Որոնել

2025.03.18 Nuova illuminazione Cupola San Pietro

Լեւոն ԺԴ. Պապը հաստատեց Ֆինանսական Վերահսկողութեան եւ Տեղեկատուութեան Իշխանութեան (ASIF) նոր կանոնադրութիւնը

Լեւոն ԺԴ. Պապը նոր ինքնագիր նամակով հաստատեց Ֆինանսական Վերահսկողութեան եւ Տեղեկատուութեան Իշխանութեան (ASIF) նոր կանոնադրութիւնը՝ նպատակ ունենալով ամրապնդել Սուրբ Աթոռի ֆինանսական համակարգի թափանցիկութիւնը, ամբողջականութիւնը եւ միջազգային չափանիշներուն համապատասխան վերահսկողութիւնը։ Նոր կանոնադրութիւնը կ'արդիականացնէ ASIF-ի գործունէութիւնը՝ հաշուի առնելով վերջին օրէնսդրական բարեփոխումները եւ ուժի մէջ կը մտնէ հրապարակման օրը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը 25 Յունիս 2026-ին հրապարակուած ինքնագիր նամակով հաստատեց Սուրբ Աթոռի Ֆինանսական Վերահսկողութեան եւ Տեղեկատուութեան Իշխանութեան (ASIF) նոր կանոնադրութիւնը՝ վերահաստատելով, որ թափանցիկութիւնը, ամբողջականութիւնը եւ պատասխանատու կառավարումը Սուրբ Աթոռի եւ Վատիկան Քաղաք-Պետութեան տնտեսական ու ֆինանսական գործունէութեան հիմնարար սկզբունքներն են։

Փաստաթուղթին մէջ Պապը կը նշէ, թէ վերջին տարիներուն Սուրբ Աթոռը հետեւողականօրէն ամրապնդած է իր օրէնսդրական եւ հաստատութենական համակարգը՝ զարգացնելով կանխարգիլման, վերահսկողութեան եւ հսկողութեան ամբողջական կառոյց մը, որ հիմնուած է օրինականութեան, թափանցիկութեան, համաչափութեան եւ միջազգային համագործակցութեան սկզբունքներուն վրայ։

Ինքնագիր նամակը կը յիշեցնէ, որ այս ընթացքին Սուրբ Աթոռը զգալի քայլեր առած է յանցաւոր գործունէութիւններէ ստացուած եկամուտներու լուացման, ահաբեկչութեան ֆինանսաւորման եւ զանգուածային ոչնչացման զէնքերու տարածման դէմ պայքարի ուղղութեամբ։ Միաժամանակ, ամրապնդուած են այն հաստատութիւններուն նկատմամբ վերահսկողութեան ընթացակարքերը, որոնք մասնագիտական ֆինանսական գործունէութիւն կը ծաւալեն, ապահովելով անոնց առողջ, խոհեմ եւ կայուն կառավարումը՝ միջազգային բարձրագոյն չափանիշներուն համապատասխան։

Լեւոն ԺԴ. կը շեշտէ, որ Սուրբ Աթոռը վճռակամ է շարունակելու այս ուղին՝ նպաստելով այնպիսի իրաւական համակարգի զարգացման, որ պահպանելով իր առանձնայատկութիւնները, միաժամանակ ներդրում ունենայ միջազգային ֆինանսական համակարգի ամբողջականութեան եւ անվտանգութեան ամրապնդման մէջ։

Այս ծիրին մէջ ASIF-ը կը ներկայացուի որպէս առանցքային մարմին, որ գործող օրէնսդրութեան համաձայն պատասխանատու է ֆինանսական վերահսկողութեան, կարգաւորման, հսկողութեան եւ ֆինանսական տեղեկատուութեան ոլորտներուն համար։

Նոր կանոնադրութեան ընդունումը կը բխի նաեւ վերջին տարիներուն կատարուած օրէնսդրական բարեփոխումներէն։ Անոնց շարքին են 2022 թուականի Praedicate Evangelium առաքելական սահմանադրութիւնը, 2023 թուականի թափանցիկութեան, վերահսկողութեան եւ ֆինանսական տեղեկատուութեան մասին նոր օրէնքը, ինչպէս նաեւ 2025 թուականի Հռոմի Քուրիայի անձնակազմի նոր կանոնակարգը, որոնք անհրաժեշտ դարձուցած են ASIF-ի ներքին կազմակերպութեան կանոնադրական դրոյթներու արդիականացումը։

Փաստաթուղթի աւարտին Լեւոն ԺԴ. կը հրահանգէ, որ ինքնագիր նամակը ու անոր կցուած կանոնադրութիւնը անմիջապէս հրապարակուին L’Osservatore Romano-ի մէջ եւ նոյն օրը մտնեն ուժի մէջ, ապա ներառուին Acta Apostolicae Sedis-ի պաշտօնական հրատարակութեան մէջ։ Քահանայապետը նաեւ կը հաստատէ, որ այս որոշումները ունենան «անմիջական, լիակատար եւ մնայուն ուժ»՝ անկախ որեւէ հակառակ կարգադրութենէ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

30/06/2026, 12:10