Որոնել

Papa Leone a Piazza San Pietro per l'udienza generale

Յուլիս ամսուայ ընթացքին հրապարակային ունկնդրութիւնները ընդհատուած կը նկատուին

Հակառակ ասոր Լեւոն ԺԴ. Պապը այսօր եւս կը շարունակէ իր պաշտօնական եւ դիւանագիտական հանդիպումները Վատիկանի մէջ

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Յուլիս մէկէն սկսեալ կասեցուած կը նկատուին չորեքշաբթի օրերու հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւնները որոնք կը վերսկսին յառաջիկայ 5 օգոստոսին։

Յայտնենք` որ Լեւոն Պապը 2026-ի չորեքշաբթի օրերու հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւններու որպէս կեդրոնական նիւթ ընտրած է Վատիկանի Բ. Տիեզերական Ժողովի փաստաթուղթերը։

Անցեալ եօթը Յունուարին ներկայացնելով Խորհրդածութիւններու շարքը Սրբազան Քահանայապետը ըսած էր թէ «Յոբելենական Տարուընէ ետքը, որուն ընթացքին մենք խորհրդածեցինք Յիսուսի կեանքի խորհուրդներու մասին, կը սկսինք խորհրդածութիւններու նոր շարք մը, որ պիտի նուիրուի Վատիկանեան Տիեզերական Բ. Ժողովին ու անոր փաստաթուղթերու վերընթերցումին»։

Եւ այսպիսով 2026 տարուայ այս առաջին վեց ամիսներու ընթացքին գլխաւորած գրեթէ 21 հրապարակային ունկնդրութիւններու ընթացքին Լեւոն ԺԴ. ներկայացուց Վատիկանեան Տիեզերական Ժողովի մի քանի փաստաթուղթերու պարունակութիւնը եւ անոնցմէ քաղելիք ուսուցումները ինչպէս «Dei Verbum»-ը` (Աստուծոյ Խօսքը) որ նուիրուած է աստուածային յայտնութեան, Սուրբ Գիրքին և սրբազան աւանդութեան, ապա «Lumen gentium»ը` որ հրապարակուած է 1964 թուականի նոյեմբերի 21-ին Պօղոս Զ Պապի կողմէ և կը սահմանէ Եկեղեցւոյ էութիւնը, կառուցուածքը և առաքելութիւնը ժամանակակից աշխարհին մէջ ապա «Sacrosanctum Concilium» Սահմանադրութիւնը` որ Վատիկանեան Տիեզերական Բ. Ժողովի հրապարակած առաջին փաստաթուղթերէն մին է եւ նուիրուած է ծիսակատարութեան։

Արդարեւ անցեալ չորեքշաբթի օր Սրբազան Պապը խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց այս վերջին փաստաթուղթին վրայ, յատուկէն անդրադառնալով Եկեղեցւոյ ծիսական կեանքի նորոգութեան, Աստուծոյ Խօսքի եւ Սուրբ Հաղորդութեան միջեւ գոյութիւն ունեցող խորունկ ու անքակտելի կապին։

Բայց եւ այնպէս եւ հակառակ` որ հրապարակային ունկնդրութիւնները կասեցուած կը նկատուին Լեւոն Պապը այսօր շարունակեց իր պաշտօնական հանդիպումները կարդինալներու, Հռոմէական Քուրիայի պատասխանատուներու եւ Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած դիւանագիտական մարմնի ներկայացուցիչներու հետ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

01/07/2026, 07:30