Որոնել

Կարդինալ Փարոլին եւ գերապայծառ Մարք Պէթցինկ Կարդինալ Փարոլին եւ գերապայծառ Մարք Պէթցինկ 

Սինոդական ուղեւորութիւն, գերմանիոյ եպիսկոպոսներու եւ սուրբ Աթոռի վերատեսութիւններու վարիչներու միջեւ հանդիպում

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հաղորդագրութիւնը Գերմանիոյ մէջ սինոդական ուղեւորութեան վերաբերեալ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Ուրբաթ, 18 նոյեմբերին, Հռոմի Աուկուսթինանում դահլիճէն ներս գումարուեցաւ ժողով մը մասնակցութեամբ Հռոմի Քուրիայի կարգ մը վերատեսչութիւններու պատասխանատուներուն ու Գերմանիոյ մէջ կաթողիկէ եկեղեցւոյ 62 եպիսկոպոսներուն, որոնք Հռոմ եկած են իրենց կանոնական հնգամեայ այցելութիւնը կատարելու Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։

Այս առնչութեամբ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակին կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի թէ ժամանակէ ի վեր կազմակերպուած վերոյիշեալ ժողովը ծրագրուած էր, որպէս հնարաւորութիւն միասնաբար խորհրդածելու համար Գերմանիոյ մէջ եպիսկոպոսական սինոդականութեան ուղիին մասին, որ գումարուած է եկեղեցականներու կողմէ՝ անչափահասներուն նկատմամբ սեռային ոտնձգութիւններու դէպքերուն արձագանքելու համար։

Վատիկանի պետական քարտուղար, կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին ժողովին բացման առթիւ արտասանած խօսքին մէջ յիշեց սիրոյ եւ հաղորդութեան կապը, որ կը միաւորէ եպիսկոպոսները իրենց եւ Սուրբ Պետրոսի յաջորդին միջեւ , ընդգծելով սոյն հանդիպումի կարեւորութիւնը տարբերութիւններու միջեւ որպէս բաժնեկցութեան, շնորհքի պահ մը։ Ծիրանաւորը անդրադարձաւ նաեւ սինոդական ուղիէն առաջացած մտահոգութիւններուն մատնանշելով եկեղեցւոյ եւ ոչ եկեղեցւոյ բարեփոխումներուն վտանգը։

Գերմանիոյ կաթողիկէ եպիսկոպոսներուն հանդիպումի եզրափակիչ խօսքին մէջ կարդինալ Փարոլին իր երախտագիտութիւն յայտնեց, ոչ պաշտօնական, այլ անհրաժեշտ եւ կառուցողական քննարկման համար, որ չէ կարելի անտեսել ընթացող գործընթացներուն մէջ։

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հաղորդագրութեան աւարտին կը նշուի թէ հաւաքի աւարտին եպիսկոպոսներն ու սուրբ Աթոռի կարգ մը վերատեսչութիւններու պատասխանատուները համաձայնած են յառաջիկայ ամիսներուն լսելու եւ փոխադարձ երկխօսութիւնը շարունակելու անհրաժեշտութեան շուրջ, նպաստելու համար գերմանիոյ սինոդական եւ տիեզերական եկեղեցւոյ սինոդի ուղեւորութեան։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/11/2022, 09:51