Որոնել

_ERH8441.jpg

Ռուֆֆինի. Հաղորդակցելու համար միայն կապը բաւարար չէ

Այս տարի Սէուլի մէջ կայացած «Signis»ի Համաշխարհային Համագումարին ելոյթ ունեցաւ նաեւ Վատիկանի Հաղորդակցութեան Վերատեսչութեան Վերատեսուչ` Փաոլօ Ռուֆֆինի. «Միայն սիրոյ վրայ հիմնուած կապը երջանիկ կը դարձնէ»։

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Կան բաներ զոր արհեստագիտութիւնը չի կրնար փոխարինել. «օրինակ ազատութիւնը, անհատներու միջեւ հանդիպումի հրաշքը, անսպասելիին դիմաց զարմանքը, ապաշխարութիւնը, հնարամտութեան բոցը, ձրի սէրը»։ Հաստատումն է սա, զոր կատարեց Տիար Փաոլօ Ռուֆֆինին, Վատիկանի Հաղորդակցութեան Վերատեսչութեան Վերատեսուչը` ելոյթ ունենալով կաթողիկէ ցանց «Signis»ի համաշխարհային համագումարին, որուն կեդրոնական նիւթն է «Խաղաղութիւնը թուային աշխարհին մէջ» եւ որ կազմակերպուած է Սէուլ քաղաքին մէջ` 15էն մինչեւ 18 օգոստոս։

Չափէն աւելի իրար կապուած բայց նաեւ միայնակ

Վատիկանի Հաղորդակցութեան Վերատեսչութեան Վերատեսուչը յիշեցուց, թէ արհեստագիտութիւնը, որ պտուղն է մարդկային հանճարին, այսօր մեզի թոյլ կու տայ իրականացնել բաներ, զոր մի քանի տասնեակ տարիներ առաջ անկարելի կը թուային, ինչպէս հերակապ համաժողովները, կամ հերակապ բժշկութիւնը եւայլն... թէեւ, նկատել տուաւ Ան, «մեր ժամանակուայ յարակարծութիւնը այն է թէ «չափէն աւելի շփումի ու կապուածութեան մէջ ենք ու նաեւ միայնակ»։

Հաղորդակցութիւնն ու առանձնութիւնը

«Հարցը արդարեւ ճիշտ այստեղ է` երբ կայ միայն կապ եւ ոչ հաղորդակցութիւն։ Հարկ է առ այդ խղճի քննութիւն մը կատարել` ըլլայ անհատական ըլլայ հասարակական գետնի վրայ, ապա պատասխան տալ որոշ հարցումներուն, զոր օրինակ. ի՞նչ կը պակսի մեր հաղորդակցութեան լիացնելու համար մեր առանձնութիւնը», ըսաւ ի միջի այլոց Ռուֆֆինին ակնարկելով Ֆրանչիսկոս Պապին 2014 թւականին Քորէայի Հանրապետութեան Սոլոմէի սրբավայրին մէջ երիտասարդներուն հետ ունեցած հանդիպումին առիթով տուած մէկ պատասխանին. «Երջանկութիւնը հնարաւոր չէ գնել...իսկ եթէ դուն գնես երջանկութիւնը ապա կ՛անդրադառնաս, որ այդ երջանկութիւնը գոյութիւն չունի...գնուած երջանկութիւնները երկար չի տեւեր։ Միայն սիրոյ երջանկութիւնը տեւական է»։ Ասկէ մեկնելով Վատիկանի Հաղորդակցութեան Վերատեսչութեան Վերատեսուչը դիտել տուաւ, որ «սպառողականութիւնը աւելի խոր և երկարատև երջանկութիւնը կը փոխանակէ կարճ ժամկէտով բաւարարուածութեամբ»։

Միայն սիրոյ վրայ հիմնուած կապը երջանիկ կը դարձնէ 

«Մենք կը գիտակցինք թէ պարզապէս սպառողներ չենք։ Եւ ոչ ալ սպառուող առարկաներ։ Մենք շատ լաւ գիտենք, որ միայն սիրոյ վրայ հիմնուած կապ մը կարող է մեզ նուազ միայնակ դարձնել ու կարող է երկարատեւ ըլլալ ու մեզ երջանիկ դարձնել» հաստատեց հուսկ Տիար Ռուֆֆինին, սէրը նկատելով հիմքը որեւէ մէկ հաղորդակցութեան... սիրոյ կարիքը զգալը, սիրելը եւ սիրուիլը։

Ան ապա աւելցուց. «Արհեստագիտութեան մարտահրաւէրին արձագանքելու միակ միջոցը, զայն որպէս կուռք չմտածելն է: Բայց նաև սատանայական չի համարելը։ Չհաւատալ, որ անոր վստահուած է մարդկութեան փրկութեան գործը: Բայց նաև չմտածել, որ մարդուն կործանումը անորմէ կախուած է»:

Ընկերային ցանցերու վտանգները

Ռուֆֆինի ակնարկեց հուսկ ընկերային ցանցերու իրականութեան, որոնք ինչպէս գրած էր Սրբազան Պապը` Ընկերային Հաղորդամիջոցներու համաշխարհային 53րդ օրուան առիթով, հոմանիշը դարձած են հասարակութեան։ «Շատ անգամ անոնց ինքնութիւնը կը հիմնուի միւսին հանդէպ ընդդիմութեան վրայ, անոր, որ մաս չի կազմեր խումբին։ Շատ անգամ այդ հաղորդակցութիւնը կը հիմնուի այն բաներուՆ վրայ, զոր կը բաժնեն փոխանակ միացնող իրականութիւններուն վրայ։ Ան դարձած է պատուհան մը աշխարհի վրայ, ուր դրսևորել սեփական ինքնահաճութիւնը» նշեց Ռուֆֆինին։

Նոր ուղիներ նոր հաղորդակցութեան մը ի նպաստ

«Բարի լրագրութեան մարտահրաւէրն է` որոնել նոր ուղիներ նոր հաղորդակցութեան մը ի նպաստ` կեդրոնանալով երկխօսութեան վրայ, քան գաղափարներու շուկայական առուտուրին վրայ, բանականութեան՝ որպէս բարոյական կարգ, ու ոչ թէ ամբոխի մոլեռանդ բարոյախօսութեան վրայ» հաստատեց հուսկ Վատիկանի Հաղորդակցութեան Վերատեսչութեան կառավարիչը յորդորելով այս ծիրէն ներս ըլլալ «ստեղծագործ»։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/08/2022, 07:00