Որոնել

Սուրբ Երկիր Սուրբ Երկիր 

Բոլորս հրաւիրուած ենք զօրաւիգ կանգնելու սուրբ երկրի հասարակութեան

Արեւելեան եկեղեցիներուն վերատեսչութեան վերատեսուչին նամակը 2023 թուականին սուրբ երկրի ի նպաստ դրամահաւաքի առիթով։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Արեւելեան եկեղեցիներու վերատեսչութեան վերատեսուչ, գերապայծառ Քլաուտիօ Կուճերոթթի նամակ մը յղեց 2023 թուականի սուրբ երկրի ի նպաստ դրամահաւաքի կապակցութեամբ։

Նամակին մէջ արեւելեան եկեղեցիներուն վերատեսուչ նշած է, որ Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած երկրաշարժները զգացուեցան նաեւ Երուսաղեմի մէջ, ուր արձանագոուեան քանդումներ ու Սուիրոյ եւ Թուրքիոյ մէջ պատճառ դարձան տասնեակ հազարաւոր անձերու մահուան, այն «վայրերուն մէջ՝ ուր ծնաւ Քրիստոնէութիւնը, կրօնական, վանական աւանդութիւններով կամ աստուածաբանական դպրոցներով, որոնք սատարեցին Քրիստոսի խօսքը հասկացողութեան։

Նամակին մէջ գերապայծառ Կուճճերոթթի նշած է, որ երկարատեւ պատերազմը եւ վերջին երկրաշարժներու աւերուածութիւնները մէկ անգամ եւս բացայայտեցին անվտանգութիւններուն դիւրաբեկութիւնը, Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ մէջ Ֆրանչիսկեան միաբանութեան եւ այլ միաբանութիւններուն կրօնաւորներու եւ կրօնաւորուհիներուն տուները դարձան վրաններ՝ տեղահանուածներու համար, ընդհանուր առմամբ սուրբ երկրին մէջ յոյսի աղբիւրներ դարձան անչափահասներու հոգատարութեամբ, դպրոցական կազմաւորումով, դժուար կացութիւններու մատնուած կանանց ընկերացումով։

Աւագ ուրբաթ օրուայ դրամահաւաքը առատաձեռն դառնայ

Տիեզերական եկեղեցին եւ համայն մարդկութիւնը եւս իրենց ուշադրութիւնը դրսեւորեցին բնական աղէտին հետ կապուած արտակարգ իրավիճակին աջակցելու համար։Ֆրանչիսկոս Պապ հետեւելով իր նախորդներու հետքերուն այս տարի եւս Արեւելեան եկեղեցիներուն վերատեսչութեան յանձնեց պաշտօնը՝ վերակենդանացնելու հրաւէրը զօրաւիգ մնալու Սուրբ Երկրի քրիստոնեայ հասարակութեան հետ, ինչպէս կատարեց Ժողովուրդներու առաքեալը սուրբ Պօղոսը, երուսաղեմի եկեղեցւոյ համար սկսած դրամահաւաքով։

Գերապայծառ Կուճերոթթին նամակի մէջ նշեց, որ եկեղեցին տարածուեցաւ համայն աշխարհին մէջ առաքեալներու քարոզով եւ իւրաքանչիւրս իր մկրտութեամբ դարձաւ ժայռ՝ հրաւիրուած միանալու հիմքին հետ, որ մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոսն է, կառուցելու հոգեւորական կառոյց մը։

Գերապայծառ Քլաուտիօ Կուճերոթթի նամակը աւարտեց մաղթելով, որ աւագ ուրբաթ օրուայ դրամահաւաքը առատաձեռն դառնայ բոլորին կողմէ, ինչպէս Աւետարանին մէջ Յիսուսի կողմէ գովաբանուած պառաւ կնոջ շատ քիչ լումաները

«Ֆրանչիսկոս Պապին անունով շնորհակալութիւն կը յայտնեմ եպիսկոպոսներուն, ժողովրդապետութիւններուն, կրօնական, ժողովրդապետական բոլոր հասարակութիւններուն, ինչպէս նաեւ Սուրբ Երկրի գործակալներուն որոնք աշխարհի մէջ ամէն տեղ կ՝օգնեն իրականացնելու այս տարեկան ուխտագնացութիւնը դէպի քրիստոնէական գոյութեան աղբիւրներ»։ Գրուած է Սուրբ Երկրի ի նպաստ դրամահաւաքի առթիւ հրապարակուած նամակի մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/03/2023, 13:03