Որոնել

Լեւոն ԺԴ. Պապին «Magnifica Humanitas» շրջաբերականը Լեւոն ԺԴ. Պապին «Magnifica Humanitas» շրջաբերականը  (ANSA)

Լեւոն ԺԴ. Պապը՝ «AI for Good Summit 2026»-ի մասնակիցներուն. «Արհեստական բանականութիւնը պէտք է ծառայէ մարդկութեան եւ ընդհանուր բարիքին»

Լեւոն ԺԴ. Պապը, Պետական քարտուղար կարդինալ Փիէթրօ Փարոլինի ստորագրութեամբ յղուած պատգամով, կոչ ուղղեց, որ արհեստական բանականութեան զարգացումը առաջնորդուի մարդկային արժանապատուութեան, ընդհանուր բարիքին եւ պատասխանատու երկխօսութեան սկզբունքներով։ Ան ընդգծեց, որ «Magnifica Humanitas» շրջաբերականը նպատակ ունի խթանելու գիտնականներու, քաղաքական պատասխանատուներու եւ հասարակութեան համագործակցութիւնը, որպէսզի արհեստական բանականութիւնը ծառայէ մարդուն, ոչ թէ փոխարինէ կամ նսեմացնէ անոր դերը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Վատիկանի Պետական քարտուղար, կարդինալ Փիէթրօ Փարոլինի ստորագրութեամբ հրապարակուած պատգամով Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը ողջունեց Ժընեւի մէջ գումարուող «AI for Good Summit 2026»-ի մասնակիցները՝ վերահաստատելով Սուրբ Աթոռի պատրաստակամութիւնը երկխօսութեան՝ արհեստական բանականութեան դարաշրջանին մարդուն արժանապատուութիւնը պաշտպանելու նպատակով։

Քահանայապետը, իր ողջոյնի խօսքին մէջ, որ նախաբանն է «Magnifica Humanitas» շրջաբերական նամակի տեսանիւթային ներկայացման, ընդգծեց, որ արհեստական բանականութիւնը մեր ժամանակներու կարեւորագոյն մարտահրաւէրներէն մէկն է, որովհետեւ ան ուղղակիօրէն առնչուած է մարդկութեան ապագային։

Լեւոն ԺԴ. յիշեցուց, որ իր վերջին շրջաբերական նամակը՝ «Magnifica Humanitas», նուիրուած է արհեստական բանականութեան դարաշրջանին մարդկային անձի պաշտպանութեան եւ կոչ կ՛ուղղէ մեր ժամանակներու բոլոր մարդոց՝ միասին որոնելու ընդհանուր բարիքին ծառայող նոր ուղիներ եւ արժանապատիւ կեանք ապահովելու բոլորին համար։

Քահանայապետը բացատրեց, որ փաստաթուղթը ծնունդ առած է թէ՛ գիտնականներու, ճարտարագէտներու, քաղաքական պատասխանատուներու, պետական պաշտօնեաներու, ծնողներու եւ ուսուցիչներու հետ ունեցած երկխօսութենէն, որոնք կը ձգտին արհեստական բանականութեան արդար եւ մարդակեդրոն կիրառման, եւ թէ՛ մտահոգութիւններէն, որոնք կը վերաբերին ալկորիթմներու հնարաւոր չարաշահումներուն ու կարեւոր որոշումներու մէջ մարդկային պատասխանատուութեան նուազման։

Վերջապէս, Սրբազան Քահանայապետը մաղթեց, որ գագաթնաժողովի աշխատանքները ըլլան կառուցողական եւ պտղաբեր, վստահեցնելով իր աղօթքը բոլոր անոնց, որոնք կ՛աշխատին, որպէսզի արհեստական բանականութիւնը ծառայէ մարդկութեան եւ ընդհանուր բարիքին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

08/07/2026, 11:50