Մէկ վայրկեանով Լեւոն ԺԴ. Պապին այցելութիւնը Լամփետուզա
Վատիկան Նիուզ – Հայկական Բաժանմունք
Այցելութիւն մը՝ յատկանշուած իմաստալից ժեստերով եւ Լամփետուզայի «Արենա» մարզադաշտին մէջ մատուցուած Սուրբ Պատարագով։ Լեւոն Պապին կեցութիւնը Միջերկրականի այս կղզիին վրայ տեւեց քանի մը ժամ՝ քալելով Ֆրանչիսկոս Պապին հետքերով, որ 8 Յուլիս 2013-ին ընտրած էր այս վայրը որպէս Վատիկանէն դուրս իր այցելած առաջին տեղը։
Ժամանելով առաւօտեան մօտաւորապէս ժամը 9-ին՝ Սրբազան Պապը նախ յարգանքի տուրք մատուցեց ծովուն մէջ զոհուածներու յիշատակին՝ Լամփետուզայի գերեզմանատան մէջ, ապա անցաւ «Եւրոպայի Դուռ»-էն (Porta d'Europa)։ Այնուհետեւ, ան օրհնեց յուշատախտակ մը, որ կը վաւերացնէ կղզիի նաւամատոյցին անուանափոխութիւնը՝ այսուհետեւ նուիրուած Ֆրանչիսկոս Պապին։ Ի վերջոյ, տեղի ունեցաւ Սուրբ Պատարագը եւ վերադարձը դէպի Վատիկան։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.
