Որոնել

Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին 

COP26-ը պէտք է հաստատէ բազմակողմնութեան և գործողութիւններու կենտրոնականութիւնը։

30 հազարէ աւելի պատուիրակներ վաղուընէ սկսեալ եւ մինչեւ 12 նոյեմբեր Սքովտիայի Կլազկով քաղաքին մէջ պիտի համախմբուին Կլիմայական փոփոխութիւններուն հայող ՄԱԿ-ի 26րդ վեհաժողովին առթիւ։ «Մենք ունինք ընթացքը փոխելու համար միջոցներն ու երկնամիջոցակէտը» կը հաստատէ Վատիկանի Պետքարտուղարը։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Աշխարհի զանազան վայրերէն 30 հազարէ աւելի պատուիրակներ վաղուընէ սկսեալ եւ մինչեւ 12 նոյեմբեր Սքովտիայի Կլազկով քաղաքին մէջ պիտի համախմբուին Կլիմայական փոփոխութիւններուն հայող ՄԱԿ-ի 26րդ վեհաժողովին առթիւ։ Այս պիտի հանդիսանայ Միացեալ Թագաւորութեան հիւրընկալած միջազգային ամենամեծ վեհաժողովը, որուն պիտի մասնակցին համաշխարհային 200 Ղեկավարներ, կլիմայական հարցերու մասնագէտներ ու բնապահպանութեան ի նպաստ գործիչներ, նպատակ ունենալով թարմացնել արտանետումներու նուազեցման ծրագիրները՝ պայքարելու համար մոլորակի ջերմութեան աստիճանի բարձրացման մակարդակի դէմ։

Վատիկանը իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Պետքարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի գլխաւորած մէկ պատուիրակութեամբ։

Վեհաժողովի նախօրէին Սուրբ Աթոռի թիւ մէկ դիւանագէտը Վատիկան Նիուզի հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին բացատրեց, թէ Վատիկանը հաւաքին կը մասնակցի այն յոյսով որ COP26 կարողանայ իրապէս վերահաստատել բազմակողմնութեան և գործողութիւններու կենտրոնականութիւնը, նաեւ ոչ պետական դերակատարներու շնորհիւ։

Կ՛ապրինք մեր պատմութեան նշանակալի պահ մը

«Հաշիւի առնելով առաջընթացի դանդաղ ընթացքը, Կլազկովի համաժողովի կարևորութիւնը նշանակալի է, քանի` որ անոր միջոցաւ հնարաւոր պիտի ըլլայ չափել և խթանել առանձին պետութիւններու հաւաքական կամքը և յաւակնութիւններու մակարդակը» ըսաւ ի մէջ այլոց Կարդինալ Փարոլինը ընդգծելով, թէ «կ՛ապրինք մեր պատմութեան նշանակալի պահ մը» ու թէ «Քովիտ 19ի ու կլիմայական փոփոխութիւններուն դէմ պատասխանները կարող են իսկապէս հետեւութիւնը ըլլալ Ֆրանչիսկոս Պապին «Գովեալ ըլլաս» շրջաբերականին մէջ արտայայտած ցանկութեան. «Մինչ յետ-արդիւնաբերական շրջանի մարդկութիւնը պիտի յիշուի որպէս պատմութեան մէջ ամենէ անպատասխանատուներէն մէկը, պէտք է յուսալ որ 21-րդ դարասկիզբի մարդկութիւնը յիշուի իր ծանր պարտականութիւնները մեծահոգաբար ստանձնած ըլլալուն համար»:

Որպէս կեդրոն ընտրել մարդկային արժանապատուութիւնը

«Այս կը նշանակէ քաղաքակրթութեան մարտահրաւէր ի նպաստ հասարակաց բարիքին ու հեռանկարի մը փոփոխութեան որ որեւէ գործունէութեան որպէս կեդրոն ընտրէ մարդկային արժանապատուութիւնը» ըսաւ Կարդինալ Փարոլինը, դիտել տալով. թէ համընդհանուր երեւոյթներ ինչպէս են համավարակը եւ կլիմայական փոփոխութիւնները միշտ աւելիով ի յայտ կը դնեն Ֆրանչիսկոս Պապէն պահանջուած «ուղղութեան փոփոխութիւնը», որ հիմնուած է այն գիտակցութեան վրայ, թէ «պէտք ենք բոլորս միասին աշխատինք ամրապնդելու համար դաշինքը որ կայ ընդմէջ մարդ արարածին եւ բնական միջավայրին», յատուկ ուշադրութիւն դարձնելով աւելիով դիւրաբեկներուն։

 

COP26 վեհաժողովէն յստակ միասնական պատասխան

 

Խօսելով ապա համապարփակ բնապահպանութեան մասին, Կարդինալ Փարոլինը հաստատեց թէ «խաղաղութիւնը, արդարութիւնը եւ արարչագործութեան պաշտպանութիւնը երեք իրար հետ կապուած հարցեր են, որ կարելի չէ իրարմէ բաժնել կամ առանձին դիմագրաւել»։

«Ասոր համար կարեւոր է` որ COP26 վեհաժողովէն դուրս գայ յստակ միասնական պատասխան, օգնելու համար աւելիով դիւրաբեկներուն, որպէսզի կարողանան դիմագրաւել ու յաղթահարել բնապահպանութեան վատթարացումէն յառաջ եկած աւերները» յայտնեց ի մէջ այլոց Կարդինալ Փարոլինը

Կարելի չէ գործել առանձին, հիմնական է իւրաքանչիւրի յանձնառումը

Ան ապա ակնարկեց անցեալ 4 հոկտեմբերին բնապահպանութեան նուիրուած Վատիկանի մէջ կայացած հաւաքին ու այդ հաւաքէն դուրս եկած Կոչին, որուն մէջ Սրբազան Պապը ի յայտ կը դնէ դէպի իրարկախուածութեան եւ բաժնեկցութեան սեւեռած հայեցաք որդեգրելու կարեւորութիւնը։

«Կարելի չէ գործել առանձին, այլ հիմնական է իւրաքանչիւրի յանձնառումը ուրիշներու եւ բնութեան խնամքին համար, որ մղէ այնքան հրատապ ընթացքի փոփոխութեան։ Յանձնառում` որ պէտք է յարատեւ կերպով սնունդ քաղէ «սիրոյ շարժիչ ուժէն», հակազդելու համար «մնացորդացի մշակոյթը։

Մնացորդացի մշակոյթէն անցնիլ խնամքի մշակոյթին

«Հարկաւոր է ըսաւ Սուրբ Աթոռի ներկայացուցիչը, մնացորդացի մշակոյթէն անցնիլ խնամքի մշակոյթին»։ Միայն այդպէսով է. որ կարելի է արդիւնաւէտ դարձնել Փարիզի Համաձայնագրի պարունակութիւնը։

Հարցազրոյցի աւարտին Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղարը ակնարկեց միջազգային գիտական կազմակերպութիւններու մտահոգութեան` հայող կլիմայական փոփոխութիւններուն ու այդ ուղղութեամբ առնուելիք քայլերու դանդաղութեան ու դժուարութիւններուն։

«Այդ ընթացքի փոփոխութիւնը պէտք է ներգրաւէ բոլորը, ոչ մէկը կարող է ետ մնալ կամ խուսափիլ խիղճով ներգրաւուելու այսպիսի ծանր ու մեծ մարտահրաւէրի դիմաց» ըսաւ Ան մէջբերելով վերոնշեալ Կոչին խօսքերը. «Մենք ժառանգեցինք պարտէզ մը, մեր զաւակներուն անապատ մը պէտք չէ թողունք»։ Ուստի ըսաւ Կարդինալ Փարոլինը COP26 կարեւոր պահ մըն է գործնականին մէջ վերահաստատելու համար այս իղձերուն իրականացման ձեւերը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/10/2021, 14:30