Ակրիճենթոյի արքեպիսկոպոսը․ Լեւոն ԺԴ-ի Լամփետուզայի այցելութիւնը յոյսի եւ մարդասիրութեան պատգամ է
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Ակրիճենթոյի արքեպիսկոպոս Ալեսսանտրօ Տամիանօ յայտնեց, թէ Յուլիս 4-ին Լեւոն ԺԴ Սրբազան Քահանայապետի Լամփետուզայի այցելութիւնը խորհրդանշական կարեւորութիւն ունի, քանի որ կը վերահաստատէ Եկեղեցւոյ մօտիկութիւնը գաղթականներուն եւ կ՛արթնցնէ աշխարհի խիղճը Միջերկրական ծովուն մէջ շարունակուող մարդկային ողբերգութեան նկատմամբ։ Ան ընդգծեց, որ այցելութիւնը կը շարունակէ Ֆրանչիսկոս Պապի 2013-ի պատմական ուխտագնացութեան ոգին եւ կը լրացնէ վերջին շաբաթներուն Կանարեան կղզիներ եւ Սուրբ Ֆրանչիսկա Քապրինի գերեզմանը կատարուած այցելութիւններուն պատգամը՝ յիշեցնելով, որ գաղթականներու հարցը համաշխարհային պատասխանատուութիւն է։
Աղօթք զոհերուն համար եւ մերձեցում վերապրողներուն
Արքեպիսկոպոսը բացատրեց, որ Սրբազան Քահանայապետի ծրագիրը կը սկսի աղօթքով գաղթականներու գերեզմանատան մէջ, ապա՝ հանդիպումով վերապրող գաղթականներու հետ, իսկ աւարտին՝ Սուրբ Պատարագով Լամփետուզայի համայնքին մասնակցութեամբ։ Ան նաեւ նկատել տուաւ, որ թէեւ տարիներու ընթացքին գաղթականներու ընդունման եղանակները փոխուած են եւ աւելի շատ անցած են պետական կառոյցներու վերահսկողութեան տակ, սակայն Եկեղեցին կը շարունակէ մարդասիրական փոքր, բայց խորիմաստ ժեստերով՝ ջուր, տաք խմիչք եւ մարդկային հայեացք պարգեւելով, պահպանել ժամանողներուն արժանապատուութիւնը։
«Վերագաղթը» հակասական է Աւետարանին
Անդրադառնալով Եւրոպայի մէջ քննարկուող «վերագաղթի» քաղաքականութեան՝ գերպ. Տամիանօ շեշտեց, որ նման մօտեցումը անհամատեղելի է Աւետարանին հետ, որովհետեւ քրիստոնէական կոչումը օտարին ընդունիլն ու անոր մարդկային արժանապատուութիւնը պաշտպանելն է։ Ան համոզում յայտնեց, որ Լեւոն ԺԴ-ի Լամփետուզայի այցելութիւնը հզօր, բայց խաղաղ պատգամ մըն է Իտալիոյ եւ ամբողջ Եւրոպային՝ յիշեցնելով, որ գաղթականներու հարցին պատասխանը պէտք է հիմնուի ոչ թէ միայն անվտանգութեան, այլ նաեւ համերաշխութեան, գթասրտութեան եւ մարդկային արժանապատուութեան վրայ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.
