Որոնել

Սուրբ Աստուածածնայ Վերափոխումը. Լեւոն ԺԴ. «Սէրն է մարդուն ամենագեղեցիկ զարդարանքը»

Վերափոխման տօնի իր քարոզին մէջ Լեւոն Պապը հաստատեց. «Վերափոխման տօնին խորհուրդը պէտք չէ փնտռել միայն հեռաւոր կամ վերացական իրականութեան մը մէջ։ Անիկա ներկայ է հոն, ուր կայ ճշմարիտ սէր։Կը տեսնենք զայն հօր եւ մօր աչքերուն մէջ, երբ երկար աշխատանքային օրէ մը ետք տուն կը վերադառնան յոգնած, բայց երջանիկ՝ իրենց զաւակներուն մօտ ըլլալու համար։ Կը տեսնենք զայն մեծ հայրերու եւ մեծ մայրերու դէմքերուն վրայ, երբ իրենց տարիքին բերած տկարութիւններուն հակառակ, նոր ուժ կը ստանան իրենց թոռնիկները խնամելով»
Ունկնդրէ այս եւ Քահանայապետին հայող օրուան այլ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Շաբաթ, 15 օգոստոսին, Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առիթով, Քասթել Կանտոլֆոյի Սան Թոմմազօ տա Վիլլանովա եկեղեցւոյ մէջ Լեւոն ԺԴ. Պապը գլխաւորեց Սուրբ Պատարագը բազմաթիւ հաւատացեալներու ներկայութեամբ որոնց մեծ մասը արարողութեան հետեւեցաւ եկեղեցիէն դուրս՝ հրապարակին վրայ։

Այս առիթով արտասանած իր քարոզին մէջ Քահանայապետը նախ ուրախութիւն յայտնեց, որ դարձեալ առիթը կ՛ունենայ այս վայրին մէջ տօնելու Սուրբ Կոյս Մարիամի Վերափոխման մեծ խորհուրդը։ Ան ապա հաւատացեալներու ուշադրութիւնը կեդրոնացուց տօնին խորքային իմաստին վրայ՝ յիշեցնելով, որ Եկեղեցւոյ ուսուցումին համաձայն՝ Մարիամ, իր երկրային կեանքի ընթացքը աւարտելէ ետք, հոգւով եւ մարմնով վերափոխուեցաւ դէպի երկնային փառք։

Սուրբ Կոյս Մարիամի վերափոխումը

Այս խորհուրդը, Քահանայապետին համաձայն, Մարիամի մէջ կը բացայայտէ Աստուծոյ շնորհքին լիակատար իրագործումը։ Պատահական չէ, որ քրիստոնէական արուեստին մէջ Աստուածամայրը յաճախ կը պատկերացուի իբրեւ դէպի երկինք բարձրացող գեղեցիկ երիտասարդուհի մը։ Այդ պատկերին մէջ միահիւսուած են երկինքն ու երկիրը, ժամանակն ու յաւիտենականութիւնը։

Սակայն այս պատկերացումը կրնայ առաջին հայեացքով հակասել մարդկային փորձառութեան։ Տարիներու ընթացքին մարմինը կը ծերանայ, դէմքին վրայ կը յայտնուին կնճիռներ, մազերը կը ճերմկին, եւ մարդը իր մէջ կը զգայ ժամանակի անցքին դրոշմած հետքերը։ Ուրեմն ի՞նչ կապ ունինք այն գեղեցիկ երիտասարդուհիին հետ, որ կը տեսնենք եկեղեցիներու սրբապատկերներուն եւ նկարներուն մէջ հարց տուաւ Նորին Սրբութիւնը ու հրաւիրեց պատասխանը փնտռել երկու իրականութիւններու միութեան մէջ՝ Աստուածամօր անապական մարմնին եւ անոր անարատ սրտին։

Մարիամի գեղեցկութիւնը կը բխի հոգիի մաքրութենէն

«Մարիամի գեղեցկութիւնը միայն արտաքին գեղեցկութիւն մը չէ։ Անոր իսկական գեղեցկութիւնը կը բխի հոգիի մաքրութենէն, որ Աստուծոյ շնորհքով կը լուսաւորէ եւ կը կերպարանափոխէ ամբողջ անձը» յարեց ի միջի այլոց Նորին Սրբութիւնը ։

Վերափոխման խորհուրդը հետեւաբար մեզի կը սորվեցնէ, որ մարդու իսկական գեղեցկութիւնը չի սահմանափակուիր երիտասարդութեան կամ մարմնական թարմութեան մէջ։ Իրական գեղեցկութիւնը կը յայտնուի այն սիրոյ հետքերուն մէջ, որոնք ժամանակը չի կրնար ջնջել։ Սէրը կը մնայ, կը խորանայ եւ նոյնիսկ մարդկային մարմնի վրայ իր հետքերը կը թողու։

Անհրաժեշտ է վերագտնել գեղեցկութեան իսկական իմաստը

Այս պատճառով անհրաժեշտ է վերագտնել գեղեցկութեան իսկական իմաստը։ «Եթէ կ՛ուզենք տեսնել այն աստուածային գեղեցկութիւնը, որ կը շրջապատէ մեզ եւ որուն համար ստեղծուած ենք, պէտք է սորվինք զայն նկատել կեանքի ամենապարզ իրականութիւններուն մէջ։ Անիկա կարելի է տեսնել մանուկի մը քնքուշ դէմքին, ինչպէս նաեւ ծերունիի մը կնճիռներուն մէջ, երիտասարդի մը աշխուժութեան եւ չափահաս մարդու մը հանդարտութեան մէջ։ Անիկա կը յայտնուի տօնական զգեստներուն, բայց նաեւ աշխատանքի լաթերուն ու գործիքներուն մէջ» նկատել տուաւ Քահանայապետը։

Իւրաքանչիւր մարդու եւ իւրաքանչիւր կեանքի մէջ կայ սիրոյ պատմութիւն մը, որ արժանի է կարդացուելու։ Այդ պատմութիւնները փոքրիկ պատուհաններ են, որոնցմէ կարելի է տեսնել երկնքի լոյսը։

Սէրն է մարդուն ամենագեղեցիկ զարդարանքը

Սէրը կը կերպարանափոխէ, կը ձեւափոխէ, կ՛ազնուացնէ եւ դէպի վեր կը բարձրացնէ։ Ան մարդը կը դարձնէ աւելի ազատ, թեթեւ եւ Աստուծոյ մօտիկ՝ նոյնիսկ կեանքի դժուարութիւններուն եւ փոփոխութիւններուն ընդմէջէն։

Այս պատճառով Վերափոխման տօնին խորհուրդը պէտք չէ փնտռել միայն հեռաւոր կամ վերացական իրականութեան մը մէջ։ Անիկա ներկայ է հոն, ուր կայ ճշմարիտ սէր։

«Կը տեսնենք զայն հօր եւ մօր աչքերուն մէջ, երբ երկար աշխատանքային օրէ մը ետք տուն կը վերադառնան յոգնած, բայց երջանիկ՝ իրենց զաւակներուն մօտ ըլլալու համար։ Կը տեսնենք զայն մեծ հայրերու եւ մեծ մայրերու դէմքերուն վրայ, երբ իրենց տարիքին բերած տկարութիւններուն հակառակ, նոր ուժ կը ստանան իրենց թոռնիկները խնամելով» բացատրեց Նորին Սրբութիւնը եւ աւեցուց. «զյան կը տեսնենք նաեւ այն երիտասարդներուն յանձնառութեան մէջ, որոնք կը ձգտին մաքուր եւ ազնիւ կերպով մեծնալ՝ պատրաստ նոյնիսկ հոսանքին հակառակ երթալու, երբ անհրաժեշտ է չհետեւիլ այն ամէն բանի «որ ամէն մարդ կ՛ընէ»։ Եւ կը տեսնենք զայն այն բազմաթիւ այրերուն ու կիներուն աշխատանքին մէջ, որոնք ամէն օր հաւատքով ու նուիրումով կը ջանան երկրի վրայ քիչ մը Երկինք բերել եւ երկիրը դէպի Երկինք առաջնորդել» հաստատեց Լեւոն ԺԴ.։

Երկինքը հեռաւոր իրականութիւն մը չէ

Մարիամի Վերափոխումը մեզի կը յիշեցնէ, որ Երկինքը հեռաւոր իրականութիւն մը չէ։ Անոր ներկայութեան կարելի է ակնարկ մը նետել սիրոյ եւ բարեգործութեան ամենօրեայ արարքներուն մէջ։ Վերափոխեալ Սուրբ Կոյսը կը դառնայ Եկեղեցւոյ պատկերն ու յոյսը եւ մեզի ցոյց կու տայ այն վերջնական նպատակակէտը, որուն պէտք է ուղղենք մեր կեանքը։

Կոչուած ենք ապրելու կեանքի լիութիւնը եւ բաժնեկցելու Աստուծոյ փառքը

«Մարիամի սուրբ մարդկութեան մէջ, Աստուծոյ շնորհքով, կը տեսնենք նաեւ մեր մարդկութեան կոչումը։ Մենք եւս կոչուած ենք ապրելու կեանքի լիութիւնը եւ բաժնեկցելու Աստուծոյ փառքը» յարեց ապա Սրբազան Պապը եւ խօսքը եզրափակեց յղում կատարելով Սուրբ Օգոստինոսին որ Խօսելով Քրիստոսի Յարութեան մասին՝ հաւատացեալները կը հրաւիրէր փոխելու իրենց ուղղութիւնը եւ հետեւելու Յարուցեալ Քրիստոսի լոյսին։

«Այս հրաւէրը այսօր ալ կը մնայ կենդանի։ Մարիամի օրինակին նայելով՝ մենք եւս կոչուած ենք մեր հայեացքը ուղղելու դէպի Երկինք, փոխելու մեր ընթացքը, երբ անհրաժեշտ է, եւ հետեւելու Յարուցեալ Քրիստոսի լոյսին» ։

«Մերը դարձնենք իր հրաւէրը։ Հետեւինք Յարուցեալին լոյսին՝ փոխելով ուղղութիւնը, եթէ անհրաժեշտ է։ Ընենք զայն, մասնաւորաբար այսօր, նայելով Մարիամի, որ Աստուած փառքով պսակեց հոգւով եւ մարմնով, եւ որ մեզի պարգեւեց իբրեւ Մայր, առաջնորդ, ճամբորդակից եւ պաշտպան՝ դէպի Երկինք տանող ճանապարհին վրայ» եղան Նորին Սրբութեան Քարոզի եզրափակիչ խօսքերը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

15/08/2026, 10:36