Որոնել

Լեւոն ԺԴ. Պապը աղքատներուն հետ Լեւոն ԺԴ. Պապը աղքատներուն հետ  (@Vatican Media)

«Գովեալ Ըլլաս» աւանին մէջ՝ Լեւոն ԺԴ.Պապը յուլիս 11-ին պիտի ճաշէ Հռոմի թեմի 200 աղքատներու հետ։

Յուլիս 11-ին Լեւոն ԺԴ. Պապը Քասթել Կանտոլֆոյի «Գովեալ Ըլլաս» աւանին մէջ պիտի ճաշէ Հռոմի թեմի շուրջ 200 աղքատ եւ ընկերային խոցելի վիճակի մէջ ապրող անձերու հետ՝ շարունակելով մերձաւորութեան եւ եղբայրասիրութեան նախաձեռնութիւնը, որ սկսած էր 2025-ին։ Այս նախաձեռնութիւնը, որ ապագային պիտի դառնայ ամէնամեայ հանդիպում, նպատակ ունի աղքատներուն, գաղթականներուն եւ այլ խոցելի խումբերուն ընծայել Սրբազան Քահանայապետին հանդիպելու, արժանապատուութիւն վերագտնելու եւ Եկեղեցւոյ հոգատարութիւնը ապրելու առիթ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Շաբաթ, 11 Յուլիսին, «Գովեալ Ըլլաս» աւանէն ներս, որ կը գտնուի Քասթել Կանտոլֆոյի Քահանայապետական պարտէզներուն մէջ, Լեւոն ԺԴ. Պապը միասին պիտի ճաշէ Հռոմի թեմէն շուրջ 200 ընկերային խոցելի վիճակի մէջ ապրող անձերու հետ։ «Ճաշ Պապին հետ» խորագիրով նախաձեռնութիւնը կը նպատակադրէ շարունակել այն մերձեցման եւ եղբայրասիրութեան փորձառութիւնը, որ սկսած էր 2025-ի օգոստոսին, երբ Սրբազան Քահանայապետը ճաշած էր Ալպանոյի թեմի աղքատներուն հետ։

Օրուան ծրագիրը կը ներառէ Արարիչի պահպանութեան նուիրուած Սուրբ Պատարագ, հիւրընկալութիւն, «Գովեալ Ըլլաս» աւանի այցելութիւն եւ վերջապէս՝ Պապին հետ համատեղ ճաշ։

Կեդրոնի հաղորդագրութեան համաձայն, այս նախաձեռնութիւնը պիտի դառնայ ամէնամեայ հանդիպում, ուր իւրաքանչիւր տարի տարբեր թեմ մը պիտի հրաւիրէ աղքատութեան մէջ ապրող մարդիկ, գաղթականներ, փախստականներ եւ այլ խոցելի խմբակներ՝ անոնց ընծայելով բնութեան գեղեցկութեան մէջ օր մը անցնելու եւ Սրբազան Քահանայապետին հանդիպելու հնարաւորութիւնը։ Այս տարուան նախաձեռնութիւնը կազմակերպուած է «Գովեալ Ըլլաս» Բարձրագոյն Ուսումնական Կեդրոնին, Գթութեան ծառայութեան վերատեսչութեան եւ Հռոմի թեմին համագործակցութեամբ։

«Գովեալ Ըլլաս» աւանը կը ստեղծուի ցոյց տալու համար, թէ արարչագործութեան պահպանումն ու մարդուն նկատմամբ հոգատարութիւնը նոյն առաքելութեան երկու անբաժանելի երեսներն են», կը յայտնէ կարդինալ Ֆապիօ Պաճճիօ, աւելցնելով, թէ այս նախաձեռնութիւնը կը շարունակէ Լեւոն ԺԴ. Պապին ճանապարհը դէպի մեր ժամանակներու ընկերային ծայրամասերը։

Գթութեան ծառայութեան Վերատեսչութեան պատասխանատու գերպ Լուիս Մարին տէ Սան Մարտին կը շեշտէ, որ Սրբազան Քահանայապետին ընտրութիւնը կը վերահաստատէ, թէ քրիստոնէական սէրը կը դրսեւորուի մերձաւորութեամբ, հանդիպումով եւ բաժնեկցութեամբ։ Անոր խօսքով, երբ Եկեղեցին առաջնահերթութիւն կու տայ ամենախոցելի անձերուն, տեսանելի կը դարձնէ Աւետարանը եւ կը վկայէ, որ Աստուծոյ սրտին մէջ ոչ ոք լուսանցքի վրայ չէ։

Իր կարգին, Հռոմի թեմի ընդհանուր փոխանորդ կարդինալ Պալտասսարէ Ռէյնա կը նշէ, որ օրուան գլխաւոր դերակատարները այն մարդիկն են, որոնց ամէնօրեայ կերպով կ'ընկերակցին թեմի ծուխերը, Քարիթասը եւ եկեղեցական ու ընկերային բազմաթիւ կառոյցներ։ Անոր համաձայն, Պապին հետ հանդիպումը արժանապատուութիւն եւ կեդրոնական տեղ կը վերադարձնէ անոնց, որոնք յաճախ կը մնան հասարակութեան լուսանցքին, եւ ամբողջ քրիստոնէական համայնքը կը հրաւիրէ նորոգ պատասխանատուութեամբ ապրելու ընդունելութեան եւ ծառայութեան կոչը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

08/07/2026, 10:22