Սեպտեմբերին Լեւոն ԺԴ․ Պապը բացումը պիտի կատարէ Վատիկանի Գրադարանի «AQVA» ցուցահանդէսին
Մարիամ Երեմեան - Վատիկան
Յառաջիկայ 14 Սեպտեմբերին, ժամը 11ին, Լեւոն ԺԴ․ Պապը պիտի այցելէ Վատիկանի Առաքելական Գրադարանը եւ պիտի կատարէ «AQVA» ցուցահանդէսին բացումը։ Այս ձեռնարկը մաս կը կազմէ «Աղէտ եւ հրաշք» (Catastrofe e meraviglia) խորագիրը կրող աւելի ընդարձակ ցուցահանդէսներու շարքի մը, որ նուիրուած է բնութեան տարրերուն շուրջ խորհրդածութեան՝ որպէս մարդկութեան վախերուն ու յոյսերուն հայելին։ Նոյն այս տարրերը, որոնք պատմական ժառանգութեան եւ, հետեւաբար, հաւաքական յիշողութեան պահպանման գլխաւոր սպառնալիքներէն մէկը կը հանդիսանան, կը վերածուին համապարփակ այլաբանութեան մը՝ մարդկային մեծ տագնապներուն ընդդէմ այն ամէնուն, ինչ որ կը խուսափի իր հսկողութենէն։
«AQVA»-ին ներկայացուած են ֆրանսացի արուեստագէտ Ժէյ Էռի (JR), ամերիկացի տպագրիչ Պիլ Մորանի եւ իտալացի խոհարար Ֆուլվիօ Փիերանճելինիի գործերը։
Համադրողներն են՝ տօն Ճաքոմօ Քարտինալին, Սիմոնա Տէ Քրեշենցոն, Ֆրանչեսքա Ճաննեթթոն եւ Տելիօ Փրովերպիոն։
Ցուցահանդէսը այցելուներուն բաց պիտի ըլլայ Սեպտեմբեր 25-էն մինչեւ 14 Մայիս 2027, շաբթուան որոշ օրերուն։
Առաջին մաս․ Ջուրը՝ սպառնալիքէն մինչեւ կենսական պաշար
«Առաքելական Գրադարանը, Առաքելական Արխիւին հետ մէկտեղ, ուրախ է հիւրընկալելու Լեւոն ԺԴ․ Պապը», նշած է Վատիկանի Արխիւագէտ եւ Գրադարանավար՝ Գերապայծառ Ճովաննի Չեզարէ Բակացցին՝ բացատրելով, որ ջուրին նուիրուած այդ առաջին հանդիպումը հաշտեցման ընթացք մըն է՝ ջուրի որպէս սպառնալից ուժ նախնական ընկալմանը վերադարձնելու նաեւ անոր կենսական պաշարի արժէքը, եւ միտում ունի երկխօսութիւն ստեղծելու ժամանակակից արուեստի եւ Վատիկանի Գրադարանի դարաւոր ժառանգութեան միջեւ։ Այսպիսով «ներկան կը դառնայ այն տունը, ուր զրոյցի մէջ կը մտնեն անցեալն ու ապագան», շարունակած է է Գերապայծառը շեշտելով, որ անցեալին եւ ապագային հաւատարմութիւնը ՝ Սրբազան Քահանայապետը զանազան առիթներով յորդորած է, ուստի եւ «Պապին Գրադարանը, կը փափաքի իր նպաստը բերել այս տան կառուցման»։
Ցուցահանդէսային շարքի մեկնարկային կէտը
«Ամբողջ ցուցահանդէսային շարքի մեկնարկային կէտը հանդիսացած է Կայէթանօ Վոլփիի մատենասիրութեան աշխատութիւնը՝ «Գիրքեր ունենալու մոլուցքին մասին» (1756 թուականին), ուր կը թուարկուին գիրքերու պահպանման սպառնացող վտանգները՝ ջուրէն մինչեւ հուր, լոյսէն մինչեւ կենդանիներ, հասնելով մինչեւ այն վնասները, զորս մարդը ինքնին ընդունակ է հասցնելու իր սեփական մշակութային ժառանգութեան։ Այն համոզումով, թէ վախերու առջեւ միշտ աւելի խոհեմ է կանգ առնել եւ անոնց միջով անցնիլ», կը հաստատէ Վատիկանի Գրադարանավարի Տեղակալ եւ Ցուցահանդէսային Յանձնակատար Հայր Ճաքոմօ Քարտինալին՝ աւեցնելով, որ նախաձեռնութեան մէջ ներգրաւած են «արտակարգ տաղանդի տէր երեք ստեղծագործողներ՝ մէկ արուեստագէտ, մէկ տպագրիչ եւ մէկ խոհարար, անակնկալ հորիզոններ յայտնաբերելով ճիշդ այն բաներուն մէջ, որոնք սովորաբար մեզ կը սարսափեցնեն»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.
