Լեւոն ԺԴ Castel Gandolfo-ի մէջ. հանգիստի, աղօթքի եւ մարզանքի ժամանակաշրջան
Վատիկան Նիուզ – Հայկական Բաժանմունք
Առաքելական Պալատի պատշգամին վրայ կախուած վարագոյրը Castel Gandolfo-ի հրապարակին մէջ հաւաքուած հաւատացեալներուն աւետեց Լեւոն ՊապիՆ ժամանումը։ Երէկ Լամփետուզա կատարած հովուական այցելութենէն եւ այսօր՝ Յուլիս 5-ին, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին մէջ արտասանած Մարեմեան աղօթքէն ետք, Քահանայապետը կէսօրէ ետք մեկնեցաւ Լացիոյի այս գիւղաքաղաքը։ Այստեղ ան հանգստեան շրջան մը պիտի անցընէ մինչեւ Երկուշաբթի՝ Յուլիս 27, ինչպէս տեղեկացուցած է Քահանայապետական տան հոգաբարձութիւնը։
Հանդիպումը կարեւոր պահ մըն է
Իր նստավայրի պատշգամէն ան ուզեց քանի մը խօսք ուղղել՝ փոխադարձելու համար տեղացի բնակչութեան ուրախութիւնը, որ իրեն կը սպասէր Յուլիս ամսուան համար, որ սովորաբար յատկացուած է պարտաւորութիւններէն դադարի մը։ «Բարի երեկոյ, բարի երեկոյ Castel Gandolfo!»․ ըսաւ Քահանայապետը ողջունելով ներկաները։
«Շնորհակալ եմ, շատ ուրախ եմ ձեր մէջ գտնուելուս համար, որ կրնամ յառաջիկայ շաբաթները անցընել քիչ մը հանգիստով, քիչ մը աղօթքով, քիչ մը ընթերցանութեամբ եւ յուսանք նաեւ քիչ մը մարզանքով՝ հոս, Castel Gandolfo-ի մէջ։ Հանդիպումը միշտ ալ կարեւոր պահ մըն է, ուստի ուրախ եմ որ բոլորդ հոս էք, շնորհակալ եմ ընդունելութեան համար, շնորհակալ եմ որ եղբայրներ ու քոյրեր էք»։
Պապին աղօթքը
«Բարի գալուստ» պոռացող եւ ծափահարող բազմութեան առջեւ, Լեւոն Պապը տուաւ իր օրհնութիւնը՝ հրաւիրելով Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքի հանդիպման եւ թերեւս «այլ ուրիշ պահեր» յարեց Ան։
«Կը վստահեցնեմ ձեզ նաեւ իմ աղօթքներս, միշտ, բայց յատկապէս յառաջիկայ շաբաթներու ընթացքին… թող Աստուած միշտ ընկերակցի ձեզի»։
Լեւոն Պապը հուսկ իր ողջոյնը ուղղեց Սուրբ Թովմաս Վիլլանովացիի (San Tommaso di Villanova) ժողովրդապետին ու ծուխին, ուր անցեալ տարի՝ 13 Յուլիս 2025-ին, Սուրբ Պատարագ մատուցած էր։ Այս հանգստեան շրջանին ընթացքին կասեցուած են բոլոր ընդհանուր ունկնդրութիւնները, որոնք պիտի վերսկսին Չորեքշաբթի՝ Օգոստոս 5-ին, ինչպէս նաեւ առանձնական եւ յատուկ տեսակցութիւնները։ Յուլիս ամսուան Կիրակի օրերու Մարեմեան աղօթքը պիտի կատարուի Castel Gandolfo-ի Ազատութեան հրապարակին մէջ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.
