Որոնել

Բացուած է 2025 թուականի յոբելինական Սուրբ Տարուան քայլերգին երաժշտութեան ստեղծագործութեան մրցումը։

Միջազգային մրցոյթի մասնակցութիւնը անվճար է, որուն մասին կարելի է տեղեկութիւններ ստանալ www.iubilaeum2025.va/it/inno.html կայքէն։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Աշխարհի բոլոր երաժիշտներուն առջեւ բացուած է միջազգային մրցում մը՝ կազմակերպուած Աւետարանումի վերատեսչութեան կողմէ, ստեղծելու համար 2025 թուականին յոբելինական Սուրբ Տարուան քայլերգի երաժշտութիւնը, որուն խօսքերը պատրաստած է Իտալերէն լեզուով Տիար Փիերանժելօ Սէքուէրին։

Աշխարհի մէջ աւետարանումի հիմնական հարցերու վերաբերող Աւետարանումի վերատեսչութեան բաժանմունքը, որուն Ֆրանչիսկոս Պապ յանձնած է յոբելինական Սուրբ Տարուան կազմակերպութիւնը, խնդրած է ստեղծել քայլերգ մը, որ գիտէ արտայայտել ձեռնարկին ինքնութիւնը։

Աւետարանումի վերատեսչութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ ընտրուած յոբելինական Սուրբ Տարուան «յոյսի ուխտաւորները» բնաբանը կրնայ ուղղորդել աշխարհի բոլոր ցամաքամասերու երաժիշտները՝ ստեղծելու համար քայլերգ մը, որ կրնայ համադրել յոբելինական Սուրբ Տարուան յատուկ նիւթը։

«Յոբելինական Սուրբ Տարուան քայլերգը կը բնորոշէ հաւատքի կեանքը, որ ուխտագնացութիւն մըն է՝ յարուցեալ Տիրոջ լոյսին ներքոյ։ Այս առնչութեամբ կարեւոր օրինակներ են Սուրբ գիրքի սաղմոսները. Իսրայէլի ժողովուրդին աղօթքները գրուած են երգելու համար եւ երգին մէջ Տիրոջ առջեւ կը ներկայացնեն մարդկային իրադարձութիւնները»։ Նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Յայտնենք, թէ միջազգային մրցոյթի մասնակցութիւնը անվճար է, որուն մասին կարելի է տեղեկութիւններ ստանալ www.iubilaeum2025.va/it/inno.html կայքէն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/09/2022, 10:52