Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապը Հիրոշիմայի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապը Հիրոշիմայի մէջ  Խմբագրական

Խաղաղութեան ի նպաստ քահանայապետութիւն՝ ի դէմ կեղծաւորութեան։

Անտրէա Թորնիելիի խմբագրականը հայող Քահանայապետին՝ ՄԱԿ-ի համընդհանուր եւ անմիջական զինադադարի կոչին միանալուն, շունչ տալու համար պատերազմներու զոհ բնակչութեան եւ հակազդելու Քովիտ19 համաճարակի տգնապին։
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ

Վատիկանի հաղորդակցութեան ժողովի խմբագրական բաժանմունքներու տնօրէն՝ Տիար Անտրէա Թորնիելլի Քահանայապետին Միացեալ Ազգերու Անվտանգութեան Խորհուրդի անմիջական զինադադարի ի սպաս կոչին միանալուն առթիւ հրապարակեց խմբագրական մը, որուն մէջ նշեց թէ Սրբազան Պապը իր այդ յանձնառումով ուզեց թիկունք կանգնիլ ՄԱԿ-ի Ապահովական Խորհուրդին, մաղթելով որ համընդհանուր զինադադարը գործադրուի իսկապէս ե անյապաղ։

«Քահանայապետին սոյն ձեռնարկը երկար ուղեւորութեան մը նոր քայլ մըն է» կը գրէ Թորնիելլի հաստատելով թէ՝ «այս քայլը աւելիով հրատապ դարձաւ, համաճարակին յառաջացուցած ճգնաժամին պատճառաւ որուն կործանիչ հետեւանքները կը հարուածեն աղքատները»։

Կիրակի 29 մարտին Սրբազան Քահանայապետը այլ խնդրանքով մը հանդէս եկած էր թիկունք կանգնելով ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերէսի  կոչին՝ «անմիջական եւ հրատապ զինադադարի մը համար աշխարհի բոլոր անկիւններուն մէջ»։ Այդ առթիւ Սրբազան Պապը վերակոչելով Քովիտ19 տագնապը միացած էր բոլոր անոնց որոնք ընկալեցին այդ կոչը եւ հրաւիրած էր ի գործ դնելու զայն, դադրեցնելով ամէն տեսակի պատերազմական թշնամութիւն, թոյլ տալով ստեղծել մարդասիրական օգնութիւններու նրբանցքներ, բացուելով դիւանագիտութեան եւ ուշադրութիւն դարձնելով անոնց՝ որոնք կը գտնուին աւելի խոցելի եւ դիւրաբեկ իրավիճակներուն մէջ։

«Թող որ համաճարակին դէմ միասնական յանձնառումը բոլորս մղէ գիտակցելու՝ թէ կարիքը ունինք զօրացնելու եղբայրական կապերը, որպէս անդամներ  մարդկային մէկ ու միակ ընտանիքին։ Թող այս մէկը յատկապէս պետութիւններու պատասխանատուներուն ու հարցերու մէջ ներգրաւուած միւս կողմերուն մէջ խթանէ  նորոգուած  յանձնառում՝ յաղթահարելու համար զիրար գերազանցելու պայքարը։ Հակամարտութիւնները կարելի չէ լուծել պատերազմով։ Անհրաժեշտ է որ հակասութիւններն ու հակադրութիւնները յաղթահարուին  երկխօսութեան  ու խաղաղութեան կառուցողական փնտռտուքի միջոցաւ» ըսած էր Քահանայապետը։

Ֆրանչիսկոս Պապ յաջորդ շաբաթներուն եւս երկու անգամ կրկնած էր զինամթերքի ծախսերը կասեցնելու կոչը։

Սուրբ Զատկուայ տօնի նախօրեակի պատարագի քարոզին մէջ Քահանայապետը ըսած էր «Թող լռեն մահուան ճիչերը, բաւ է պատերազմ։ Թող կասեցուին զէնքերու արտադրութիւն ու վաճառականութիւնը, որովհետեւ մենք կարիքը ունինք հացի եւ ոչ թէ զէնքերու»

Սրբազան Պապը հուսկ Մայիս ամսուայ աւարտին Սուրբ Կոյս Մարիամին նուիրուած ամսուայ եզրափակիչ սուրբ վարդարանի աղօթքին ընթացքին Տիրամօր նուիրած աղերսին մէջ եւս խնդրանք ներկայացուցած էր.

«Օգնէ' Ազգերու ղեկավարներուն,  որպէսզի գործեն  իմաստութեամբ, հոգածութեամբ եւ վեհանձնութեամբ՝  սատարելով անոնց, որոնց  ապրուստին անհրաժեշտը կը պակսի, եւ ծրագրելով ընկերային ու տնտեսական լուծումներ, ամենայն հեռատեսութեամբ ու զօրակցութեան հոգիով։

Ամենասուրբ Կոյս Մարիամ, խիղճերը հպէ', որպէսզի սպառազինութիւնը բազմացնելու եւ կատարելագործելու յատկացուած մեծածախս գումարները գործածուին ի նպաստ պատշաճ ուսումնասիրութիւններուն  զարգացման՝ որպէսզի ապագային, նման աղէտներուն առաջքն առնուի»:

Այլ առիթներով Սրբազան Քահանայապետը դատապարտած էր «կեղծաւորութիւնը», «մեղքը», այն երկիներու պատասխանատուներուն, որոնք խաղաղութեան մասին կը խօսին, մինչ զէնքեր կը վաճառեն պատերազմներ իրականացնելու համար։

Խօսքեր զոր ան կրկնեց՝ համաճարակէն առաջ՝ Թայլընտ եւ Ճափոն կատարած առաքելական ճամբորդութեան աւարտին, «Նակազաքիի եւ Հիրոշիմայի մէջ աղօթեցի եւ վերահաստատեցի իմ վճռակամ դատապարտումս հիւլէական զէնքերու եւ  կեղծաւորութեան՝ խօսելու խաղաղութեան մասին մինչ կը շարունակուին ռազմական սարքեր կառուցել և վաճառել»:

Աշխարհի մէջ սովի եւ աղքատութեան նուազեցման ի սպաս գործող Oxfam ընկերակցութեան 2019-ի տեղեկագրի համաձայն 2019-ին համաշխարհային գետնի վրայ ռազմական ծախսերը հասան գրեթէ երկու հարիւր հազար միլիոն տոլարի եւ ներկայիս կան երկու միլիառ մարդ անհատներ՝ որոնք կը գտնուին Պատերազմի երկիրներու մէջ ուժասպառ՝ բռնութիւններէ, հալածանքներէ, սովէ եւ այժմ նաեւ համաճարակին ներկայացուցած ճգնաժամէն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/07/2020, 08:24