ խոնարհ եւ ուրախ վկաներ։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

28/06/2026, 12:13

«Հրեշտակ Տեառն»ը աղօթք մըն է որ կ՛արտասանուի օրը երեք անգամ ի յիշատակ Մարդեղութեան խորհուրդին – առաւօտեան 6-ին, կէսօրին ու երեկոյեան 18-ին, պահը երբ կը հնչէ «Հրեշտակ Տեառն»ի զանգակը։ Աղօթքին անունը առնուած է աղօթքին առաջին բառերէն «Հրեշտակ Տեառն աւետեաց Սրբոյ Կուսին Մարիամու» ու բաղկացած է երեք փոքրիկ նախադասութիւններէ որոնք կը հային Յիսուս Քրիստոսի Մարդեղութեան, ապա երեք Ողջոյն Քեզ Մարիամ աղօթք։ Սոյն աղօթքը կ՛արտասանէ Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ, Կիրակի օր կէսօրին ու Տօնական օրերուն առթիւ։ Հրեշտակ Տեառն աղօթքէն առաջ Քահանայապետը կը ներկայացնէ հակիրճ խորհրդածութիւն մը, ներշնչուելով օրուան սուրբգրային ընթերցումներէն, որուն կը յաջորդէ նաեւ ուխտաւորներուն ուղղուած ողջոյնի խօսքը։ Սուրբ Զատիկէն մինչեւ Պենտեկոստէի տօնը, Հրեշտակ Տեառն-ի տեղ կ՛արտասանուի «Ուրախ լեր Թագուհի Երկնից» աղօթքը, որ Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան յիշատակին աղօթքն է, որուն աւարտին «Փառք Հօր»ը կ՛արտասանուի երեք անգամ։

Վերջին «Հրեշտակ Տեառնը» / «Ուրախ լեր Թագուհի երկնից»

Կարդալ բոլորը >