Լեւոն ԺԴ. «Խթանել հաղորդակցութիւն մը, որ ներշնչուած է ճշմարտութեամբ եւ մարդկային արժանապատուութեան յարգանքով»։
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Քիկալիի մէջ՝ Ռուանտա, ընթացող SIGNIS-ի Համաշխարհային Համաժողովի մասնակիցներուն ուղղուած պատգամով, Լեւոն ԺԴ. Պապը իր հոգեւոր մօտիկութիւնն ու ողջոյնները փոխանցեց՝ վստահութիւն յայտնելով, որ հանդիպման քննարկումները պիտի նպաստեն հաղորդակցական հարթակներու նոր ուղղութեան մը՝ ի նպաստ մարդկային ընտանիքի համընդհանուր բարիքին։ Համաժողովի ընթացքին Նորին Սրբութեան պատգամը ընթերցեց Ռուանտայի մէջ Պապական նուիրակ, գերպ. Արնալտօ Քաթալան
Քահանայպետին պատգամը, որ ստորագրած է Սուրբ Աթոռի Պետական քարտուղար կարդինալ Պիեթրօ Փարոլինը, ընդգծեց, որ մեր ժամանակաշրջանը իրաւամբ կը կոչուի «թուայնական դարաշրջան», որովհետեւ մարդկային կեանքի մեծ մասը այսօր կը ձեւաւորուի թուայնական արհեստագիտութեամբ եւ համացանցով։
Լեւոն ԺԴ. Պապը, յղում կատարելով իր «Magnifica Humanitas» շրջաբերական նամակին, շեշտեց, որ առցանց հաղորդակցութիւնը միայն տեղեկութիւններու փոխանցում չէ, այլ՝ մշակոյթի մը կերտում, որովհետեւ անիկա կը ձեւաւորէ մարդոց աշխարհընկալումը եւ խոր ազդեցութիւն կը գործէ հասարակական գիտակցութեան վրայ։
Պապը յոյս յայտնեց, որ SIGNIS-ի համաժողովին ընթացքին «Թուայնական հաղորդակցութիւն՝ մշակութային ներդաշնակութեան եւ շրջակայ միջավայրի բարօրութեան համար» թեմային շուրջ կատարուող խորհրդածութիւնները պիտի նպաստեն այնպիսի հաղորդակցական ռազմավարութիւններու մշակման, որոնք ներշնչուած են ճշմարտութեան որոնումով եւ մարդկային արժանապատուութեան յարգանքով։
Պատգամին մէջ կը շեշտուի, որ հաղորդակցութեան ոլորտին աշխատանքները կոչուած են նպաստելու այնպիսի մշակոյթի մը ձեւաւորման, որ կ’արտացոլէ Աւետարանի արժէքները՝ միութիւնը, խաղաղութիւնը եւ ստեղծագործութեան հանդէպ պատասխանատու խնամքը։
Լեւոն ԺԴ. Պապը բոլոր մասնակիցները յանձնեց Սուրբ Մարիամ Աստուածածնի՝ Եկեղեցւոյ Մօր բարեխօսութեան եւ վստահեցուց իր աղօթքները՝ որպէսզի անոնց ջանքերը երկարատեւ պտուղներ տան։ Ան նաեւ շնորհեց իր Առաքելական օրհնութիւնը՝ որպէս Տիրոջմէ եկող իմաստութեան եւ ուժի երաշխիք։
Ռուֆինի. «Հաղորդակցութիւնը պէտք է սկսի մարդոցմէ, ոչ թէ միայն արհեստագիտութենէն»
Լեւոն ԺԴ. Պապին պատգամը կարդացուցելէ ետք սփռուեցաւ Հաղորդակցութեան Վերատեսչութեան Վերատեսուչ Փաոլօ Ռուֆինի SIGNIS-ի համաշխարհային համաժողովին ուղարկուած լսատսեողական պատգամը, որուն մէջ ընդգծեց, որ այսօրուան թուային աշխարհը պէտք է չմոռնայ, թէ հաղորդակցութեան հիմքը մարդն է եւ ոչ միայն արհեստագիտութիւնը։
Ան զգուշացուց, որ պատերազմներու, բեւեռացման եւ ապատեղեկատուութեան ժամանակաշրջանին թուային կապը ինքնաբերաբար չի ստեղծեր իսկական հաղորդակցութիւն։ Ռուֆինի շեշտեց, որ արհեստական բանականութիւնը կրնայ օգնել մարդուն, սակայն չի կրնար փոխարինել իմաստութիւնը, պատասխանատուութիւնը եւ սէրը։
Հաղորդակցութեան Վերատեսուչը կոչ ուղղեց կառուցելու վստահութեան կամուրջներ, պաշտպանելու ճշմարիտ տեղեկատուութիւնը եւ ապահովելու, որ հաղորդակցութեան աշխարհը միշտ ծառայէ մարդկային արժանապատուութեան ու ճշմարտութեան, այլ ոչ թէ միայն շահերու եւ համաձայնութիւններու հետապնդման։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.
