Որոնել

Քասթել Կանտոլֆօ Քասթել Կանտոլֆօ  (@Vatican Media)

Քասթել Կանտոլֆոյի ծուխի քահանան. «Կը փափաքինք, որ Սրբազան Քահանայապետը այստեղ իսկական հանգիստ վայելէ»

Քասթել Կանտոլֆոյի Սուրբ Թովմաս Վիլանովացիի ծուխի քահանայ, սալեզեան Տօն Թատէուշ Ռոզմուս յոյս յայտնեց, որ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը իր ամառնային հանգիստը խաղաղութեամբ անցընէ՝ նուիրուելով աղօթքի, ընթերցանութեան, հանգստի եւ մարմնամարզութեան: Ան նաեւ ընդգծեց, որ Քահանայապետի վերադարձը վերակենդանացուցած է բնակիչներուն յիշողութիւնները Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ.-ի ամառնային այցելութիւններէն։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Վատիկանի լրատուամիջոցներուն հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին Տօն Ռոզմուս նշեց, թէ իրենց միակ ցանկութիւնն է, որ Սրբազան Քահանայապետը Քասթել Կանտոլֆոյի մէջ խաղաղ եւ հանգիստ օրեր ապրի՝ ըստ իր իսկ սահմանած նպատակներուն։ Ան յիշեցուց, որ Լեւոն ԺԴ. նախապէս յայտարարած էր, թէ այս շրջանը պիտի նուիրէ աղօթքի, ընթերցանութեան, հանգստի եւ մարզական զբաղումներու։

Ծուխի քահանան առանձնակի երախտագիտութեամբ անդրադարձաւ այն փաստին, որ Քահանայապետը Առաքելական պալատի պատշգամէն իր առաջին ողջոյնին ընթացքին յատուկ խօսք ուղղեց իրեն եւ համայնքին։ Ռոզմուսի համաձայն, այդ ժեստը անակնկալ էր եւ մեծ գնահատանքի նշան՝ ուղղուած ամբողջ ծուխին։

Ան նաեւ պատմեց, որ անցեալ տարուան ընթացքին բազմիցս հանդիպած է Լեւոն ԺԴ.-ին, երբ վերջինս կանոնաւոր կերպով կը գտնուէր Վիլլա Պարբերինիի մէջ։ Այդ կարճ հանդիպումները, ըստ քահանային, առիթ դարձած են զգալու Սրբազան Քահանայապետի հայրական մօտիկութիւնն ու պարզութիւնը։

Տօն Ռոզմուս յիշեց նաեւ 2025 թուականի յուլիսի 13-ին Սուրբ Թովմաս Վիլանովացի եկեղեցւոյ մէջ Լեւոն ԺԴ.-ի նախագահած առաջին Սուրբ Պատարագը, որուն ընթացքին Քահանայապետը համայնքին նուիրած էր գեղեցիկ պատարագի բաժակ մը (քաղիս)։ Քահանան նշեց, թէ այդ նուէրը իր քահանայական ծառայութեան ամենայիշարժան պահերէն մէկն է։

Քասթել Կանտոլֆոյի բնակիչներուն համար, ըստ Ռոզմուսի, Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ.-ի յիշատակը տակաւին կենդանի է։ Ան ըսաւ, որ շատեր արցունքով կը յիշեն այն տարիները, երբ պապերը կանոնաւոր կերպով կ՛անցընէին իրենց ամառնային հանգիստը այդ քաղաքին մէջ, իսկ Լեւոն ԺԴ.-ի վերադարձը այդ գեղեցիկ աւանդութեան շարունակութեան զգացումը կը վերակենդանացնէ։

Այս տարուան պապական հանգիստը նաեւ կը համընկնի Քասթել Կանտոլֆոյի մէջ պապերու ամառնային բնակութեան 400-ամեակին։ Յոբելենական տարեդարձին առիթով թեմը, քաղաքային իշխանութիւններն ու ծուխը միասնաբար կը պատրաստեն յատուկ ձեռնարկներ՝ արժեւորելու չորս դարերու ընթացքին Սուրբ Պետրոսի յաջորդներու ներկայութիւնը այս պատմական վայրին մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

07/07/2026, 11:54