Որոնել

Կարդինալ Փարոլին Կարդինալ Փարոլին 

Եկեղեցի-Պետութիւն համաձայնագիրերու ստորագրումը Քոնկոյի մէջ

Քինշասայի մէջ ստորագրուած հինգ համաձայնագիրերը սահմանած են Եկեղեցւոյ իրաւական կարգավիճակը՝ կրթական, առողջապահական, ֆինանսական, հովուական, ընկերային ոլորտներէն ներս:

Մարիամ Երեմեան – Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

2 Յուլիս 2022-ը Քոնկոյի Ժողովրդավարական Հանրապետութեան համար «պատմական օր» դարձած է. Քոնկոյի Եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի և Կառավարութեան միջև Քինշասայի մէջ ստորագրուած են յատուկ համաձայնագիրեր համաձայն որոնց ճանչուած է Եկեղեցւոյ բնոյթը, որ մինչ օրս գրանցուած էր որպէս շահ չհետապնդող ընկերութիւն:

Պաշտօնական արարողութիւնը կայացած է Սուրբ Աթոռի Պետական քարտուղար Փիեթրօ Փարոլինի ներկայութեամբ՝ վարչապետ Ժան-Միշէլ Սամա Լուքոնտէին հետ առանձնազրոյցէն անմիջապէս յետոյ։

«Համաձայնագիրը կ’ամրապնդէ դարեր շարունակ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ և այս Երկրի քաղաքական իշխանութիւններու միջև գործ ընկերութիւնը՝ ի սպաս ողջ բնակչութեան», ընդգծած է Վատիկանի պետքարտուղարը արարողութեան ընթացքին, ապա շարունակած, որ «Եկեղեցւոյ շահը քաղաքացիական իշխանութիւններու հետ յարաբերութիւններու մէջ, ըստ էութեան, ուղղուած է յանուն բոլոր անձերու մարդկային համապարփակ զարգացումին՝ առանց էթնիկական կամ կրօնական տարբերութիւններու, և առաջին հերթին՝ ի օգուտ ամենէ աղքատներու և ամենէ կարիքաւորներու համագործակցութեանը»:

Սուրբ Աթոռի եւ Քոնկոյի Ժողովրդավարական հանրապետութեան միջեւ 2016-ի համաձայնագիրը

Քոնկոյի Արտաքին գործոց, Առողջապահութեան, Արդարադատութեան, Ֆինանսներու, Բարձրագոյն կրթութեան և համալսարաններու, Ներքին գործոց նախարարներու և Եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի նախագահ Գերապայծառ Մարսել Ութեմպի Թափայի կողմէ 2 Յուլիսին ստորագրուած համաձայնագիրերով կ’իրագործուէ դեռևս 20 Մայիս 2016ին, Վատիկանի առաքելական պալատին մէջ Սուրբ Աթոռի եւ Քոնկոյի Ժողովրդավարական Հանրապետութեան միջեւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ունեցող հարցերու շուրջ համաձայնագիրը:

Համաձայնագիրը, որ ստորագրած էին Սուրբ Աթոռի Պետութիւններու հետ յարաբերութեանց քարտուղար` Գերապայծառ Փոլ Ռիչարտ Կալլակեր եւ Քոնկոյի արտգործ նախարար` Ռայմոնտ Թշիպանտա Ն՛Թունկամուլոնկօ, կը սահմանէր Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ իրաւական վիճակը Քոնկոյի մէջ՝ անոր քաղաքացիական և անկախ ու ազատ առաքելական գործունէութեան և իրաւասութեան ներքոյ գտնուող հարցերու կարգաւորման շրջանակէն ներս:

Համագործակցութեան ոլորտները

Վերը նշուած 2016ի համաձայնագիրը վաւերացուած էր 2019ին, մինչ ուժի մէջ մտած էր 2020ին, սակայն երբեք ամբողջութեամբ կիրառում չէր ստացած։

Անցեալ տարուայ Յունիսին վարչապետ Սամա Լուքոնտէի հրամանագիրը պահանջած էր անոր իրագործումը և, հետևաբար, Եկեղեցին որպէս իրաւաբանական անձ ճանաչումը:

Ամիսներ տեւած բանակցութիւններէն ետք այդ նպատակով ստեղծուած խառը յանձնաժողովի կողմէ կազմուած են հինգ յատուկ համաձայնագիրեր՝ նպատակ ունենալով կարգաւորել.

·    դպրոցներու մէջ կրօնի ուսուցումը

·    կաթողիկէ կրթական հաստատութիւններու մէջ կրթութիւնը

·    Եկեղեցւոյ օժանդակող-բարեսիրական գործունէութիւնը:

·    բանտերու և հիւանդանոցներու մէջ հովուական խնամքը,

·    ունեցուածքի կառավարումը և հակային դաշտը

Կարդինալ Փարոլինը այդ համաձայնագիրերու ստորագրումը համարած է

«Եկեղեցւոյ՝ քաղաքացիական իշխանութիւններու հետ նոր, աւելի խաղաղ և արդիւնաւէտ համագործակցութեան հիմնաքար»:

Քինշասայի Արքեպիսկոպոս կարդինալ Ֆրիտոլին Ամպոնկօ Պեսունկուն, իր հերթին նշած է, որ «Քոնկոյի եկեղեցւոյ համար պատմական օր է», որուն սպասած են «աւելի քան վեց տարի»:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/07/2022, 12:13