Որոնել

«Հոս եմ՝ ձեզի ըսելու, որ Քահանայապետը կը շարունակէ ձեզի ուղեկցիլ, ձեզի կը զօրակցի եւ կը քաջալերէ». Լեւոն ԺԴ.

«Այն իրողութիւնը, որ դուք կամեցաք Ֆաւալորոյի նաւահանգիստը կոչել Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի անունով, վկայութիւնն է այն խոր կապին, զոր իմ նախորդս հաստատեց ձեր համայնքին, ինչպէս նաեւ գաղթական եղբայրներուն եւ քոյրերուն հետ։ Սրբազան Քահանայապետը այս ծանր ու պահանջկոտ ժամանակաշրջանին ձեր կողքին եղած է։ Իսկ այսօր ես հոս եմ՝ ձեզի ըսելու, որ Սրբազան Քահանայապետը կը շարունակէ ձեզի ուղեկցիլ, ձեզի կը զօրակցի եւ կը քաջալերէ» ըսաւ Լեւոն Պապը նշելով թէ ինք չէ եկած ճառեր արտասանելու այլ պատարագ մատուցելու

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Լամփետուզա կատարած կարճ այցելութեան շրջագիծէն ներս Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը Ֆաւալորօ Նաւահանգիստին մէջ օրհնութիւնը կատարեց յուշատախտակին` որով նաւահանգիստը պաշտօնապէս կոչուեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապին անունով։

Յուշատախտակի բացման առիթով կղզիին քաղաքապետ Ֆիլիփփօ Մաննինօ ողջոյնի խօսք մը ուղղեց Սրբացան Հօր Լամբետուզայի եւ Լինոզայի համայնքին անունով, որուն մէջ ան Պապին ներկայութիւնը որակեց` որպէս «պարգեւ մը» եւ «պատասխանատուութիւն մը»՝ յիշեցնելով կղզիին դերը որպէս հիւրընկալութեան, համերաշխութեան եւ յոյսի խորհրդանիշ՝ Միջերկրականի սրտին մէջ։

Լամփետուզան Միջերկրականի մէջ խաղաղութեան փոքրիկ նշան մը

Քաղաքապետը յարգանքի տուրք մատուցեց ձկնորսներուն, փրկարարներուն, իրաւապահ մարմիններուն, կամաւորներուն եւ բոլոր քաղաքացիներուն, որոնք տարիներու ընթացքին քաջաբար դիմագրաւած են գաղթականներու հոսքերուն հետ կապուած մարտահրաւէրները՝ առանց երբեք հրաժարելու մարդկային արժանապատուութեան եւ զօրակցութեան արժէքներէն։

«Այսօր խորհրդանշական կերպով ձեզի կը յանձնենք այս լոյսը։ Ասիկա մեր փարոսի լոյսն է՝ Լամփետուզայի փարոսին լոյսը։ Փարոսը աղմուկ չի հաներ։ Չի դատեր։ Չ՛ ընտրեր, թէ ո՛վ արժանի է իր լոյսին։ Ան գիշերը վառ կը մնայ, ճամբայ ցոյց կու տայ, կ՛ուղեկցի անոր, որ ափ մը կը փնտռէ, եւ կը յիշեցնէ, որ ոչ ոք պէտք է մթութեան մէջ կորսուած զգայ» ըսաւ ի միջի այլոց իր խօսքին մէջ Քաղաքապետը Լամփետուզան որակելով «Միջերկրականի մէջ խաղաղութեան փոքրիկ նշան մը որ կը խօսի աշխարհի բոլոր մարդոց»։

Ունկնդրել վիրաւոր ազգերու ձայնը եւ ընտրել խաղաղութիւնը

«Լամփետուզան ընկալեց օգնեց մխիթարեց..ճանչցաւ վախը, յոգնութիւնը եւ բարկութիւնը, բայց երբեք չի դադրեցաւ օգնութեան ձեռք երկարելէ» յարեց ապա Տիար Մաննինոն մաղթելով որ այդ փոքրիկ կղզիէն բարձրանայ կոչ մը ուղղուած միջազգային համայնքի պատասխանատուներուն որպէսզի ունկնդրեն վիրաւոր ազգերու ձայնը եւ ընտրեն խաղաղութիւնը։

Քաղաքապետը ողջոյնի խօսքը փակեց համայնքին համար օրհնութեան խնդրանքով մը՝ անոնց համար, որոնք կ'ապրին ու կը գործեն ծովուն վրայ, անոնց համար, որոնք կեանքեր կը փրկեն, անոնց համար, որոնք կը ժամանեն, եւ անոնց համար, որոնք երբեք չվերադարձան, վերահաստատելով այն պատգամը, որ Լամբետուզայէն անգամ մը եւս աշխարհին ուղղուի այս պատգամը. ո՛չ մէկ գիշեր այնքան խաւար է, որ կարենայ արգիլել լոյսի մը վառ մնալը։

Լեւոն Պապին պատգամը

Քաղաքապետի խօսքերուն արձագանգելով Լեւոն Պապը նախ ուզեց շնորհակալութիւնը յայտնել անոր ապա բոլոր ներկաներուն իրեն վերապահած ջերմ ընդունելութեան համար։

«Այն իրողութիւնը, որ դուք կամեցաք Ֆաւալորոյի նաւահանգիստը կոչել Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի անունով, վկայութիւնն է այն խոր կապին, զոր իմ նախորդս հաստատեց ձեր համայնքին, ինչպէս նաեւ գաղթական եղբայրներուն եւ քոյրերուն հետ։ Սրբազան Քահանայապետը այս ծանր ու պահանջկոտ ժամանակաշրջանին ձեր կողքին եղած է։ Իսկ այսօր ես հոս եմ՝ ձեզի ըսելու, որ Սրբազան Քահանայապետը կը շարունակէ ձեզի ուղեկցիլ, ձեզի կը զօրակցի եւ կը քաջալերէ» ըսաւ Լեւոն Պապը նշելով թէ ինք չէ եկած ճառեր արտասանելու այլ պատարագ մատուցելու որպէս վսեմ նշան Քրիստոսի ներկայութեան մեր միջեւ։

Լամփետուզան վայր` ուր խօսքերէն աւելի գործերը կը խօսին

Ակնարկելով Յիսուսի հացը բեկանելու արարքին Քահանայապետը հաստատեց թէ Լամփետուզան վայր մըն է ուր խօսքերէն աւելի գործերն են, որ կը խօսին։ Սակայն որպէսզի գործերը իսկապէս մարդկային ըլլան, սիրտի մը կարիքն ունին։

«Ահա թէ ինչու հոս համախմբուած ենք՝ Քրիստոսէն քաղելու այն սէրը, զոր միայն Ինք կրնայ մեզի պարգեւել, որպէսզի այսօրուան եւ վաղուան աշխարհը աւելի մարդկային դառնայ՝ բոլորին համար» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

04/07/2026, 10:30