Որոնել

Կարդինալ Չեռնի. «Միասին քալել», Ֆրանչիսկոս Պապին Քանատա կատարած ճամբորդութեան հրաւէրը։

Կարդինալ Չեռնի ամենէն շատ տպաւորուած է Նորին Սրբութեան ուրիշին հետ քալելէն, երբ քահանայապետը դժուարութիւն ունէր քալելու։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Սուրբ Աթոռի Մարդկային Համապարփակ Զարգացումի Ծառայութեան  Վերատեսչութեան վերատեսուչ` կարդինալ Միքաէլ Չեռնի, Վատիկան Նիուզի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին անդրադարձաւ Ֆրանչիսկոս Պապին Քանատա կատարած առաքելական ճամբորդութեան ներկայացնելով իր տպաւորութիւնները։

Կարդինալ Չեռնի յայտնեց, թէ Ֆրանչիսկոս Պապին Քանատա կատարած առաքելական ճամբորդութիւնը ապաշխարութեան ուխտագնացութիւն մըն է, որ ունի որպէս բնաբան «միասին քալել», եւ ասկէ մեկնելով նկատել տուաւ որ ինք ամենէն շատ տպաւորուած է Նորին Սրբութեան ուրիշին հետ քալելու իրողութենէն, երբ ան դժուարութիւն ունէր քալելու։

Մարդկային Համապարփակ Զարգացումի Ծառայութեան  Վերատեսչութեան վերատեսուչ` նշեց թէ Իրեն համար յատկանշական եղան նաեւ ունկնդրութեան պահերը, «65-70-80 տարեկան վերապրածներու կատարած ժեստերը ու բաժնեկցութեան արտայայտութիւնները», որպէս  օրինակ ներկայացնելով բնիկ ժողովուրդներու պատկան այն կինը, որ Հայր մեր Տէրունական աղօթքը կատարեց Ֆրանչիսկոս Պապին հետ, ըսելով «ներէ մեր մեղքերը ինչպէս մենք կը ներենք անոնց` որոնք մեր դէմ մեղանչեցին»։

Կարդինալ Չեռնի հուսկ  նշեց, թէ ինք տպաւորուած է նաեւ բնիկ ժողովուրդներուն գեղեցիկ երգերէն, այն երգերը, որոնք դժուարութեամբ մաս կազմեցին քանատայի մշակոյթին։ «Ասիկա ժեսթ մըն է միասին քալելու, դանդաղօրէն քալելու տասնեակ տարիներու ընթացքին, դարերու հոլովոյթին մինչեւ որ հասնինք բոլորը յարգող նոր մշակոյթի մը» ըսաւ Ծիրանաւորը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/07/2022, 11:55