Լեւոն ԺԴ. Պատերազմի քամիները թող չմարեն յոյսը, վերադառնանք երկխօսութեան
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
«Սիրելի՛ եղբայրներ եւ քոյրեր, կ՚ողջունեմ այս գեղեցիկ գիւղաքաղաքին՝ Քասթել Կանտոլֆոյի բնակիչները, ուր քանի մը օրեր կ՜ անցնեմ հանգիստի համար, եւ ուրախութեամբ կ՚ընդունիմ ձեզ բոլորդ՝ ուխտաւորներդ աշխարհի բոլոր կողմերէն». Այս խօսքերով է որ Լեւոն Պապը ողջոյնի խօսքը սկսաւ Կիրակի 12 Յուլիսին Քասթել Կանտոլֆոյի մէջ գլխաւորած Մարեմեան աղօթքի աւարտին։
Թոյլ չտանք որ պատերազմի քամիները մարեն յոյսի ու խաղաղութեան ճրագը
«Դժբախտաբար պատերազմի քամիները կրկին կը փչեն Միջին Արեւելքի, Ուքրանիոյ եւ աշխարհի բազմաթիւ այլ վայրերու մէջ՝ սերմանելով բռնութիւն, ահաբեկչութիւն ու մահ, եւ դարձեալ հարուածելով բազմաթիւ անմեղներ» ըսաւ ապա Քահանայապետը հրաւիրելով թոյլ չտալ, որ այս քամիները «մարեն յոյսի ու խաղաղութեան ճրագը, նոյնիսկ երբ ան կը թուի տկար եւ երերուն»:
Յարատեւութեամբ քալել երկխօսութեան, հանդիպման եւ դիւանագիտութեան ճամբով
Նորին Սրբութիւնը հուսկ վերանորոգեց մաղթանքը, յարատեւութեամբ քալելու երկխօսութեան, հանդիպման եւ դիւանագիտութեան ճամբով, որ հաստատեց Ան «միակ ուղին է, որ կարող է առաջնորդել դէպի արդար եւ տեւական խաղաղութիւն, ուր ժողովուրդները կրնան ապրիլ հաշտուած, փոխադարձ անվտանգութեան եւ իւրաքանչիւր անձի արժանապատուութեան հանդէպ յարգանքով»:
Ծովու կիրակին
Լեւոն Պապը յիշեց ապա «Ծովու Կիրակին» եւ իր մտածումը ուղղեց աշխարհի բոլոր նաւաստիներուն, ձկնորսներուն եւ նաւահանգիստի աշխատաւորներուն, որոնք, «յատկանշուած իրենց հարազատներէն հեռու ըլլալով եւ երբեմն ալ ծովային ուղիները յուզող հակամարտութիւններու վախով, համբերատար ու լուռ աշխատանքով կը սատարեն բազմաթիւ ժողովուրդներու առեւտուրին եւ կեանքին» յարեց Ան եւ ի վերջոյ աղօթքով միացաւ լեհ բազմաթիւ հաւատացեալներուն, որոնք հաւաքուած են Եազնա Կորայի սրբապատկերին առջեւ՝ տարեկան ուխտագնացութեան համար, «որպէսզի որպէս «առաքելական աշակերտներ» ըլլան Աւետարանի ուրախ վկաները» ըսաւ Սրբազան Պապը եւ խօսքը աւարտեց «Բարի կիրակի» մաղթելով բոլորին:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.
