Որոնել

2025.10.11 Veglia di Preghiera e Rosario per la Pace

Լեւոն ԺԴ. Սուրբ Քողոմբանոսի օրինակը կը հրաւիրէ խաղաղութեան եւ միութեան

Lեւոն ԺԴ. Պապը Քողոմբանոսի 27-րդ օրուան առիթով կոչ ուղղեց Եւրոպայի ժողովուրդներուն վերագտնելու քրիստոնէական արմատները եւ խաղաղութեան ուղին՝ Սուրբ Քողոմբանոսի օրինակով։ Ան ընդգծեց, որ պատերազմներու դիմաց հաշտեցումը կը սկսի ապաշխարութենէ, Աստուծոյ ողորմութեան աղերսէն եւ մարդկային սրտերու նորոգումէն։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Պետական քարտուղար, Կարդինալ  Փիէթրօ Փարոլինի ստորագրութեամբ հրապարակուած նամակով, Նորին Սրբութիւն Լեւոն ԺԴ. Պապը իր ողջոյնն ու օրհնութիւնը փոխանցեց Լոտիի մէջ կայացած Քողոմբանոսի 27-րդ օրուան մասնակիցներուն։

Սրբազան Հայրը գնահատեց տարիներ շարունակ կազմակերպուող այս նախաձեռնութիւնը, որ Սուրբ Քողոմբանոսի հոգեւոր ժառանգութեան շուրջ կը համախմբէ Եւրոպայի տարբեր ժողովուրդներ ու համայնքներ՝ խթանելով քրիստոնէական արժէքներու վերագտնումը։

Պապը յատկապէս ընդգծեց խաղաղութեան կարեւորութիւնը՝ հրաւիրելով Սուրբ Քողոմբանոսէն սորվիլ ապաշխարութեան եւ հաշտեցման ոգին։ Ան շեշտեց, որ պատերազմի եւ բաժանումներու դիմաց անհրաժեշտ է Աստուծոյ ողորմութիւնը հայցել, որովհետեւ միայն անիկա կրնայ մարդկային սրտերուն մէջ ծնունդ տալ ներողամտութեան եւ իսկական խաղաղութեան։

Վերջապէս, Լեւոն ԺԴ. Պապը իր Առաքելական Օրհնութիւնը փոխանցեց բոլոր կազմակերպիչներուն եւ մասնակիցներուն՝ մաղթելով, որ Սուրբ Քողոմբանոսի վկայութիւնը շարունակէ ներշնչել Եւրոպայի ժողովուրդներուն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

05/07/2026, 18:00