Յուլիս 4-ի առիթով Սրբազան Պապը այցելեց Սուրբ Աթոռի մօտ ԱՄՆ-ի դեսպանի նստավայրը
Վատիկանի Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք
Ընդառաջելով Սուրբ Աթոռի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպան Պրայըն Պըրչի հրաւէրին՝ Լեւոն ԺԴ. Պապը (որ Հռոմ վերադարձած էր առաւօտեան Լամփետուզա կատարած այցելութենէն ետք), Շաբաթ, 4 Յուլիսի երեկոյեան, ազգային տօնին առիթով այցելած է անոր նստավայրը։ Այս մասին կը հաղորդէ Սուրբ Աթոռի Մամլոյ Գրասենեակը՝ իր Telegram ալիքով։
Սուրբ Աթոռի մօտ ԱՄՆ-ի դեսպանատունն ալ իր պաշտօնական X-ի հաշիւով (@UsinHolySee) կը գրէ. «Լեւոն ԺԴ. Պապը տօնեց Ամերիկայի 250-ամեակը՝ դեսպան Պըրչի, տիկին Պըրչի եւ անոնց ընտանիքին հետ»։ «Խորապէս պատուուած կը զգամ այս յատուկ օրը տօնելու ամերիկացի համաքաղաքացիի մը եւ Հռոմի Եպիսկոպոսին հետ», ըսած է նոյնինքն Պըրչ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.
