Որոնել

Լեւոն ԺԴ. Լամփետուզայի մէջ. «Ոչ ոք պէտք է անտարբեր անցնի մարդկային տառապանքին քովէն»

Լեւոն ԺԴ. Պապը Լամփետուզայի մէջ գլխաւորած Սուրբ Պատարագի ընթացքին իր քարոզին մէջ կոչ ուղղեց չմնալ անտարբեր գաղթականներու տառապանքին հանդէպ՝ ընդգծելով, որ քրիստոնէական հաւատքը կը պահանջէ գթասրտութիւն, մերձաւորութիւն եւ մարդկային արժանապատուութեան պաշտպանութիւն։ Ան նաեւ Եւրոպային կոչ ըրաւ մշակելու համապարփակ եւ երկարաժամկէտ քաղաքականութիւն, որ միաժամանակ պիտի պաշտպանէ գաղթականները եւ նպաստէ անոնց հայրենի երկիրներու զարգացման։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Սրբազան Քահանայապետ Լեւոն ԺԴ. Շաբաթ, 4 յուլիսին հովուական այցելութիւն կատարեց դէպի Լամփետուզա՝ շարունակելով այն ուղին, զոր 2013 թուականին սկսած էր Ֆրանչիսկոս Պապը։ Սուրբ Պատարագին ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ ան կղզին ներկայացուց որպէս ժողովուրդներու հանդիպման, յոյսի եւ քրիստոնէական եղբայրասիրութեան խորհրդանիշ։

«Աստուած առաջինը մեզ կը սիրէ»

Սալինա շրջանի, Արէնա անուան մարզական դաշտի մէջ գլխաւորած Սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզը Նորին Սրբութիւնը սկսաւ յիշեցնելով, թէ Աստուծոյ սէրը միշտ կը նախորդէ մարդուն ու ըսելով, որ ծովուն գեղեցկութիւնը, կղզիին բնութիւնը եւ ժողովուրդին դէմքերը Աստուծոյ անհատոյց սիրոյ արտացոլացումն են։ Քահանայապետը շնորհակալութիւն յայտնեց Տիրոջ, որ իրեն հնարաւորութիւն տուաւ այցելելու այս կղզին, ուր տարիներ շարունակ հազարաւոր գաղթականներ յոյս փնտռած են։

Լամպետուզա՝ Բարի Սամարացիի առակին կենդանի պատկերը

Լեւոն ԺԴ. Լամփետուզան համեմատեց Երուսաղէմէն Երիքով տանող վտանգաւոր ճամբուն հետ, ուր Բարի Սամարացիի առակը կը տեղաւորէ վիրաւոր ճամբորդը։ Ան ընդգծեց, թէ այսօր նոյն ճամբուն վրայ հազարաւոր գաղթականներ կը դառնան բռնութեան, շահագործման եւ անտարբերութեան զոհերը, իսկ անոնցմէ շատեր երբեք չեն հասնիր իրենց նպատակակէտին՝ կորսուելով Միջերկրական ծովին մէջ։
Պապը շեշտեց, որ տառապող մարդուն հանդիպումը նախ եւ առաջ կը պահանջէ մերձաւորութիւն եւ գթասրտութիւն, այլ ոչ թէ գաղափարախօսական կամ քաղաքական հաշիւներ։

Շնորհակալութիւն Լամպետուզայի բնակիչներուն

Սրբազան Հայրը առանձնայատուկ երախտագիտութիւն յայտնեց Լամփետուզայի բնակիչներուն, կամաւորներուն, քաղաքացիական իշխանութիւններուն, ափի եզերքին պահպանութեան ծառայողներուն, բժիշկներուն, հոգեբաններուն, հոգեւորականներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք տարիներ շարունակ անձնուէր ծառայած են գաղթականներուն։Ան ընդգծեց, որ այս կղզիին վրայ «սէրը կազմակերպուած է», եւ կարեկցանքը վերածուած է գործնական ծառայութեան։

Անտարբերութիւնը նոյնպէս պատասխանատուութիւն է

Քարոզին մէջ Լեւոն ԺԴ. զգուշացուց, որ Միջերկրական ծովու ողբերգութիւնները միայն մաքսանենգներու կամ պատերազմներու հետեւանք չեն։ Ան նշեց, որ աղքատութիւն ստեղծող տնտեսական համակարգերը, կաշառակերութիւնը, վախը, նախապաշարումները եւ քաղաքական անգործութիւնը նոյնպէս իրենց բաժին պատասխանատուութիւնը կը կրեն մարդկային այս ողբերգութիւններուն մէջ ընդգծելով ՝ երբ մարդիկ կ՛ընտրեն «անցնիլ միւս կողմէն», ինչպէս աւետարանական առակին քահանան եւ ղեւտացին, անոնք կը դառնան անտարբերութեան մասնակիցներ։

Կրօնը երբեք չպէտք է դառնայ բաժանման պատճառ

Պապը շեշտեց, որ կրօնական պատկանելիութիւնը երբեք չպէտք է օգտագործուի որպէս խտրականութեան պատճառ։ Քրիստոս քանդած է բաժանարար պատերը, եւ Աստուծոյ հանդէպ սէրը անբաժանելի է մերձաւորին հանդէպ սիրոյն։
«Մերձաւոր կը դառնանք միայն այն ժամանակ, երբ կը մօտենանք տառապող մարդուն»,– ընդգծեց ան։

«Սիրոյ քաղաքակրթութիւնը»՝ մեր ժամանակներու հրամայականը

Լեւոն ԺԴ. վերահաստատեց իր նախորդներուն՝ Յովհաննէս ԻԳ., Պօղոս Զ. եւ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Պապերուն տեսլականը՝ «սիրոյ քաղաքակրթութիւն» կառուցելու մասին։ Ան յայտնեց, որ աշխարհի ներկայ ճգնաժամերը կարելի է յաղթահարել միայն ողորմութեամբ, համերաշխութեամբ եւ փոքր, բայց հետեւողական բարի գործերով։

Եւրոպայի պատասխանատուութիւնը

Սրբազան Հայրը յատկապէս դիմեց Եւրոպային՝ կոչ ուղղելով մշակելու երկարաժամկէտ եւ համապարփակ գաղթականական քաղաքականութիւն, որ միաժամանակ պիտի ապահովէ փրկութիւնը, պաշտպանութիւնը, ընդունումը եւ հասարակութեան մէջ ներառումը, իսկ միւս կողմէ պիտի նպաստէ այն երկիրներու զարգացման, որպէսզի մարդիկ ստիպուած չըլլան լքելու իրենց հայրենիքը։

Լամփետուզան՝ մարգարէական վկայութիւն աշխարհի համար

Քարոզի աւարտին Պապը հրաւիրեց Լամփետուզայի համայնքը շարունակելու ըլլալ հիւրընկալութեան, հաւատքի եւ յոյսի կենդանի վկայութիւնը։ Յիշեցնելով Սուրբ Կոյս Մարիամի պաշտպանութիւնը՝ ան կոչ ուղղեց երբեք չյուսահատելու եւ շարունակելու դառնալ «ապահով նաւահանգիստ» բոլոր անոնց համար, որոնք օգնութեան կարիք ունին։

Իր պատգամը եզրափակելով՝ Սրբազան Հայրը տեղական աւանդական ողջոյնով դիմեց ժողովուրդին. «Օ՛շիա՛», մաղթելով, որ Լամփետուզան եւ Լինոզան միշտ մնան հաւատքի, յոյսի եւ սիրոյ կենդանի նշաններ Միջերկրական աշխարհի սրտին մէջ։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

04/07/2026, 11:07