Որոնել

Գերապայծառ Կապրիէլ Քաչիա Գերապայծառ Կապրիէլ Քաչիա 

Սուրբ Աթոռ. «Ոչ ադոմական կեդրոններուն դէմ յարձակումներուն»։

Սուրբ Աթոռի պատուիրակութիւնը գլխաւորող, արքեպիսկոպոս Կապրիէլ Քաչիայի ելոյթը ՄԱԿ-ի համաժողովին։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

1էն-26 օգոստոսին, Նիւ Եորքի մէջ կը գումարուի միջուկային զէնքի չտարածման պայմանագիրի վերանայման նպատակով ՄԱԿ-ի համաժողովը։
Այս առթիւ ելոյթ ունեցողներու շարքին զրուցեց նաեւ Սուրբ Աթոռի պատուիրակութիւնը գլխաւորող, արքեպիսկոպոս Կապրիլէ Քաչիա։

Ելոյթին մէջ գերապայծառ Քաչիա շեշտեց, թէ միջուկային ուժանիւթը, բժշկութիւնն ու որոնումի կառոյցները պէտք չեն երբեք թիրախաւորուիլ պատերազմի ժամանակ, որովհետեւ այդ կառոյցները կրնան աղտոտ ռումբերու վերածուիլ, կործանելով տեղական հասարակութիւններն ու միջավայրը, ինչպէս նաեւ ներկայ ու ապագայ սերունդները

Գերապայծառ Քաչիա յայտնեց, թէ Սուրբ Աթոռը կը յիշէ Ճընեւի համաձայնութիւնը որ կ՝արգիլէ ադոմական կեդրոններու դէմ յարձակումները ու կը յորդորէ պաշտպանել քաղաքացիական կառոյցները՝ միջազգային օրակարգին մէջ, ներառեալ ադոմական կառոյցներու պաշտպանութիւնը։

Ի վերջոյ Նիւ Եորքի ՄԱԿ-ի կեդրոնատեղիին մէջ Սուրբ Աթոռին ներկայացուցիչը յորդորեց վերականգնել միջուկային արկածներէն տուժած միջավայրերը, ու օգնել ներգրաւուած բնակչութեան։ Ապա Սուրբ Աթոռին անունով ողջունեց Ղազախստանի մէջ AIEA դրամատան բացումը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/08/2022, 11:32