Որոնել

Լեւոն ԺԴ. Պապը Լեւոն ԺԴ. Պապը  

Լեւոն ԺԴ. «Ներգաղթեալները ընդունիլն ու պաշտպանելը կը հարստացնէ Միացեալ Նահանգներու պատմութիւնը»

Լեւոն ԺԴ. Պապը Միացեալ Նահանգներու անկախութեան 250-ամեակին առիթով կոչ ուղղեց ամերիկացիներուն վերանորոգելու իրենց նուիրումը ազատութեան, արդարութեան, մարդկային արժանապատուութեան եւ ժողովրդավարութեան սկզբունքներուն։ Ան նաեւ ընդգծեց կրօնական ազատութեան, մարդկային կեանքի պաշտպանութեան, ներգաղթեալներու ընդունման եւ ընդհանուր բարիքին ծառայելու կարեւորութիւնը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Լեւոն ԺԴ. քահանայապետը, 25 Յունիս 2026-ին հրապարակեց նամակ մը՝ նուիրուած Միացեալ Նահանգներու Անկախութեան հռչակագրի ստորագրութեան 250-ամեակին։ Իր նամակին մէջ Սրբազան Քահանայապետը ջերմ շնորհաւորութիւններ յղեց ամերիկացի ժողովուրդին՝ շեշտելով, որ 1776 թուականի Յուլիս 4-ը եղած է ամերիկեան պատմութեան վճռորոշ հանգրուան մը, որ աշխարհին փոխանցեց ազատութեան, հաւասարութեան, արդարութեան, ժողովրդավար ինքնակառավարման եւ երջանկութեան ձգտման մնայուն արժէքները։

Երկուուկէս դարու ժառանգութիւն եւ պատասխանատուութիւն

Պապը ընդգծեց, որ վերջին երկուուկէս դարերուն ամերիկացիներու սերունդները զոհողութեամբ, հանրային ծառայութեամբ, նորարարութեամբ եւ քաղաքացիական մասնակցութեամբ շարունակած են մարմնաւորել այդ սկզբունքները ու յոբելենական այս տարեդարձը միայն անցեալը տօնելու առիթ չէ, այլ նաեւ հրաւէր՝ խորհելու ներկայ եւ ապագայ սերունդներու հանդէպ ունեցած պատասխանատուութեան մասին։

Կրօնական ազատութիւնը՝ ամերիկեան ինքնութեան հիմնասիւններէն

Լեւոն ԺԴ. Պապը յատուկ կերպով կանգ առաւ կրօնական ազատութեան վրայ՝ զայն բնորոշելով որպէս ամերիկեան խոստումին կարեւորագոյն արժէքներէն մէկը։ Ան շեշտեց, որ իւրաքանչիւր մարդ պէտք է ազատ ըլլայ իր խղճին համաձայն պաշտելու Աստուած եւ հրապարակաւ ապրելու իր հաւատքը՝ առանց ճնշման կամ վախի։ Այս ազատութիւնը, ըստ անոր, երաշխաւորած է թէ՛ անձի արժանապատուութիւնը, թէ՛ բազմազան հասարակութեան խաղաղ համակեցութիւնը։

Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ ներդրումը ամերիկեան հասարակութեան մէջ

Նամակին մէջ Սրբազան Հայրը յիշեցուց, որ կրօնական ազատութիւնը հնարաւոր դարձուցած է Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ արմատաւորուիլն ու զարգանալը Միացեալ Նահանգներուն մէջ՝ ի նպաստ ոչ միայն հաւատացեալներուն, այլ ամբողջ հասարակութեան։

Ան յիշատակեց Եկեղեցւոյ երկարամեայ ծառայութիւնը կրթութեան, աղքատներու խնամքին, առողջապահութեան եւ հիմնական ընկերային ծառայութիւններու բնագաւառներուն մէջ՝ զանոնք նկատելով ազգային զարգացման կարեւոր ներդրում։

Լաւ քաղաքացիութիւնը՝ քրիստոնէական կոչում

Վկայակոչելով Լեւոն ԺԳ. Պապի Sapientiae Christianae շրջաբերականը՝ Լեւոն ԺԴ. վերահաստատեց, որ «քրիստոնեայէն աւելի լաւ քաղաքացի չկայ, երբ ան գիտակցի իր պարտականութիւններուն»։ Ան ընդգծեց, թէ հաւատքը չի հակադրուիր քաղաքացիական պատասխանատուութեան, այլ ընդհակառակը՝ նոր ուժ կը ներշնչէ արդարութեան, խաղաղութեան եւ ընդհանուր բարիքի ծառայութեան։ Սուրբ Պօղոսի օրինակով ան կոչ ուղղեց հաւատացեալներուն աղօթելու պետական իշխանութիւններուն համար եւ հաւատարիմ կերպով ծառայելու թէ՛ Աստուծոյ, թէ՛ հայրենիքին՝ դառնալով «թթխմոր» սիրոյ քաղաքակրթութեան կառուցման մէջ։

Մարդկային կեանքի սրբութիւնը

Սրբազան Քահանայապետը վերահաստատեց, որ ամերիկեան հասարակութիւնը հիմնուած է Աստուծմէ տրուած մարդկային արժանապատուութեան սկզբունքին վրայ։ Այս արժանապատուութիւնը, ըստ անոր, կը պահանջէ պաշտպանել մարդկային կեանքը՝ բեղմնաւորումէն մինչեւ բնական մահ, եւ կառուցել այնպիսի հասարակութիւն մը, ուր տկարները, տառապողները եւ մոռցուածները կը դիմաւորուին գթութեամբ, համերաշխութեամբ եւ սիրով։

Ներգաղթեալներու ընդունումը՝ մարդկային արժանապատուութեան արտայայտութիւն

Պապը անդրադարձաւ նաեւ ներգաղթեալներու հարցին՝ նշելով, որ անոնց յոյսերը, զոհողութիւններն ու աշխատանքը Միացեալ Նահանգներու պատմութեան անբաժանելի մասն են։ Ան ընդգծեց, որ ազատութիւն եւ նոր կեանք փնտռող մարդիկ մեծապէս նպաստած են երկրի դիմագիծին կերտման։ Անոնց ընդունիլը, պաշտպանելն ու աջակցիլը ոչ միայն սիրոյ գործ է, այլեւ իւրաքանչիւր մարդու անքակտելի արժանապատուութեան ճանաչում։

Ընդհանուր բարիքին ծառայելու կոչ

Յիշեցնելով իր վերջերս հրատարակուած Magnifica Humanitas շրջաբերականը՝ Լեւոն ԺԴ. Պապը շեշտեց, որ աշխարհի ներկայ մարտահրաւէրները կարելի չէ դիմագրաւել միայնակ։ Ան կոչ ուղղեց բոլոր քաղաքացիներուն՝ միասին աշխատելու ընդհանուր բարիքին համար, որովհետեւ մարդկութիւնը փոխադարձաբար կարիքը ունի իրարու՝ արդար եւ խաղաղ ապագայ կառուցելու համար։

Աղօթք Միացեալ Նահանգներու ապագային համար

Իր նամակին աւարտին Սրբազան Հայրը մաղթեց, որ այս պատմական յոբելեանը նորոգէ ամերիկացիներու յանձնառութիւնը ազատութեան, արդարութեան, ժողովրդավարութեան եւ հնարաւորութիւններու նկատմամբ։ Ան հրաւիրեց քաղաքացիները ամրապնդելու իրենց համայնքները, յարգելու տարբերութիւնները եւ միասին աշխատելու «աւելի կատարեալ միութիւն» կերտելու համար։

Վերջապէս, Լեւոն ԺԴ. Պապը Միացեալ Նահանգները յանձնեց Անարատ Յղութեան բարեխօսութեան՝ աղօթելով, որ Սուրբ Կոյս Մարիամը շարունակէ պահպանել Ամերիկան եւ օրհնել անոր բոլոր բնակիչները։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

04/07/2026, 11:13